Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի


Վահան Զանոյեան

 

Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը հարկաւոր էր իբրեւ պայման, բայց ոչ բաւարար՝ երկիրը առաջնորդելու հանդարտ եւ բարգաւաճ հունի։
Հարկաւոր՝
Որովհետեւ իշխող համակարգը անկարող էր (եւ դեռ է) իրականացնելու այն արմատական եւ լրացուցիչ (consequential) բարեփոխումները, որոնց կարիքը արդէն շատոնց դարձած է հրատապ[1]: Այս անկարողութիւնը կը բխի այն իրողութենէն, որ իշխող համակարգին եւ մենաշնորհային համակարգին փոխադարձ կախուածութիւնը այնքան խարսխուած ու հաստատուած է, որ ինքնա-բարեփոխումներ կիրառելը անհնարին է։
Ոչ-Բաւարար՝
Որովհետեւ Հայստանի ներկայ անկայունութիւնը շատ աւելի խոր արմատներ ունի քան Սերժ Սարգսեանի պատասխանատւութիւնը այս հարցին մէջ։ Ան արդիւնքն է հերթական օրինախախտումներու ընտրութիւններու ոլորտին մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնց պատճառաւ, սահմանադրականօրէն անթերի եւ օրինաւոր ձեւով ընտրուած վարչապետը, ժողովուրդին առջեւ չունէր օրինականութիւն։ Ներկայ համակարգի օրինականութիւնը չէ՛ր որ հարցականի տակ էր Երեւանի փողոցներուն մէջ, այլ իր բարոյավարկը (credibility)։

Թէ՛ իշխող համակարգը եւ թէ՛ քուէարկող հասարակութիւնը մեղք եւ պատասխանատւութիւն ունին այս կապակցութեամբ։ Իշխող համակարգը–եւ մասնաւորապէս Հանրապետական Կուսակցութի՛ւնը—շարունակաբար չարաշահած էր իր վերահսկողութեան տակ գտնուած լծակները եւ միջամտած է ընտրական գործընթացին՝ ընդհանրապէս զայն ուղղելով ի նպաստ իր շահերուն։ Նոյն ժամանակ՝ քուէարկող հասարակութիւնը ընդհանրապէս չէր կրցած խուսափիլ իր ձայնը ծախելու փորձութենէն եւ սպառնալիքներու առջեւ տեղի տալու թուլութենէն։ Այս բոլորին արդիւնքը պարզ էր։ Ոչ-ներկայացուցչական, գործարար, անձնական շահերէ մղուած խորհրդարան մը, որ պատասխանատու կը զգայ ոչ ոքի, ներառեալ իր իսկ ընտրատարածքներու հասարակութեան։ Ժողովուրդը, Սերժը դրժելով, այդ խորհրդարանն է որ կը դրժէ։

Այս բոլորէն միայն մէկ յստակ եզրակացութիւն կարելի է քաղել։ Հայաստանի թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ քաղաքացիական համակարգը (բառերուն ամէնէն լայնապարփակ առումով, ներառեալ՝ քաղաքացիներու մտածելակերպը եւ մօտեցումը կառավարման չափանիշներու հանդէպ) պէտք է ենթարկուի հիմնական եւ համապարփակ վերակառուցման։ Խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու կոչը երկրորդ հարկաւոր անկիւնադարձ մըն է։ Սակայն պէտք է նաեւ գիտակցիլ, որ թէ՛ ներկայ իրավիճակը եւ թէ՛ առաջադրուած լուծումը պէտք է դիմագրաւեն ներքին եւ արտաքին լուրջ վտանգներ։ Յիշենք այդ վտանգներէն քանի մը հատը։

Ներքին վտանգները կապուած են մտածելակերպի եւ մօտեցումի ոչ-ամբողջական յեղաշրջման մը հետ։ Օրինակ, քաջալերիչ երեւոյթ էր երիտասարդութեան եւ մանաւանդ ուսանողներու մասսայական մասնակցութիւնը այս ցոյցերուն։ Սակայն կ՚արժէ այսօրուընէ իսկ հետեւեալ հարցը դնել սեղանի վրայ—արդեօ՞ք այդ նոյն ուսանողները, որոնք լեցուցած էին Երեւանի փողոցները, ճգնաժամը անցնելէ ետք, պիտի վերադառնան հին գործելակերպին։ Պիտի փորձե՞ն կաշառքով ընդունուիլ համալսարան. պիտի փորձե՞ն կաշառքով քննութիւններ անցընել ու աւարտել դպրոցը։ Եթէ այո՝ հիմնական շատ բան փոխուած չ՚ըլլար նոյնիսկ վարչապետին հեռանալով։ Պարզապէս կը վերադառնանք նոյն փտած համակարգին, տարբեր առաջնորդներու ղեկավարութեամբ։

Աւելի մեծ ներքին վտանգը, նոյն ընդհանուր մտավախութենէն ծնած, նոր ընտրութիւններու անցեալին նման խարդախուած ըլլալու հարցն է։ Ընտրութիւնները պիտի կրնա՞ն ազատ ըլլալ։ Հայաստանի մէջ, առանց բացառւթեան, ցարդ ոչ մէկ ընտրութիւն եղած է ազատ եւ վարչապետին հրաժարականը ինքնին երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ, որ յաջորդ ընտրութիւնները յանկարծ ըլլան ճշմարիտ եւ արդար։ Ո՞րքանով փոխուած է քուէարկող հասարակութեան մտայնութիւնը։ Քուէարկող քաղաքացին պիտի կարենա՞յ՝
–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշակէ պաշտօնանկ ըլլալ։
–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ կորսնցնել իրեն շատ պէտք եղած 20,000 դրամի ընտրակաշառքը։
–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ որ իր ընտանիքը կրնայ սոված մնալ։
–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ, թէ ինք կրնայ հեռացուիլ իր ընկերային շրջանակէն։
–Այլ խօսքով, միջին քուէարկող քաղաքացին պիտի կարենա՞յ միայն ու միա՛յն իր խղճով քուէարկել։

Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները դրական են, ապա Հայաստանը անցած կ՚ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական հասունութեան բոլորովին նոր փուլի մը։ Այլապէս, անկրկնելի առիթ մը կորսնցուցած կ՚ըլլանք եւ կը վերադառնանք հին համակարգին։

Երկու խօսք ալ արժէ ըսել արտաքին վտանգներու մասին։

Թշնամին արդէն իսկ վիրաւոր եղնիկի հոտը առած շնագայլի պէս իր զօրքերը կը հաւաքէ մեր սահմանին։ Վտանգը անկասկած որ իրակա՛ն է։ Բայց այդ իրական եւ մահացու վտանգը կրնայ նաեւ չարաշահուիլ Սերժին յաջորդող իշխող համակարգին կողմէն։ Եթէ յանկարծ նոր Ապրիլեան ճակատամարտ մը բացուի, մենք հաւանաբար կը տուժենք երկու ճակատներու վրայ միաժամանակ։ Առաջին՝ նոր պատերազմի հետ կապուած մարդկային եւ նիւթական կորուստներն են։ Իսկ երկրորդ, եւ հաւանաբար աւելի լուրջ՝ ներքին բարեփոխումներու առաջնահերթութեան նսեմացման վտանգն է։

Երկրորդ արտաքին վտանգը կը ներկայանայ Ռուսիայէն։ Կասկած չկայ թէ գերտէրութիւներու եւ յատկապէս Ռուսիոյ յաւակնութիւնները մեծ դեր ունին Հայաստանի անցուդարձերուն մէջ։ Ի՞նչ է Ռուսիոյ դիրքը Հայաստանի այս իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Ի՞նչ են Արեւմուտքի տրամադրութիւնները։

Հայաստանի քաղաքական ապագան կը մնայ հզօր արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, պահանջելով բարձրագոյն մակարդակի դիւանագիտական հմտութիւն գալիք շրջանի առաջնորդներէն։

[1] Խօսքը կը վերաբերի այն հիմնական բարեփոխումներուն, որոնք արդէն լայնօրէն վերլուծուած եւ ճանչցուած են եւ հոս կրկին վերլուծելու կարիքը չկայ։ Վերացնել մենաշնորհային համակարգը։ Ստեղծել նոր աշխատատեղեր ու կասեցնել արտագաղթը։ Հակակշռի տակ բերել կաշառակերութիւնը։ Զօրացնել բանակը եւ պաշտպանութեան միջոցները։ Վերացնել անհատական տնտեսական նախաձեռնութիւններու առջեւ գտնուող խոչընդոտները։