Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Լոյս Կը Տեսնէ Անգլերէնով


ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մէս.—Անդրանիկ Ծառուկեանի գլուխ-գործոց երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը՝ «Թուղթ առ Երեւան»ը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած է անգլերէնով:

Թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ հրատարակութեամբ «Հայրենիք» հրատարակչատան (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց), 119 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ նաեւ լոյս տեսած է խմբագիր Վահէ Հապէշեանի յառաջաբանը, որ մանրամասնութեամբ կ՛արժեւորէ Ծառուկեանի կտորը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնն ու գրական ու պատմական արժէքները:

Սոնենց-Փափազեանի եւ Ճանպազեանի «Թուղթ առ Երեւան»ի անգլերէն թարգմանութեան քանի մը մասեր անցեալին լոյս տեսած էին «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ:

Օրինակներ ապահովելու համար այցելեցէք՝ https://www.amazon.com/dp/1727508459

«Շուրջ 16 տարիներ առաջ, Հայ Դատի եւ Հայ Գրականութեան ուսուցիչս՝ Պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը, զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ին եւ յետոյ՝ «Թուղթ առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին,  որ աւելի մօտէն հետեւիմ հայ գրականութեան», ըսաւ Ճանպազեան: «Մեր յոյսն է, որ այս տեսակի թարգմանութիւններ առիթներ կը ստեղծեն, որ մեր գլուխ-գործոցները ընթերցուին ոչ-հայախօսերու կողմէ եւ կրկին անգամ ըլլան ներշնչման աղբիւրներ՝ այս անգամ անգլիախօս սերունդին համար»:

Թարգմանութեան հետ միատեղ, հրատարակութեան մէջ նաեւ լոյս տեսած է «Թուղթ առ Երեւան»ի հայերէն բնագիրը, ինչպէս նաեւ հայրենի գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանի վեց գծանկարներ, որոնք յատկապէս պատրաստուած են նոր հրատարակութեան համար:

«Մեր յոյսն է, նաեւ, որ այս հատորը խթան կը հանդիսանայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մօտեցնելու հայ լեզուին. ճիշդ այդ պատճառով մեզի համար կարեւոր էր, որ հայերէն բնագիրը ընդգրկուի այս նոր հրատարակութեան մէջ», Ճանպազեան ըսաւ:

Հատորին անգլերէն խմբագիրն է Վահէ Հապէշեանը (Լոըլ, Մասաչուսէց), իսկ հայերէնի խմբագիրը՝ Եփրեմ Թոքճեանը (Թորոնթօ, Գանատա):

Թարգմանիչները, խմբագիրները, գեղանկարիչն ու ձեւաւորողները բոլորն ալ սիրայօժար եւ ժրաջանօրէն աշխատած են, որ այս հատորը լոյս տեսնէ: Գիրքի վաճառքի հասոյթը ամբողջապէս պիտի նուիրուի «Հայրենիք» հաստատութեան թերթերու թուայնացման ծրագրին, որուն շնորհիւ «Հայրենիք» օրաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (անգլերէն) եւ «Տը Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի (անգլերէն) ամբողջ արխիւը (այսինքն բոլոր թիւերը) հասանելի պիտի ըլլան հանրութեան:

Գիրքի օրինակներ այժմ կարելի է ապահովել Amazon.com առցանց խանութէն, իսկ շուտով «Հայրենիք» գրախանութէն (80 Bigelow Ave. Watertown, MA 02472) եւ այլ հայկական հաստատութիւններէ:

«Թուղթ առ Երեւան»ի մասին

1944 թուականին, Գէորգ Աբով սովետահայ բանաստեղծ իր «Մենք չենք մոռացել» խորագրով, կարճ, վեց տուներէ բաղկացած բանաստեղծութեան տողերուն մէջ, կը մեղադրէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու իր անդամները իբրեւ հայ ազգի ու ժողովուրդի ամենամեծ դաւաճաններն ու ոճրագործները:

Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղակի խանգարած է Ծառուկեանը: Ի պատասխան «Մենք չենք մոռացել»ին, 1944 թուականին ան գրած է երկարաշունչ «Թուղթ առ Երեւան»ը: Թէեւ Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղուած էր ամբողջ կուսակցութեան, Ծառուկեան իր անձին վրայ առած է բոլոր վատ խօսքերը, ու այդ հասկացողութեամբ ալ որոշած է պատասխանել Աբովի ամբաստանական բանաստեղծութեան:

Աբով ոչ մէկ ակնարկ ըրած է Ծառուկեանին, ոչ ալ ուղղած է բանաստեղծութիւնը իրեն: Ծառուկեան, որպէս դաշնակցական, պարզապէս պարտականութիւնը յանձն առած է պատասխանելու եւ լռեցնելու Աբովին: Ծառուկեան անհրաժեշտութիւնը զգացած է ցոյց տալու սովետամէտ եւ հակադաշնակցական մտաւորականներուն որ սփիւռքի հայութիւնը մեծ զոհողութիւններ կ՛ընէ պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները օտար ափերու վրայ:

«Թուղթ առ Երեւան»ը Ծառուկեան կ՛ուղղէ Աբովի եւ խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս: Ան կը հրաւիրէ զանոնք քաղաքական-քարոզչական մղումներէ հեռու մնալու, եւ արդարօրէն գնահատելու հայոց արդի պատմութիւնը:

Ծառուկեան, իբր Արեւմտահայ գրագէտ, որոշած է գրել «Թուղթ առ Երեւան»ը արեւելահայերէնով. ան ուզած է թէ ժամանակակից Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, բայց նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար:

Հրատարակութեան տարիներուն «Թուղթ առ Երեւան»ը բաւական աղմուկ բարձրացուցած է սփիւռքի եւ հայերէնիքի մէջ ու տարիներու ընթացքին աւելի քան տասն անգամ վերատպութեան արժանացած աշխարհի զանազան գաղթօճախներու մէջ:

Հայ մեծն գրադատ Յակոբ Օշական լման գիրքի մը տարողութեամբ վերլուծական մը գրած է «Թուղթ առ Երեւան»ի մասին՝ «Վկայութիւն մը» խորագրով (1945): Ան Ծառուկեանը կը համարէր «Սփիւռքի առաջին տաղանդաւոր եւ իրա՛ւ բանաստեղծը» եւ «Թուղթ առ Երեւան»-ին մասին գրած է հետեւեալը՝

«Անդրանիկ Ծառուկեան ոչ Սիամանթօ մըն է, ոչ Վարուժան մը եւ ոչ ալ Պ. Դուրեան մը: Ու պէտք ալ չունի ատոնք կամ անոնց շուքը ըլլալու… Ծառուկեան Սփիւռքի տղայ մըն է, որ բախտաւոր օր մը առաւ այդ Սփիւռքէն շերտ մը բան — դուք գրէք Վարուժանի «Ափ մը կարմիր հողը» — նետեց զայն իր սրտի քուրային ու անկէ հանեց արիւնոտ, կենագործեալ իր վկայութիւնը, «Թուղթ առ Երեւան»ը, որ ահա, իր այս ճակատագրովը, այսինքն սիրտէ եկած ըլլալու ճակատագրովը կը գտնուի գրական — այսինքն ուղեղէն եկած — դիւաններէն մեր Սփիւռքին»։