Խենթի Երազ


Լո­ռի Պէր­պէ­րեան


Վեր­ջերս պա­տե­րազ­մա­կան դրօ­շը դար­ձեալ կը ծա­ծա­նի Հա­յաս­տա­նի եւ իր սահ­մա­նա­կից եր­կիր­նե­րու երկն­քին վրայ: Ազր­պէյ­ճան՝ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան վնաս հասց­նե­լէ ձանձ­րա­ցած եւ հայ­կա­կան հո­ղե­րը գրա­ւե­լէն յու­սա­հա­տած, դէ­պի Հա­յաս­տան ուղ­ղած է իր հրթիռ­նե­րը: 

Ազր­պէյ­ճա­նին հետ պա­տե­րազ­մի պատ­մու­թիւ­նը կը մնայ նոյ­նը․ կը սկսի Ազր­պէյ­ճա­նի զի­նա­դա­դա­րի խախ­տու­մով, ա­նոր կը հե­տե­ւի հայ­կա­կան զօ­րա­ւոր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն եւ կ­՛ա­ւար­տի եր­կու կող­մե­րու բազ­մա­թիւ զի­նո­ւոր­նե­րու կո­րուս­տով: Նաեւ, սահ­մա­նա­մերձ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեան­քը ա­ւե­լի ա­նա­պա­հով կը դառ­նայ եւ ա­նոնց ու­նե­ցած֊չու­նե­ցա­ծը կը վնա­սո­ւի: Ա­ւե­լին, ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը վի­րա­ւո­րո­ւին եւ ի­րենց​ սրտե­րուն մէջ յու­սա­հա­տու­թեան եւ թշնա­մուն դէմ ո­խի հուն­տեր կը ցա­նո­ւին:

1994-ի զի­նա­դա­դա­րէն ի վեր, Ազր­պէյ­ճա­նի պա­տե­րազմ սկսե­լու տե­ւա­կան փոր­ձե­րը եւ մեր սահ­մա­նի զի­նո­ւոր­նե­րուն օ­րա­կան զո­հե­րը սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ դար­ձած են մե­զի հա­մար: Այն­քան շա­րու­նա­կա­կան են, որ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թիւ­նը անզ­գամ դար­ձած է զո­հե­րու եւ վնա­սի լու­րե­րէն: Բայց այ­լեւս ձանձ­րա­ցանք նոյն պատ­մու­թիւ­նը լսե­լէն: 

Վստահ եմ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րէն նոյն­քան նե­ղա­ցած են ի­րենց զի­նո­ւոր տղա­քը կորսն­ցու­ցած սգա­ցող մայ­րե­րը, ար­ցունք­նե­րու մէջ խեղ­դո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու քոյ­րեր ու եղ­բայր­նե­րը, ինք­զինք մե­ղադ­րող հայ­րե­րը եւ հայ զո­հե­րու լու­րե­րը առ­նող սրտա­բեկ հայ ժո­ղո­վուր­դը:

Իս­կա­պէս. օր մըն ալ տար­բեր լուր մը առ­նէինք: Սխալ մի հասկ­նաք. կ­՛ու­զեմ ը­սել դրա­կան լուր մը: Ոչ թէ Ազր­պէյ­ճա­նին հասկ­ցա­ծին պէս տար­բեր լուր մը, ինչ­պէս սպառ­նալ հայ­կա­կան կո­րի­զա­յին կա­յան մը ռմբա­կո­ծե­լը: Այլ, լաւ լուր մը․ օ­րի­նակ սահ­մա­նին եր­կա­րա­տեւ խա­ղա­ղու­թեան լու­րը կամ սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն մտքի հանգս­տու­թեան ու ա­պա­հո­վու­թեան լու­րը կամ՝ օր մը ա­ռանց մէկ զո­հի: 

Սա­կայն, հա­յե­րուն հա­մար այս­պի­սի լու­րեր ստա­նա­լու ձգտու­մը խեն­թի մը ցան­կու­թեան կը նմա­նի. խա­ղա­ղու­թիւ՞ն, երբ հա­յեր ա­տող թշնա­մի­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած ենք: Ու­րեմն, ե­թէ պատ­մու­թեան սկիզ­բը չենք կրնար փո­խել եւ թշնա­մուն յար­ձա­կում­նե­րը կան­խար­գի­լել, գո­նէ վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը սրբագ­րենք: Մեր բա­նա­կը ար­դէն այն­քան ուժ­գին կը դի­մադ­րէ թշնա­մուն ու կը պաշտ­պա­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ թշնա­մին այ­լեւս չի հա­մար­ձա­կիր հա­յե­րը թի­րախ նկա­տե­լու: 

Իսկ մե՞նք, պարզ ժո­ղո­վուրդ, մենք ինչ ը­նենք որ այս նոյն պա­տա­հար­նե­րու կրկնու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հաս­նի: Մենք միայն կրնանք չյու­սա­հա­տիլ եւ շա­րու­նա­կել ե­րա­զել մո­լո­րո­ւած խեն­թե­րու նման, ո­րով­հե­տեւ բա­ցա­ռա­բար այս պա­րա­գա­յին, խեն­թե­րուն ե­րա­զը` հա­ւա­տա­լի է: