Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Արցախի Եւ Հայաստանի Ի Նպաստ Որոշումներ


Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուցած է Արցախի եւ Հայաստանի նպաստող կարգ մը որոշումներ, որոնք մաս պիտի կազմեն 2018ի պետական ամավարկի արտաքին օժանդակութեանց բաժինին։

Որոշումներէն մէկուն համաձայն՝ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը պիտի աւելնայ՝ հասնելով 20.7 միլիոն տոլարի։

Յանձնախումբը նաեւ որոշեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ զէնքերու վաճառքներու սահմանափակումներ պարտադրել, միաժամանակ շեշտելով Արցախի իշխանութեանց ուղղակի օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս որոշումները, զանոնք համարելով յստակ պատգամներ՝ ժողովրդավարական սկզբունքներ ոտնակոխող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած։

Յիշենք, որ Հայաստանի օժանդակութեան համար առաջադրուած գումարը՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկէն մօտաւորապէս 14 միլիոն տոլար աւելի է։ Նաեւ նշենք, որ ծերակուտականներ Քրիս Վան Հոլընն ու Փեթրի Լիհին էին, որոնք առաջադրած էին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ զէնքերու վաճառքի սահմանափակումները։