Լիբանանի Ճգնաժամային Կացութեան եւ Հայ Գաղութի Դիմագրաւած Բազում Դժուարութիւններուն Մասին Կը Զրուցենք «Վանայ Ձայն»ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Հետ


«Թորոնթոհայ»ի այսօրուան մեր հիւրին է Լիբանանահայ գաղութի պատասխանատուներէն, «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան։ Անոր հետ կը զրուցենք Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական աննախընթաց ճգնաժամին հետ կապուած վերջին զարգացումներուն, լիբանանահայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն եւ գանատահայութեան կողմէ կազմակերպուելիք «Գանատահայութիւնը Լիբանանահայութեան կողքին» հանգանակային արշաւին մասին։