Լրագրողներու Համահայկական 9րդ Համաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն


Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գիրիգորեան

Մայիս 30ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ սկիզբ առաւ Լրագրողներու համահայկական 9րդ համաժողովը: Համաժողովի բացման կը մասնակցէին մօտ 70 լրագրողներ Սփիւռքէն, նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: “Թորոնթոհայ”ի թղթակիցը նոյնպէս կը մասնակցի համաժողովին։

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գիրիգորեանը ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուէր. «Սիրով ողջունում եմ ձեզ նոր Հայաստանում եւ յայտնում եմ իմ խորին երախտիքը ձեր ներկայութեան եւ այն աջակցութեան, այն խանդավառութեան ու զօրակցութեան համար, որ դուք ցուցաբերեցիք թաւշեայ յեղափոխութեան կայացման եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներում նրա ողջ ընթացքն ու փիլիսոփայութիւնը պատշաճ ներկայացնելու, լուսաբանելու գործում․․․ Սփիւռքը թեւ ու թիկունք դարձաւ սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեանը, որը  յաղթեց ողջ հայ ժողովրդի միասնական կամքով` սկզբնաւորելով ազգային զարթօնքի, Հայոց պետականութեան ամրապնդման, երկրի իմիջը բարձրացնելու նոր փուլ»:

Նախարարը իր խօսքին մէջ վստահութիւն  յայտնած էր, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ եւս յեղափոխութիւն կ’իրականանայ` նոր մտածողութեամբ, նոր ոճով, սիրոյ ու անկեղծութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման նոր տրամաբանութեամբ:

«Այս ընթացքն անշրջելի է, մենք միասին ենք կառուցելու իսկապէս արդար, իսկապէս ազատ եւ իակապես զարգացող Հայրենիք: Վստահ եմ, որ այս համաժողովը կը դառնայ վերաարժեւորման, մեր խնդիրները անկեղծ ու կառուցողական մթնոլորտում քննարկելու, լուծումներ գտնելու բացառիկ հարթակ: Եւ, ի վերջոյ կը ձեւաւորուի առողջ ու կենսունակ համահայկական տեղեկատուական դաշտը», ըսուած էր Սփիւռքի նախարարի խօսքին մէջ:

Համաժողովի մասնակիցներ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, որ շեշտը դրաւ այսուհետ համաժողովը կազմակերպել անկախ՝ առանց Սփիւռքի նախարարութեան ազդեցութեան։

Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքելեան, իր հերթին, ողջունեց ժողովին մասնակիցները եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայաստանի ու Սփիւռքի լրատուամիջոցներու գործունէութեան հիմնական գիծը պէտք է ըլլայ հայոց պետականութեան ամրապնդումը։

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան հաշուետւութիւն ներկայացուց նախորդ համաժողովէն մինչ այժմ իրականացած աշխատանքներուն վերաբերեալ։

Համաժողովը՝ առաջին օրուան չորս նիստերուն ընթացքին՝ պիտի անդրադարձաւ հետեւեալ թեմաներուն՝

ա. Թաւշեայ յեղափոխութեան արձագանգները միջազգային մամուլի մէջ,

բ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը եւ հայ լրագրութիւնը,

գ. Հայ լրագրութիւնը Խորհրդային միութեան տարիներուն,

դ. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը։

Նիստերու աւարտին՝ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները այցելեցին ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակ։

Համաժողովը պիտի շարունակուի նաեւ Մայիս 31ին եւ Յունիս 1ին: