Ծանօթացման Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Հայաստանի Նորանշանակ Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի


Երեսփոխան Ճին Եիփ բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղէ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին՝ Սեպտեմբեր 18-ին, Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին:

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»- Թորոնթոյի մէջ հիւպատոսական ներկայացուցիչներ եւ հայ համայքի քաղաքական, եկեղեցական ու համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Սեպտեմբեր 18-ին ի մի եկան՝ ծանօթանալու Գանատայի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին:

Ընդունելութիւնը կազմակերպած էր Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան եւ իր տիկինը՝ իրենց գեղատեսիլ բնակարանին մէջ:

Դեսպանին կողքին, ներկայ էին Գանատայի Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, Թորոնթոյի հայկական եկեղեցիներու հովիւները, Լիբանանի, Ճափոնի հիւպատոսները, գանատահայ եւ թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ գործատէրեր, մամլոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ նահանգային ու դաշնակցային քաղաքական գործիչներ եւ բարեկամներ:

Դեսպան Յարութիւնեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Գանատա – Հայաստան յարաբերութիւնները կարեւոր մակարդակի վրայ են՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ հասարակաց պատմութեան վրայ։ Ան շեշտեց Գանատայի հայ համայնքին դերը այդ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ եւ աւելցուց, որ ինք կ՛անդրադառնայ, թէ իրմէ սպասումները շատ են իբրեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի առաջին կին դեսպանը: Յարութիւնեան շեշտեց, որ իր կարելին պիտի ընէ խորացնելու եւ ընդլայնելու Հայաստան-Գանատա համագործակցութիւնը եւ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած փոխադարձ շահաւէտ գործակցութեան վրայ։

Ան յայտնեց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքի կը յուսայ ունենալ Գանատայի հայ համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը եւ գործակցութիւնը դեսպանատան հետ։

Ապա Պահպանողական նահանգային թեկնածու Իվոն Ռապըրթսըն խօսք առնելով ըսաւ․ «Մենք կը սպասենք, որ Հայաստան- Գանատա յարաբերութիւնները շարունակուին եւ փոխադարձ կապերը զարգանան գալիք տարիներուն»։ Ան նշեց, որ Գանատա պիտի շարունակէ հայեր, յատկապէս սուրիահայեր ընդունիլ երկրէն ներս, որպէսզի գան, հաստատուին եւ բարւօք կեանք մը ունենան։

Ռապըրթսըն ըսաւ, թէ մարդիկ այս երկիրը կու գան տեղացի կ՛ըլլան, նոր հպատակութիւն կը ստանան, բայց զօրաւոր կապ մը կը պահեն իրենց մայր երկրին հետ։ Օրինակ բերաւ իր հայրը, որ տարիներ առաջ եկած է իբրեւ երիտասարդ հողագործ Իրլանտայէն, սակայն ան Իրլանտան միշտ կը կոչէր իր հայրենիքը, իսկ ինքզինք՝ գանատացի։ Ան յայտնեց, որ ասիկա վկայութիւնն մըն է, թէ մարդիկ ինչպէս ուրիշ երկիրներէ կու գան, բայց կը պահեն իրենց արմատները եւ զօրաւոր կապը իրենց հայրենիքին, ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ համայնքին հետ։

Իսկ նահանգային խորհրդարանի տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի անդամ եւ Տնտեսական Զարգացման եւ Առեւտուրի նախարարի օգնական Տոննա Սքելի իր հերթին աւելցուց, որ ինք այստեղ կը գտնուի Օնթերիոյ Նահանգի վարչապետին կողմէ եւ վարչապետին անունով բարի գալուստ կը մաղթէ նոր դեսպանին։ Ան ըսաւ, թէ շատ ուրախ է այսօր, որ կը հանդիպի Հայաստանի դեսպանին, որովհետեւ իր գործին գլխաւոր առաքելութիւնն է՝ Օնթարոյի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ կապերու հաստատումը, եւ ուրախ կ՛ըլլայ, որ այդ կապերը միասնաբար աւելի զարգացնեն։

Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի նախկին անդամ Պերճ Փափազեան $2000 նուիրեց դեսպանատան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պր․ Լափոյեանին եւ զայն կոչեց մեր «տեղացի դիւանագէտը», որ ի տան դռները միշտ բաց կը պահէ բոլորիս առջեւ։

Ապա խօսք առաւ Դաշնակցային երեսփոխան Ճին Եիփ եւ ըսաւ, թէ իր ընտրաշրջանը (Scarborough-Agincourt) երկարամեայ յարաբերութիւն ունի Հայաստանի հետ եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ այդ յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու։ Ան ցանկութիւն յայտնեց գործակցելու դեսպանատան հետ՝ Առնոլտ Չանի Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։

ՀՅԴ Բիւրոյի, Գանատայի ԿԿի եւ Հայ Կեդրոնի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները դեսպան Յարութիւնեանի, պատուոյ հիւպատոս Լափոյեանի եւ անոր տիկնոջ հետ:

Երեսփոխան Տոննա Սքելի բարի գալուստի խօսքին ընթացքին:

Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան Արմենիա TV-ի հետ զրոյցի պահուն: