Կ՛ուզէի Կամուրջներ Կառուցել, Փոխարէնը Դատուեցայ Ցեղասպանութիւնը Յիշատակելուս Համար․էլիֆ Շաֆաք 


«Սփութնիք-արմենիա»․- Յայտնի թուրք արձակագիր էլիֆ Շաֆաք The Guardian պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմած է իր նկատմամբ հետապնդումներու ու հաշուեյարդարի փորձերուն մասին: Ատոնք սկսած են Թուրքիոյ մէջ իր` «Սթամպուլի բիճը» (The Bastard of Istanbul) յայտնի վէպի հրապարակումէն ետք:

«Սթամպուլը հակամարտութիւններու ու հակադրութիւններու քաղաք է: Մեր պատմութիւնը լի է խզումներով, եւ ամէն նոր եկող իշխանութիւն կը սկսի ջնջելու նախորդ վարչակազմին ժառանգութիւնը: Ես կը գրէի ազգային փոքրամասնութիւններու մասին եւ կը ցանկայի անդրադառնալ անցեալ հարիւրամեակի անպատմելի ողբերգութեան, պատմել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, կիսել ժողովուրդին հետ այդ ցաւը ու փորձել կամուրջներ կառուցել», ըսած է ան:

Գրողը կ՛ըսէ` 2006ին իր գիրքը սկսած է լայնօրէն ընթերցուիլ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ, սակայն թրքական ազգայնական տրամադրութիւններով լրատուամիջոցները կոշտ քննադատութեան ենթարկած են վէպը, իսկ իր նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած էր Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածի յատկանիշներով` թրքութիւնը վիրաւորելու համար: Հեղինակը կը դատապարտէին, որովհետեւ ստեղծագործութեան հերոսներէն մէկը կ՛ապացուցէ Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ապացոյցներու անբաւարարութեան պատճառով` երկու մեղադրանքներն ալ հանուած են Շաֆաքին վրայէն:

Դատավարութիւնը տեւած է մօտ 1 տարի:

«Փողոցներուն մէջ մարդկանց խումբեր կ՛այրէին Եւրոմիութեան դրօշը ու կը թքէին իմ լուսանկարներուս վրայ: Հակառակ ատոր, որ զիս դատարանին մէջ արդարացուցին, ատիկա շատ ծանր ժամանակ էր: Ես ստիպուած էի միշտ շրջիլ թիկնապահի հետ», պատմած է ան:

Թուրք ժամանակակից արձակագիր Էլիֆ Շաֆաքի այս վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է անգլերէն: Այնուհետեւ ինքը՝ հեղինակը,  զայն թարգմանած է թրքերէն:

Վէպին մէջ կ՛արծարծուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման: