Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի Թատրոնը Թորոնթոյի Մէջ. Խրիմեան Հայրիկ՝ Գաղափարի եւ Ազատութեան Ջահակիրը


Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան կը ներկայացնէ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնը։

Շողիկ   Ճելլատեան


Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի թատերական յանձնախումբը առիթը ընծայեց Թորոնթոհայ գաղութին ներկայ գտնուելու «Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնին , որ տեղի ունեցաւ 1 Մարտ 2019-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։  Թատրոնի հեղինակը, բեմադրիչն ու մենակատարն էր Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան , որ յատկապէս հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներէն:

Բացման խօսքը կատարեց Տարօն Հալլաճեան՝ ներկայացնելով Տոքթ. Մարգարեանի կենսագրականը․ Ան եղած է բանաստեղծ, խմբագիր, թատերագիր, դերակատար, փրոֆէսոր, թարգմանիչ, բեմադրիչ եւ հռետոր: Ծնած  է Պասրա՝ Իրաք, 1938-ին Մեծ Եղեռնէն ազատած Վասպուրականցի ծնողներէ: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու, բեմադրած եւ ղեկավարած է 55 թատերախաղեր, հրատարակած է 10 թատերախաղեր եւ բանաստեղծական հատոր մը:15 տարի մաս կազմած է «Բագին» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին:Կատարած է թարգմանական աշխատանքներ: Իր թատերական գործերը ներկայացուած են՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Անգլիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ան արժանացած է բազմաթիւ գնահատագիրներու, կոչումներու եւ մետալներու հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին:

     Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան բեմադրած է « Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնը իր ծննդեան 80-ամեակին եւ գործունէութեան 65- ամեակին առթիւ: Ան բնութագրուած է որպէս հայրենիքի եւ մշակոյթի նուիրուած անձնաւորութիւն: Ան ընտրած է Խրիմեան Հայրիկի տիպարը՝ հասարակական- քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչը, մեր պատմութեան ամենաեզակի դէմքերէն մէկը:Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը՝ Մկրտիչ Ա․ Վանեցին, 1892-1907թուականներուն իր ազգանուէր գործունէութեան համար ժողովուրդի կողմէ կոչուած է Հայրիկ: Ան իր ազգանպաստ գործունէութեան ձիգ ու քարքարոտ ճանապարհին առաջնորդուած է սևեռուն գաղափարով մը՝ ազատագրել Հայաստանը բռնատիրութեան ճիրաններէն, աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն հաւաքել հայրենիքի մէջ, հոգեւոր ու նիւթական բոլոր ուժերը կեդրոնացնել երկրին մէջ և ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի այլևս հայը չհեռանայ իր դրախտանման հայրենիքէն։ Զինք կը տանջէր այն պարագան, որ գեղջուկը հարկադրուած կը ձգէր իր սրբազան հողը ու կ՛երթար օտար երկինքներու տակ: Ըստ անոր՝ գաղթավայրը որքան ալ բարգաւաճ ու խոստումնալից է, պանդուխտ հայու համար դրախտավայր չէր կրնար ըլլալ: Ներկայացման ընթացքին Տոքթ. Մարգարեան իսկապէս  յաջողեցաւ մարմնաւորել եւ միաձուլուիլ Խրիմեան Հայրիկի կերպարին հետ: Խրիմեան Հայրիկ հարազատօրէն ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին որպէս հայ ժողովուրդի ցանկութիւններու, մտահոգութիւններու եւ ցաւերու հայելին: Մօտ մէկ ժամ տեւողութեան մենաթատրոնը իսկապէս սոսկ ներկայացում մը չէր, այլ իրականութեան ցոլացումը: Հանդիսատեսին կը թուէր, որ Խրիմեան Հայրիկ անձամբ ներկայ էր եւ կը փոխանցէր իր պատգամը, որ հայ ազգի բարձրագոյն նպատակները կրնան իրագործուիլ միութեան, ուժի, զէնքի եւ կամքի միջոցով:Այս առթիւ կարելի է յիշել Խրիմեան Հայրիկի  իմաստալից խօսքերէն մէկը․ «Ժողովուրդ հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքն ինչ կրնար գործել և կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի և օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացիներ, երբ  հայրենիք վերադառնալու լինիք, ձեր բարեկամաց և ազգականաց իբրեւ պարգեւ մէկմէկ զէնք տարէք, զէնք առէք և դարձեալ զէնք:Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծափողջոյններով գնահատեցին հմուտ եւ բազմատաղանդ դերակատարը:Մենաթատրոնը ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն,ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի հանդիսատեսին։