Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեանի Հետ Հարցազրոյց` «Զօրակցինք Լիբանահայութեան» Թելեթոնի Առիթով


Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տ-եան


ՀՅԴ ­Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն յա­տուկ կո­չով կը դի­մէ Գա­նա­տա­հա­յու­թեան, որ­պէս­զի ան զօ­րակ­ցի լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան` յաղ­թա­հա­րե­լու վեր­ջին շրջա­նի տագ­նա­պա­լի օ­րե­րու ծանր ի­րա­վի­ճա­կը: Ինչ­պէ՞ս ­յա­ռա­ջա­ցաւ Լի­բա­նա­հա­յու­թեան Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նը եւ ինչ­պէ­սի՞ քայ­լեր կը ձեռ­նար­կէ, որ­պէս­զի օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նէ սփիւռ­քի սիր­տը հան­դի­սա­ցող լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան: Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նի Ա­տե­նա­պետ Նո­րայր Պէր­պէ­րեա­նի հետ հար­ցազ­րոյց մը կա­յաց­նե­լով՝ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռինք լի­բա­նա­հա­յու­թեան մղձա­ւան­ջա­յին ի­րա­վի­ճա­կը եւ այդ խա­ւա­րէն փրկո­ւե­լու յար­մա­րա­ւէտ մի­ջոց­նե­րը:

 

Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նի Գո­յաց­ման Անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Մտա­հոգ էինք լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան տագ­նապ­նե­րով, ո­րոնք նախ­քան “քո­րո­նա” ժահ­րը ե­կած ու վատ կա­ցու­թեան մատ­նած էին Լի­բա­նա­նի հայ գա­ղու­թը: Լի­բա­նա­նը ար­դէն ներ­քա­ղա­քա­կան դժո­ւար մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դէմ կը գտնո­ւէր, Հոկ­տեմ­բե­րէն ի վեր ար­դէն ցոյ­ցեր տե­ղի կ­’ու­նե­նա­յին գրե­թէ ա­մէն օր եւ բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ, որ­պէս բո­ղոք Լի­բա­նա­նի վատ կա­ցու­թեան հա­մար: Այդ օ­րե­րուն Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն հարկ զգաց ստեղ­ծել Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մին` բաղ­կա­ցած քոյր միու­թիւն­նե­րէ եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ, որ­պէս­զի Դեկ­տեմ­բե­րին օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նէ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն եւ նիւ­թա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու են­թար­կո­ւող ըն­տա­նիք­նե­րուն: Այս ծանր կա­ցու­թե­նէն դուրս չե­լած` վրայ հա­սաւ “քո­րո­նա”ն, որ կրկնա­պատ­կեց լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ա­ռա­ւել եւս ան­գոր­ծու­թիւ­նը, սղա­ճը ու տնտե­սա­կան ան­կա­յուն վի­ճա­կը ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծե­ցին լի­բա­նա­նա­հայ մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն մօտ, ո­րոնք ի­րենց ա­ռօ­րեայ կեան­քի ըն­թաց­քին ի­րենց սե­փա­կան մոր­թին վրայ զգա­ցին ա­նոր դառ­նու­թիւ­նը եւ առ այ­սօր պայ­քար կը մղեն այս սար­սա­փե­լի դրու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար:

Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի Շտապ Օգ­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը` կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, սա­կայն երբ որ մենք լսե­ցինք ՀՅԴ ­Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նիի խօս­քը, ուր կը բա­ցատ­րէր լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ներ­կայ ա­նել կա­ցու­թիւ­նը եւ այդ ի­րա­վի­ճա­կը պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար` “Դա­նա­կը ոս­կո­րին հա­սած է” խօս­քը կ’ը­սէր եւ կոչ կ’ուղ­ղէր, որ սփիւռ­քը կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ օգ­տա­կար դառ­նայ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան, ուս­տի մենք ձեռ­նա­ծալ չէինք կրնար մնալ եւ սկսանք օգ­նու­թեան մի­ջոց­նե­րու մա­սին մտա­ծել եւ գո­յա­ցու­ցինք` Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան  Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նը:

Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան  Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նի Ծրա­գիր­ներն ու Նպա­տա­կա­կէ­տը

Ինչ­պէս մեր բո­լոր շրջան­նե­րը եւ գա­ղութ­նե­րը, նոյն­պէս ալ Գա­նա­տան միշտ ձեռք մեկ­նած եւ նե­ցուկ կանգ­նած է նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ ե­ղող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն` ըլ­լան ա­նոնք Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի կամ Սփիւռ­քի մէջ: Հե­տե­ւա­բար, Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն ըն­դա­ռա­ջեց Բագ­րա­տու­նիի ա­ռա­ջար­կին եւ կազ­մեց Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան  Օ­ժան­դա­կու­թեան Գա­նա­տա­յի Մար­մի­նը, որ բաղ­կա­ցած է մեր բո­լոր քոյր միու­թիւն­նե­րէն եւ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րէն` ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Հա­մազ­գա­յին, Ազգ. Վար­չու­թիւն, “Ար­մէն Գա­րօ” Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն, ԳԵՄ, Պա­տա­նե­կան Միու­թիւն. բո­լորս գոր­ծի լծո­ւե­ցանք եւ ա­ռա­ջին հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը իբ­րեւ կոչ` Մա­յիս 28-ին յղե­ցինք, եւ այդ օ­րէն ի վեր մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի աշ­խոյժ ձե­ւով ու մեծ թա­փով: Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը սկսան առ­ցանց (Online) եւ տա­կա­ւին կա­մե­ցող­նե­րը կրնան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րել. ան­շուշտ տուր­քէ զերծ ստա­ցա­գիր­ներ պի­տի տրո­ւի բո­լո­րին: Նախ­կին օ­րե­րուն online տրո­ւած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը ար­դէն տեղ հա­սան ու ծա­ռա­յե­ցին ի­րենց բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կին:

 

Թե­լե­թոն` Զօ­րակ­ցինք Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան

Երկ­րորդ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մըն ալ յղե­ցինք քա­նի մը օր ա­ռաջ: Յու­լիս 9-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-էն 10:00-ի մի­ջեւ` “Զօ­րակ­ցինք Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան” վեր­նա­գի­րով Թե­լե­թոն մը պի­տի կա­յաց­նենք, ո­րուն նպա­տա­կը ճոխ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով՝ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով գա­նա­տա­հայ նո­ւի­րա­տու­նե­րու հաս­նիլն է: Այս Թե­լե­թո­նի ըն­թաց­քին աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հայ եր­գիչ­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն ի­րենց եր­գե­րով. իսկ ծրագ­րին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նէն պի­տի հաս­նի ու իբ­րեւ կոչ տե­ղադ­րո­ւի այդ յայ­տագ­րին մէջ: Ան­շուշտ մենք դի­մա­տետ­րի էջ մըն ալ ու­նինք` facebook.com/Aid4Lebanon ա­նու­նով, ուր կրնան այ­ցե­լել գա­նա­տա­հա­յե­րը եւ նո­ւի­րա­տու­նե­րը եւ տա­րա­ծել հոն տեղ գտած կո­չե­րը: Գա­նա­տա­յի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ աշ­խա­տանք­ներ կը ծա­ւա­լենք այս ուղ­ղու­թեամբ, որ­պէս­զի հաս­նինք մեր նպա­տա­կին եւ լի­բա­նա­նա­հայ մեր քոյր եւ եղ­բայր­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեան: Լի­բա­նա­նը սփիւռ­քի բա­բա­խող սիր­տը կը հա­մա­րո­ւի եւ լաւ ե­ղած ժա­մա­նակ ա­նընդ­հատ օգ­նած եւ հա­սած է հա­յու­թեան` ըլ­լայ մար­դու­ժով, ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րով, ղե­կա­վար­նե­րով, նիւ­թա­կա­նով, մշա­կոյ­թով, ա­րո­ւես­տով, գրա­կա­նու­թեամբ… եւ ա­հա պա­հը հա­սած է, որ մենք ալ այս ճգնա­ժա­մի պա­հուն հաս­նինք լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան: Մեր բո­լոր գա­ղութ­ներն ալ ա­հա­զան­գի պա­հուն օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նած եւ հա­սած են ի­րա­րու, ո­րով­հե­տեւ միա­սին գոր­ծե­լով ու միաս­նա­բար աշ­խա­տե­լով եւ ի­րա­րու թեւ ու թի­կունք կանգ­նե­լով ա­ւե­լի հզօր սփիւռք, Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ կը դառ­նանք: Պա­հը հի­մա է, հե­տե­ւա­բար մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րենք եւ զօ­րակ­ցինք լի­բա­նա­հա­յու­թեան: