«Խոստումը» Ֆիլմին Հասոյթով Քալիֆորնիոյ Համալսարանին Մէջ Պիտի Հիմնուի Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ


«Արմենփրես»․- Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմէն ստացուած շուրջ 20 միլիոն տոլարի հասոյթը պիտի յատկացուի Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւունքի դպրոցին մէջ նոր հիմնարկի ստեղծման:

«Մարդու իրաւունքներու «Խոստումը» հիմնարկը մեր իրաւունքի դպրոցն ու այս համալսարանը պիտի դարձնեն մարդու իրաւունքներու կրթութեան առաջամարտիկ»,­  նշած է իրաւունքի դպրոցի տնօրէն Ճենիֆըր Լ. Մնուքի: Ան ընդգծած է, որ 20 միլիոն տոլարը ամենամեծ նուիրատուութիւնն է, որ իրաւունքի դպրոցը երբեւէ ստացած է հիմնարկը ստեղծելու համար:

«Շատ մարդոց Հայոց ցեղասպանութիւնը յայտնի չէ: 102 տարի մշտական ժխտման արշաւ եղած է: Մենք յուսով ենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով առկայ մութը ցրուելով` կրնանք շարժուիլ առաջ եւ իսկապէս առաջատար ըլլալ մարդու իրաւունքներու հարցով կրթութեան, ուսումնասիրութիւններու, քարոզի եւ կրթաթոշակներու գործին մէջ»,­ յայտնած է «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական դպրոցի մարսողական հիւանդութիւններու բաժնի համաղեկավար Էրիկ Էսրայիլեան:

Նոր հիմնարկին առաջին տնօրէնը պիտի ըլլայ իրաւունքի փրոֆէսոր Ասլի Պալին:

 «Հայերը միայն սեփական պատմութեան վրայ չեն կեդրոնացած: Մենք կը ցանկանք, որ մարդիկ մեր պատմութենէն դասեր քաղեն, որ միւսներն այդ գիտելիքներէ օգուտ ունենան»,­ նշած Էսրայիլեան:

«Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21­ին: Հայաստանի կինոթատրոններուն մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 27էն։­