Ծնած է Թշնամիին Գնդակէն Զոհուած Արտեոմ Վարդերեսեանի Փոքրիկ Եղբայրը` Արտեոմը


ԵՐԵՒԱՆ․- «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ Յունիս 7ի առաւօտեան լոյս աշխարհ եկած է անցեալ տարուան Մարտ 17ին Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած 20ամեայ Արտեոմ Արսէնի Վարդերեսեանի եղբայրը` փոքրիկ Արտեոմը:

Յիշեցնենք, որ Արտեոմ Վարդերեսեանը ընտանիքին միակ զաւակն էր, յետմահու պարգեւատրուած է Արցախի «Մարտական ծառայութիւն» եւ Հայաստանի «Արիութեան համար» մետալներով:

20ամեայ Արտեոմ Վարդերեսեանի զոհուելէն կարճ ժամանակ անց անոր մայրը անսովոր երազ կը տեսնէ․ Երազին մէջ զոհուած որդին` զինուորական համազգեստ հագած, իր կողքին գտնուող փոքր տղան ցոյց տալով` կ՛ըսէ. «Մա՛մ, այս փոքրիկը նոյնպէս Արտեոմ է, ան շատ նման պիտի ըլլայ ինծի»:

Այս երազէն կարճ ժամանակ անց Արմինէ Վարդերեսեանը կը տեղեկանայ, որ յղի է: Յղիութեան ընթացքին  ան երազին մէջ զոհուած որդին եւս քանի մը անգամ կը տեսնէ, եւ ան միշտ կ՛ընդգծէ, որ եղբայրը պէտք է իր անունը կրէ: Այդ պատճառով, երբ փոքրիկը ծնաւ, ծնողները առանց երկար մտածելու զայն Արտեոմ անուանակոչեցին: Անոնց խօսքով` փոքրիկը իսկապէս նման է մէկ տարի առաջ զոհուած եղբօրը` նոյնպիսի շիկահեր, սպիտակամաշկ, կապտաչեայ: