Կ՛ակնկալենք` Մաքրոն Տէր Կը Կանգնի Իր Խոստումներուն. Մուրատ Փափազեան


«Թերթ»․- «Հայերուն համար կարեւոր է, որ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը շարունակէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի աւանդութիւնը»,- ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան` յիշեցնելով, որ Ապրիլ 24ին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օրը Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը իր նախորդին հետ համայնքի կողքին էր:

«Մեզի հետ ան խօսած է հայերուն համար կարեւոր նիւթերու մասին: Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած` մենք պէտք է միասին քննենք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ յաջորդ փուլը` հաշուի առնելով, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանը բեկանած է խորհրդարանի` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ որդեգրելու որոշումը: Միւս հարցը Հայաստանի հետ տնտեսական կապերը աշխուժացնելն է: Անոր ըսած ենք, որ ղարաբաղեան հիմնահարցը ի նպաստ հայկական կողմին թող լուծուի: Ինք կարծես համաձայն էր, սակայն շեշտը դրած էր անոր վրայ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը միակ ձեւաչափն է, որ կրնայ լուծել հիմնախնդիրը: Ինք պէտք է շարունակէ Ֆրանսայի ջանքերը, ճիգերը` դէպի խնդիրի հայամէտ լուծում: Բացի ատկէ, Մաքրոն մեզի խոստացաւ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ պիտի ըլլայ», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով` վերոնշեալ ծրագիրներու իրագործման պարագային միայն Մաքրոնի ստացած պաշտօնը իրենց համար կրնայ դրական ըլլալ: «Մենք անոր հետ, անոր խումբին հետ պէտք է հետեւինք, որ Մաքրոնի պաշտօնավարութիւնը դրական ըլլայ հայերուն, Հայ Դատին, Արցախին համար», յայտնած է ան:

Փափազեան նաեւ նշած է, թէ ինչպէս բոլոր ֆրանսացիները, ֆրանսահայերը եւս հետաքրքրուած են, որ Ֆրանսայի մէջ տնտեսական պայմանները լաւանան, որուն մասին այդքան կը խօսի նոր նախագահը: «Ես` իբրեւ երկրի տնտեսական զարգացման մասնակից, կը նկատեմ, որ նախագահը նոր ձեւեր, նոր մօտեցումներ ունի, բաւական լաւատես եմ այդ հարցին մէջ», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, հակառակ անոր որ Էմանուէլ Մաքրոն շատ սերտ քաղաքական եւ անձնական կապեր ունի Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, սակայն հայերուն նկատմամբ նոյն քաղաքականութիւնը պիտի չունենայ, բայց եւ այնպէս իր նախորդին շարունակականութիւնը պիտի ապահովէ:

«Մենք պիտի կարենանք թէ՛ իր, թէ՛ իր շրջապատին հետ արձանագրել դրական կէտեր», ըսաւ ան` նշելով, որ այնուամենայնիւ պէտք չէ դադրիլ աշխատելէ: «Շուկային մէջ կան այլ երկիրներ` Ատրպէյճան, Թուրքիա, Էրտողան… այդ երկու թշնամի երկիրները միջոցներ եւ լծակներ ունին», ըսած է ան:

Ակնարկելով այն նշումին, թէ Մաքրոնին աւելի կը հետաքրքրեն տնտեսական շահերը, թերեւս այս պայքարին մէջ մենք պարտութիւն կրենք, Մուրատ Փափազեան նշած է, որ բոլոր նախագահները միշտ ալ առաջնորդուած են տնտեսական շահերով:

«Բոլորն ալ իրենց տնտեսական կապերը զարգացուցած են այդ երկիրներուն հետ` Սարքոզին, Հոլլանտը զարգացուցած են: Մենք չենք ըսեր, որ անոնց հետ պէտք չէ յարաբերութիւններ ունենալ: Այդ մակարդակով չեն մեր պահանջները: Մենք կ՛ըսենք, որ բնական է, որ տնտեսական յարաբերութիւններ ըլլան, սակայն նաեւ բնական է, որ տէր կանգնին իրենց խոստումներուն, մենք ատիկա կ՛ակնկալենք: Մենք ունինք հինգ-վեց պահանջներ, անոնք պէտք է կատարուին, այդ պահանջները չեն հակասեր իրենց` Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ զարգացնելուն», ըսած է ան:

Ըստ Փափազեանի, հայ համայնքին Էմանուէլ Մաքրոնի տուած յստակ խոստումները եղած են` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ ըլլալը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աջակցիլը: «Մենք Ղարաբաղի պարագային բարձրացուցինք ինքնորոշման, միացման խնդիրները», ըսած է ան` նշելով սակայն, որ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու խնդիրին տակաւին չեն անդրադարձած: «Գլխաւոր կէտերուն մասին խօսած ենք, մանրամասնութիւններու մէջ տակաւին չենք մտած, յետոյ այդ խնդիրներուն համար պիտի աշխատինք Մաքրոնի շրջանակին հետ», ըսած է Փափազեան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, այժմ հայ համայնքին համար Ֆրանսայի մէջ լաւ պայմաններ կան, իբրեւ համայնք յարգուած ենք: «Պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Երեւակայեցէք, որ մենք մեր առջեւ ունինք երկու թշնամիներ, որոնք հսկայ պետութիւններ են, եւ հակառակ անոնց, մենք յաղթանակներ կ՛արձանագրենք», ըսած է ան: