«Խոստումը» Ֆիլմի Արտադրողն ու Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Ղեկավարը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելած են


ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Ազգային հերոս, մեծ բարերար Քըրք Քըրքորեանի բարեկամ, Ամերիկահայ յայտնի բժիշկ, ԱՄՆ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Տէյվիտ Կեֆընի անուան բժշկական քոլէճի համաղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հալիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, դոկտոր Էրիք Իսրայէլեան եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարանի ղեկավար, կենսաբան, ակադեմիկոս Ճին Պլոք Սեպտեմբեր 20ին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ անոնք ծանօթացած են ցուցադրութեան, դիտած՝ ցուցանմուշները: Այնուհետեւ՝ Յիշողութիւններու պուրակին մէջ՝ Էրիք Իսրայէլեան եւ Ճին Պլոք ջրած են «Խոստումը» ֆիլմի ստեղծագործական խումբին կողմէ 2017ին տնկուած եղեւնին: