Լոռիի Մէջ Բացուեցաւ «ՍՄԱՐԹ» Կրթական Կեդրոնը


«Նիուզ»․- Լոռի մարզի Դեբետ համայնքին մէջ, Մայիս 27ին տեղի ունեցաւ բացումը «ՍՄԱՐԹ» կրթական կեդրոնի, որուն համար կատարուած է 5 միլիոն տոլարի ներդրում մը: 

Կեդրոնը կը գտնուի Դսեղ եւ Դեբեդ գիւղերու խաչմերուկին վրայ: «ՍՄԱՐԹ»ը տեղեկատուական ճարտարագիտական կեդրոններէն պիտի տարբերի իր ծրագիրներով. այնտեղ յաճախողներու տարիքային սահմանափակում պիտի չըլլայ:

Լոռիի «ՍՄԱՐԹ» կրթական կեդրոնը եռաթեւ շինութիւն է: Անիկա պիտի ունենայ կրթութեան այլընտրանաքային տարբերակ՝ լսարաններ ծնողներու եւ մեծահասակներու համար, ինչպէս նաեւ սենեակներ՝ փոքրերու համար:

Կեդրոնի հիմնական ողնաշարը համակարգչային սենեակն է: «ՍՄԱՐԹ» կեդրոնի ծրագրային թեւը պիտի ունենայ ռոպոթաշինութեան, արհեստներու եւ արուեստներու կեդրոն, առողջապահական կրթական կեդրոն եւ մանուկներու զարգացման սենեակ: Գօտիներէն մէկուն մէջ առանձնացուած է «սմարթ» գրադարանը, որ պիտի ըլլայ բոլոր ծրագիրներու իրականացման կապող օղակը:

«ՍՄԱՐԹ» ծրագիրները կ՛ընդգրկեն նաեւ քոտաւորում, ծրագրաւորում, երաժշտական տեսահոլովակներու ստեղծում: «ՍՄԱՐԹ» կրթական կեդրոնին մէջ պիտի ըլլայ հիւրատուն՝ փորձագէտներու համար, իսկ մասնագէտները պիտի վերապատրաստուին այնտեղ:

«ՍՄԱՐԹ»ի կառոյցը բաղկացած է երկու մասերէ՝ «ՍՄԱՐԹ» կեդրոն (2230 քառ.մ.) եւ «ՍՄԱՐԹ» աւան (20 հա.), ուր տեղակայուած են սենեակներ հիւրերու համար. անիկա կրնայ ծառայել օրական 250 մարդու:

«ՍՄԱՐԹ» կրթական կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ եղան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան:

Նշենք, որ կեդրոնի կառուցումն ու գործարկումը նիւթապէս իրականացուցած է ամերիկահայ ձեռներէց, «Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»ի (COAF) հիմնադիր Կարօ Արմէն: Ան Սեպտեմբեր 2017ին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովին ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ 20 «ՍՄԱՐԹ» կեդրոններու հիմնադրման համար անհրաժեշտ է 200 միլիոն տոլար. «Կան հայեր, որոնց համար ասիկա մեծ գումար չէ», յայտնած էր Կարօ Արմէն: