ԼՕԽը՝ Լիբանանահայութեան համար. Հարցազրոյց ԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան Անդամ Նելլի Խանճեանի Հետ՝ Պէյրութի Պայթումէն Ետք ԼՕԽի Ծառայութիւններուն Մասին


Օգոստոս 4-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին առաջին իսկ պահէն` Լիբանանահայութեան Օգնութեան Խաչի կեդրոնները կը գործեն մեղուի փեթակի նման. վիրաւորներու բուժում, կարիքաւորներու սնունդի ապահովում, հոգեբանական պարագաներու հոգատարութիւն, եւ ընկերային այլ ծառայութիւններ:

Արտակարգ այս իրավիճակին մէջ` ԼՕԽի  լայնածաւալ ծառայութիւններուն մասին «Թորոնթոհայ» կը զրուցէ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան անդամ Նելլի Խանճեանի հետ: