Լիբանահայութեան Կողմէ Հնչող Ահազանգը՝ Թէ Ի՞նչ Կացութեան Մատնուած է Գաղութը


Երկու օր առաջ, «Թորոնթոհայ»ի խմբագիր Կարին Սաղտըճեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան մանրամասնեց Լիբանանահայութեան ահազանգային վիճակը եւ հնչեցուց հետեւեալ կէտերը.

«Քորոնայի համաշխարհային տագնապը լիբանահայութիւնն ալ դրաւ նոր իրականութիւններու դէմ. ասոր գումարած երկրի տնտեսական տագնապը, ընկերային դժուարութիւնները, սուրիահայութեան ներկայութեան հարցը ստեղծեցին ահազանգային վիճակ եւ նոր առաջնահերթութիւններ, որոնց շարքը հետեւեալ ձեւով կրնամ թուել.

1- Անմիջական կերպով հասնիլ 4000-է աւելի կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։ Նախքան այս տագնապը, մեր ազգային կառոյցներուն մօտ արձանագրուած էին 400 անապահով ընտանիքներ, որոնք պարբերաբար օժանդակութիւն կը ստանային, իսկ այսօր անոնց նուազագոյն թիւը հասած է 4000 ընտանիքի, որոնք ապրելու եւ գոյատեւելու համար կը կարօտին մեր օժանդակութիւններուն։

2- Հասնիլ մեր վարժարաններու բազմահարիւր ուսուցիչներուն, որովհետեւ այս ճգնաժամին մեր ժողովուրդի զաւակները եւ անգործ մնացած ծնողները, բնականաբար, անգործ են եւ արժեզրկուած դրամանիշով մնացած` ի վիճակի չեն իրենց զաւակներու կրթաթոշակ յատկացնելու։ Այս կացութեան մէջ ամենէն ծանր հարուածը ստացած են մեր վարժարանները, որոնք պետական նպաստ չունենալով լքուած են ու ձգուած իրենց բախտին։  Հայկական բոլոր վարժարանները՝ ըլլան անոնք Ազգային, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Ճեմարան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան շարք մը այլ վարժարաններ՝ գերմարդկային ճիգերով կը տոկան։ 

3- Դեղորայքի եւ հիւանդանոցային պարագաներ ապահովել։

4- Ոտքի պահել մեր բոլոր ազգային հաստատութիւնները, որոնք այսօր անխտիր կը գտնուին նիւթական ցամքած աղբիւրներու դիմաց։ Անոնց դիմաց կեանքը բնականոն ձեւով կը շարունակուի եւ այդ ընթացիք ծախսերը կ’աւելնան եւ այս բոլորը հաստատութիւնները ունին իրենց պաշտօնեաները, որոնց պէտք է ապահովեն ամսականով։

Այս բոլորին կողքին, նիւթականին չափ կամ աւելի շատ կարեւոր է այն բարոյական կորովը եւ տոկունութիւնը, որոնք մենք պիտի ներշնչենք մեր ժողովուրդին` լիբանանահայութեան։  Հոս մեծ դեր ունին աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, Հայաստանը եւ Արցախը, որոնք իրենց աջակցութեամբ, նուիրատուութիւններով, մեծ ու փոքր գումարներով, բայց մանաւանդ իրենց բարոյական զօրակցութեամբ եւ մեր ազգի զաւակներուն կողքին ըլլալով թափ կու տան մեր աշխատանքներուն։ 

…կացութիւնը գաղութի մը կարելիութիւններէն վեր է, որովհետեւ եթէ 4000 ընտանիքի, միջին հաշիւով, $100-ի արժողութեամ սննդեղէն պիտի ապահովենք` ուրեմն սա կը նշանակէ ամսական դրութեամբ $400,000 գումարի անհրաժեշտութիւն, եթէ մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն յատկացնելիք ամսականներուն մասին, կը խօսինք՝ ուրեմն նուազագոյն $200,000, եթէ խօսինք մեր տարբեր հաստատութիւնները ոտքի պահելու մասին, ուրեմն կը խօսինք շուրջ $100, 000-ի մասին, այսինքն կը խօսինք ամսական $700,000-էն մէկ միլիոն ծախսի մասին, որուն շնորհիւ այս գաղութը ոտքի պիտի մնայ ու իր բնականոն կեանքը շարունակէ։ Այս մէկը իսկապէս հսկայ գումար է` նկատի ունենալով մեր գաղութին ներկայ պայմանները…

Լիբանահայութիւնը միշտ օգնած է  եւ ձեռք մեկնած է համայն հայութեան, սակայն հիմա ինքը կը գտնուի դժուար կացութեան մէջ եւ բոլորին կարիքը ունի։ 

Հաւատացէ՛ք, աշխատանքի կամքի պակասը կամ լուծումներ գտնելու հնարքը չէ, որ կը պակսի Լիբանահայութեան մօտ, այլ հարցը կը վերաբերի նիւթականին, որ գաղութի մը կարելիութիւններէն վեր է»։