ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Սամուէլ Բաբայեան Ձերբակալուած է


ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութիւն տարածած է, որ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Մաքսանենգութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս այս պահուն ձերբակալուած է 3 անձ, անոնց կարգին` Հայաստանի քաղաքացի Սամուէլ Բաբայեան:

«Կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով բացայայտուած է, որ նշուած զենիթա-հրթիռային համակարգի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրութիւնը իրականացուցած անձերը գործած են Սամուէլ Բաբայեանին հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուէրով:

«Այժմ պէտք է պարզաբանուին զէնքը ձեռք բերելու շարժառիթները, հնարաւոր օգտագործման նպատակները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրները:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի»։