Լիզպոնի Տղոց «Հեքիաթ»ը (27 Յուլիս 1983)


Համբիկ Պիլալեան

Կար ու չկար…

Այսպէս կը սկսէին, աւանդաբար, հեքիաթներու աշխարհի պատումները: Այս հրաշալի պատումները ունէին դաստիարակիչ բնոյթ: Անոնք ազդու էին իրենց պարփակած նիւթով, գեղեցիկ` ընդգրկած պատկերներով եւ հմայիչ` երեւակայական թռիչքով:

Բախտաւոր են եղած այն մատղաշ սերունդները, որոնք հասակ են առած տարաբնոյթ հեքիաթներու աշխարհին ծանօթանալով:  Աւելի՛ն. անոնք եղած են ստեղծարար, ընդունակ, ազնիւ, գիտակից եւ յանձնառու անհատներ: Այլապէս ալ անոնք իրենց անմիջական շրջապատէն զատորոշուած են իրենց վառ երեւակայութեամբ, հոգեկան ու մտային աշխարհի առաւել հասունացմամբ, կամքի լարումով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ մայրեր իրենց նորածին զաւակներու սնարին մօտ են պահած հեքիաթներ բովանդակող գիրքեր եւ ամէն երեկոյ լոյսին են բերած պատում մը, անով սնուցած եւ ոգեշնչած իրենց զաւկին հոգեմտային աշխարհը:

Իրօք, մարդկային մտքի ու փորձառական կեանքի համադրումը եղած են հեքիաթները, որոնց առանցքը տուեալ հաւաքականութեան, ազգի թէ ժողովուրդի հերոսական պատմութիւնն է ընդգրկած: Պատմութիւն, որուն հիմքը մարդկային արժանիքներու եւ որակական յատկութիւններու հանդիսավայրն է եղած ըստ ամենայնի:

Եւ ահա, այդ պատումներու շարքին պէտք է դասել «հեքիաթ» մը, որուն հերոսները եղած են հինգ ազնուարիւն տղաներ: Անոնք` այդ հրաշալի տղաները շնորհիւ իրենց կատարած սխրանքին, նուիրումին եւ ազգային բարձր գիտակցութեան, ճանչցուեցան իբրեւ Լիզպոնի տղաքը եւ ատով մուտք գործեցին հայոց պատմութեան ոսկեայ դարպասը:

Այս վեհափառ տղոց «հեքիաթ»-ի ծննդոցը թէեւ ունի 34 տարուան կեանք, կը պատկանի մեր մօտիկ անցեալին, այդուհանդերձ անոր բովանդակած խորհուրդը գերազանցապէս ազդեցիկ է եւ ուժեղ, հրաբորբ ու ազգակերտ, որով ժողովուրդ մը ամբողջ կրնայ հպարտանալ, հզօր դառնալ եւ անոր ներշնչմամբ սերունդներ դաստիարակել:

Այո՛, դասական հեքիաթներու աշխարհին մէջ, սովորաբար, բարին կը յաղթէ չարին, մարդկայինը` բարբարոսին, վեհանձը` վատահամբաւին, գեղեցիկը` տգեղին, հերոսը` վախկոտին, գաղափարը` նիւթին, կամքը` տկարին, կեցուածքը` անդիմագիծին, կորովը` ընդարմացածին, կիրքը` մաղձին, վայելուչը` փողոցայինին, նախանձախնդիր ոգին` տզրուկի հոգեբանութեան, ժողովրդանուէրը` կեղեքողին  եւ այլն, եւ այլն:

Յայտնապէս Լիզպոնի տղաքը, եթէ երբեք կը տարբերին վերոնշեալ հեքիաթներու մէջ առկայ հերոսներէն, ապա անով, որ անոնք կերտեցին իրենց սեփական կեանքի հեքիաթը, իրենց զուլալ արեամբ որոգեցին հայրենապաշտութեան արօտավայրերը, համոզումի, լինելութեան, հաւատամքի  եւ յաղթանակի տաճարները:

Անոնք դարձան հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան հեքիաթագիր տղաները, ժամանակակից երիտասարդ ու պատանի սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, պաշտամունքի մէյ-մէկ խորանները, առանձնապէս` գաղափարի աստուածութիւնները:

Անոնք մեր շրջապատին ծնունդն էին, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հասակ առած մաքրամաքուր տղաները, դաշնակցական ակումբի եւ  գաղափարական դաստիարակութեան վկաները, ազգի ծառայութեան կոչուած ուխտաւորները, բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման հաւատացող նուիրեալները, Հայ դատի պաշտպան զինուորագրեալ երիտասարդները, Արարատի գագաթը նուաճելու կիրքով վարակուած մեծութիւնները:

Լիզպոնի տղաքը:

Անոնք պատմութեան խորերէն չէին ժամանած, այլ ժառանգած էին նախնեաց ոգեկան արժանիքները, հին օրերուն չէին ապրած, այլ` շնչաւորած իրենց ներկան: Այս սրբազան տղաները մեր անմիջական շրջապատին հարազատներն էին, միս ու ոսկոր ունեցող տղաք էին, հայ վարժարան յաճախած, միութենական թէ կուսակցական կեանքի մէջ ծառայութիւն մատուցած, յուզմունքի եւ ուրախութեան պահեր ունեցած, սէր ու կարօտ հայցած, երիտասարդական խանդավառ օրերու եւ անուշիկ վայրկեաններու վայելքը ապրած հասակակիցներ էին:

Մէկ խօսքով` անոնց սիրտի իւրաքանչիւր բաբախումը յագեցած էր մարդկային կեանքի ամէնէն ազնիւ ու վեհափառ զգացումներու գեղեցկութեամբ: Անոնք` Լիզպոնի հերոսները, մոլորակածին տղաներ չեն եղած, սիրել գիտէին ու սիրուած էին իրենց շրջապատէն, յարգել գիտէին ու յարգուած էին բոլորէն, համեստ ու խոնարհ էին, ժուժկալ եւ անձնդիր:

Այսուամենայնիւ կը յատկանշուէին անով, որ անոնք աւելի սիրեցին հայրենիքը, աւելի բարձր դասեցին ազգային նուիրական արժէքները, տառապեցան հաւաքական կեանքի դառնութեամբ, չուզեցին մաս կազմել սովորական կեանքի յորձանուտին, տեսան ճշմարիտը` պայքարի ճանապարհը, առանձնացան իրենց գաղափարականի մեծութեամբ, անոնք ունէին եզակի դիմագիծ ու պատկանելիութեան ուժեղ զգացողութիւն:

Իսկ ամէնէն հիանալին, անկրկնելին ու հրաշափառը` անոնց կեանքին առնչուած, անոնք գիտցան որոշում կայացնել եւ նետուիլ մարտի դաշտ, կռուիլ ու յաղթել թշնամի թուրքին, ցոյց տալ հայուն արեան կանչի որոտը եւ վրիժառու բազուկին անդրդուելիութիւնը:

Լիզպոնի տղաները ո՛չ միայն սիրեցին իրենց հայրենիքը` Հայաստանը, այլեւ` իրենց թանկագինը` գարուն կեանքը նուիրաբերեցին յանուն ազգային արժանապատուութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման:

Ահա թէ ինչո՛վ կը զատորոշուին մեր տղաները, որոնց կատարած խիզախ արարքին ուժգնութեան եւ վեհութեան դիմաց ազգը խոնարհեցաւ, պէտք է խոնարհի՛ ընդմիշտ, անմահանուն Շիրազն անգամ իր երգը հիւսեց, ցարդ իրերայաջորդ սերունդներ ի Հայաստան եւ հեռաւոր գաղութներ, ամէն յուլիսի 27ին կը յիշատակեն ու փառքը կը հիւսեն այն սխրանքին, որուն իրագործման համար հինգ սրբազան «խենթ»եր դէպի մարտի դաշտ արշաւեցին եւ արժանացան անմահութեան փառապսակին:

Հինգ ընկերներ էին անոնք բարութեամբ եւ քաջութեամբ տոգորուած: Հինգ ճառագայթող միտքեր, լուսաւոր դէմքեր եւ պաշտելի տղաք էին անոնք ու դարեր շարունակ պիտի մնան իբրեւ այդպիսին:

Արդ, մեր նորահաս սերունդը եթէ երբեք պիտի կարենայ հայօրէն ապրիլ եւ տոկալ, յաղթել ու ներշնչուիլ, ապա պարտաւոր է ընդմիշտ իր հոգիին խորերը առկայծ պահել Լիզպոնի «հեքիաթին» խորհուրդը, ապրիլ անոնց մեծութիւնը, սիրել անոնց ազնուադրոշմ ժպիտը եւ յագենալ անոնց արժանապատիւ կեանքի գեղեցկութեամբ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերանկախացած հայրենիքին, պետական ու քաղաքական մտքի հասունացման, ժողովրդային շերտերու առաւել պայծառացման, ապա պարտաւորեցնող մտածումը կը մնայ այն, որ, Արարատի հայեացքին ներքեւ, ազատաշունչ Երեւանի թէ արծուեբոյն Արցախի երկնակամարին տակ անյապաղ պէտք է կանգնեցուի կոթող մը, որ պիտի մարմնաւորէ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած այն հեքիաթային սխրանքը, որ կոչուած է Լիզպոնի արարք, եւ որուն կենսագործման համար իրենց վեհափառ կեանքն են զոհաբերած մեր տղաները` Սագոն, Սիմոնը, Վաչէն, Արան եւ Սեդրակը:

Կոթող մը, որ ունի հուժկու ծաւալ, ազգակերտ խորհուրդ եւ հեքիաթային գեղեցկութիւն: