Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն Թիւ 2


Սիրելի Հայրենակիցներ,

28 Մայիս 2020ին, մեկնարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան Գանատայի հանգանակային արշաւը, որով գանատահայութիւնը անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ձեռք երկարելու հոն, ուրկէ կու գայ օգնութեան կանչը: Նախորդ մեր հաղորդագրութեամբ, խոստացած էինք մեր համայնքը տեղեակ պահել յաջորդ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին:  Այսու, կը տեղեկացնենք, հետեւեալը՝

 

  • Հինգշաբթի 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-10:00ին, մասնակցինք Aid4Lebanon Թելեթոն-հանգանակութեան: Թելեթոնը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, հետեւեալ կայքերէն՝
    • com/Aid4Lebanon
    • ca/live-video/
  • Արդէն կը գործէ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի դիմատետրի էջը, ինչպէս նաեւ Instagram-ի aid4lebanon հաշիւը, ուր օրը օրին կրնաք հետեւիլ մեր աշխատանքներուն, լիբանանեան լուրերուն եւ Լիբանանի մեր կառոյցներու տարած աշխատանքներուն:
  • https://acc.akaraisin.com/Aid4Lebanon նուիրատուութեան առցանց կայքէջը առժամաբար դադրած է գործելէ: Շուտով պիտի հրապարակուի առցանց նոր հասցէ, ուր կարելի պիտի ըլլայ շարունակել ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններու փոխանցումը ու ստանալ տուրքէ զերծ ստացագրեր։
  • Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել վճարագիրով գրուած A.M.A.M-ին եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝

     C.A.M.A.M.

    3401 Rue Olivar-Asselin

    Montreal, QC

    H4J 1L5

Այլ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝

  • Մոնթրէալ (514) 887-6547
  • Լաւալ (514) 887-1890
  • Օթթաուա (819) 743-0386
  • Թորոնթօ (416) 315-7310
  • Վանգուվըր (778) 228-1233
  • Հարաւային Օնթարիօ (519) 241-1477

Կամ գրել  aid4lebanon@armenian.ca

Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ այս տեղեկութիւնները տեղադրեն իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան կոչը հասանելի դարձնել ամբողջ Գանատայի տարածքին: Անյապաղ սատար հանդիսանանք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Հասնի’նք անոնց:

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին