Խրիմեան Հայրիկ ՝Գաղափարի եւ Ազատութեան Ջահակիրը


Հ․ Հարգարեան՝ Խրիմեան Հայրիկի դերով Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը ներկայացնէ համանուն մենաթատրոնը, Մարտ  1, Թորոնթօ։

Շողիկ   Ճելլատեան

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Թորոնթոյի ՙԳլաձոր՚ մասնաճիւղի թատերական յանձնախումբը առիթը ընծայեց Թորոնթոհայ գաղութին ներկայ գտնուելու ՙԽրիմեան Հայրիկ՚ մենաթատրոնին, որ տեղի ունեցաւ 1 Մարտ 2019ին, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հեղինակ, բեմադրիչ եւ մենակատար Դոկտ․ Հրանդ Մարգարեան, հրաւիրուած՝ Միացեալ Նահանգներէն։

Բացման խօսքը կատարեց Տարօն Հալլաճեան՝ ներկայացնելով Մարգարեանի կենսագրականը: Ան եղած է բանաստեղծ, խմբագիր, թատերագիր, դերակատար, փրոֆէսոր, թարգմանիչ, բեմադրիչ եւ հռետոր: Ծնած  է Պասրա, Իրաք, 1938-ին, Մեծ Եղեռնէն ազատած Վասպուրականցի ծնողներէ: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու, բեմադրած եւ ղեկավարած է 55 թատերախաղեր, հրատարակած է 10 թատերախաղեր եւ բանաստեղծական հատոր մը: 15 տարի մաս կազմած է «Բագին» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին: Կատարած է թարգմանական աշխատանքներ: Իր թատերական գործերը ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներու,  Գանատայի, Անգլիոյ,  Յունաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ան արժանացած է բազմաթիւ շնորհումներու, կոչումներու եւ մետալներու՝ հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին:

Մարգարեան բեմադրած է ՙԽրիմեան Հայրիկ՚ մենաթատրոնը իր ծննդեան 80ամեակին եւ  գործունէութեան 65ամեակի առթիւ: Ան ընտրած է Խրիմեան Հայրիկի տիպարը՝ հասարակական- քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչը, մեր պատմութեան ամենաեզակի դէմքերէն մէկը: Ամենայն Հայոց կաթողիկոս (Մկրտիչ Ա ․Վանեցի,1892-1907թթ) իր ազգանուէր գործունէութեան համար ժողովուրդի կողմէ կոչուած է Հայրիկ: Խրիմեան Հայրիկը իր ազգանպաստ գործունէութեան ձիգ ու քարքարոտ ճանապարհին առաջնորդուած է սեւեռուն գաղափարով մը. ազատագրել Հայաստանը բռնատիրութեան ճիրաններէն, աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն հաւաքել հայրենիքի մէջ, հոգեւոր ու նիւթական բոլոր ուժերը կեդրոնացնել երկրին մէջ եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի այլեւս հայը չհեռանայ իր դրախտանման հայրենիքէն:

Զայն կը տանջէր այն պարագան, որ գեղջուկը հարկադրուած  կը ձգէր իր սրբազան հողը ու կ՛երթար օտար երկինքներու տակ ապրուստ վաստկելու: Ըստ Խրիմեանի գաղթավայրը, որքան ալ բարգաւաճ ու խոստումնալից, պանդուխտ հայու համար դրախտավայր չէր կրնար ըլլալ:

Ներկայացման ընթացքին Մարգարեան իսկապէս  յաջողեցաւ մարմնաւորուիլ եւ միաձուլուիլ Խրիմեան Հայրիկի կերպարին հետ: Խրիմեան Հայրիկը հարազատօրէն ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին որպէս հայ ժողովուրդի ցանկութիւններու, մտահոգութիւններու եւ ցաւերու հայելին: Մենաթատրոնը, որ ունեցաւ մօտ մէկ ժամ տեւողութիւն, իսկապէս սոսկ ներկայացում չէր այլ իրականութեան ցոլացում: Հանդիսատեսին կը թուէր, որ Խրիմեան Հայրիկ անձամբ ներկայ էր եւ կը փոխանցէր իր պատգամը հաստատելու որ հայ ազգի բարձրագոյն նպատակները կրնան իրագործուիլ միութեան, ուժի, զէնքի եւ կամքի միջոցաւ:

Այս առթիւ կարելի է յիշել Խրիմեան Հայրիկի իմաստալից խօսքերէն մէկը՝ «Ժողովուրդ հայոց» անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զենքն ինչ կրնար գործել եւ կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացիներ, երբ հայրենիք վերադառնալու լինիք, ձեր բարեկամաց եւ ազգականաց իբրեւ պարգեւ մէկ-մէկ զէնք տարէք, զենք առեք եւ դարձեալ զէնք: Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան կատարողութեան եւ թատրոնի աւարտին խանդավառութեամբ ծափահարեցին գնահատելով հմուտ եւ բազմատաղանդ դերակատարը:

Մենաթատրոնը ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ  2 Մարտ 2019ին՝ Գէմպրիճի մէջ: