«Խոստումը» Ֆիլմը Կը Հասնի Իր Նպատակին. The Economistի Անդրադարձը


«Արմենփրես»․- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը չէ ստեղծուած ֆինանսական մեծ շահոյթ ապահովելու համար, ատոր ստեղծման նպատակը լոյս սփռելն է յաճախ անտեսուող պատմական իրադարձութեան վրայ, գրած է հեղինակաւոր The Economist թերթը:

«Պատմական ֆիմլ ազգային ողբերգութեան մասին` ասիկա այն ֆիլմերէն է, զոր Հոլիվուտը կը սիրէ: Սակայն աւելի քան մէկ դար սենարիստներն ու արհեստանոցները (studio) երես դարձուցին այս պատմութեան»,­ կը գրէ լրատուամիջոցը` ներկայացնելով «Խոստումը» ֆիլմը, որուն դերասաններն են օսքարակիր դերասան Քրիստիան Պէյլ, Օսքար Այզեք, Շարլոթ լէ Պոն եւ այլոք: Ֆիլմին նկարահանումները հնարաւոր եղան հայ մեծահարուստ Քըրք Քըրքորեանի շնորհիւ, որ ստեղծեց Survival Pictures ընկերութիւնը` նպատակ ունենալով կրթել աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով: «Խոստումը» ֆիլմի նկարահանման համար ան ներդրեց 100 միլիոն տոլար:

Ապրիլ 21էն ցուցադրութեան դրուած ֆիլմը առաջին շաբաթուան ընթացքին հաւաքեց ընդամէնը 4,1 միլիոն տոլար, ինչ որ պատմականօրէն քիչ եկամուտ է 100 միլիոն տոլարնոց ֆիլմի մը համար: Որոշ մասնագէտներու կարծիքով ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ ֆիլմը պիտի հաւաքէ 20 միլիոն տոլար, ինչ որ ձախողութիւն կրնայ համարուիլ ֆիլմին համար: «Սակայն «Խոստումը» չի կրնար դատուիլ միայն տնտեսական չափորոշիչներով, քանի որ Քըրքորեան հետաքրքրութիւն չէ ունեցած ետ ստանալ իր ներդրումը: Թերեւս մենք պէտք չէ դատենք զայն բացառապէս գեղարուեստական չափանիշներով եւս: «Խոստումը» ստեղծուած է լոյս սփռելու յաճախ անտեսուող պատմական իրողութեան մը վրայ, եւ նոյնիսկ միջին գնահատականներով գրախօսութեան ու դրամարկղի միջին թիւերու պարագային ալ անիկա կը հասնի իր նպատակին: Օր մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պաշտօնապէս վերագրուի, «Խոստումը» ֆիլմը պիտի ունենայ ատոր մէջ իր դերակատարութիւնը»,­ կ՛եզրափակուի յօդուածը: