Խաղողօրհնէք Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիներուն Մէջ


“Գանձասար”․- Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը տիրամօր նուիրուած տօներուն ամենահինն է: Աւանդութեան համաձայն,  Հալէպի Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցին մէկ շաբաթ առաջ կը յիշատակէ նախատօնակը:

Այս առիթով, Կիրակի, Օգոստոս 6ի առաւօտուն Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանի:

«Հայր մեր»էն առաջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը ու երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ` յատուկ աղօթքներու ճամբով:

Օրուան պատարագիչն էր Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

Սրբազան հայրը իր պատգամին ընդմէջէն անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի տիպարին: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ վտանգներէ զերծ է Հալէպը եւ լուսարձակի տակ առաւ վերափոխման անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքէն ներս:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը եւս ղօղանջեցին` հրաւիրելու հաւատացեալները խաղողօրհնէքի։

Տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Տէր Յուսիկ Աւագ Քհնյ. Սեդրակեանի:

Եկեղեցւոյ մուտքին հաւատացեալներր դիմաւորուեցան ՀՄԸՄի երէց պարման միաւորի սկաուտներուն կողմէ:

Խաղողօրհնէքը սկսաւ դպիրներուն մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄականները տարիներու աւանդութեան համաձայն, խաղողը պատգարակով բերին Ս.խորան:

Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան օրուան խորհուրդը վեր առնելով ըսաւ.«Խաղողօրհնէքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ համար: Խորքին մէջ խաղողի օրհնութեան ընդմէջէն բերքի օրհնութիւնը տեղի կ՚ունենայ: Թող Տէրը միշտ դալար պահէ մեր հոգիներու որթատունկը, օրհնէ մեր սեղանները ու իր հովանիին ներքեւ խաղաղ պահէ մեր քաղաքը»։

Աւարտին հաւատացեալներուն օրհնուած խաղող բաշխուեցաւ։