ԼՂ Հակամարտութիւնը Պէտք է Ունենայ Խաղաղ եւ Տեւական Լուծում. ԵԱՀԿ


«Փանորամա»․- Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան աճին եւ բանակցային գործընթացի սահմանափակ առաջընթացին, ԵԱՀԿը կը  շարունակէ պնդել, որ պէտք է աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծում տալու ուղղութեամբ, նշուած է ԵԱՀԿ գործունէութեան 2016ի զեկոյցին մէջ, ուր ամփոփուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագրերուն արդիւնքները:

«2016ի գարնան սահմանագծի վրայ լարուածութեան սրումը մեծցուցած է հակամարտութեան լուծում տալու անհրաժեշտութիւնը: ԵԱՀԿի մէջ նախագահութեան ծիրէն ներս Գերմանիան մեծ ջանքեր գործադրած է այս եւ այլ հակամարտութիւններ լուծելու համար` ձգտելով ընդգծել ԵԱՀԿ ձեւաչափի ամրապնդումը հակամարտութիւններու լուծման եւ այդ հակամարտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ տուժող մարդոց կեանքը բարելաւելու հարցով», նշուած է կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին մէջ:

Ըստ զեկոյցին` Գերմանիան, իբրեւ ԵԱՀԿի մէջ նախագահող երկիր, անմիջապէս արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ապրիլին սկսած ռազմական գործողութիւններուն եւ հրաւիրած Մշտական խորհուրդի արտակարգ նիստ` կոչ ընելով իրականացնելու Ս. Փեթերզպուրկի եւ Վիեննայի մէջ նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Հաշուետուութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ 2016ի ընթացքին Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը ԵԱՀԿին 45 408 եւրոյի նիւթական աջակցութիւն տրամադրած են: Նաեւ կը նշուի, որ կողմերուն աջակցութեամբ՝ 2016ի ընթացքին ԵԱՀԿը մշտադիտարկում իրականացուցած է 22 անգամ, որուն 5ը` հայ-ազրպէյճանական սահմանին, իսկ 17ը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ: