Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը Կը Յայտարարէ Ընդունելութիւն


Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը կը յայտարարէ 7-էն  մինչեւ 10 տարեկան աշակերտներու ընդունելութիւն:

Ընդունելութիւնը կը կատարուի հետեւեալ քայլերով.

1) ընդունելութեան դիմումնագրի լրացում,

2) ընդունելութեան փաստաթուղթերու ներկայացում,

3) փաստաթուղթերու ստուգում,

4) գրաւոր քննութիւն` հիմնական գիտելիքներու եւ հոգեբանութեան վերաբերեալ,

5) հարցազրոյց:

Ուսման, կեցութեան եւ ուղեւորութեան բոլոր ծախսերը կը հոգայ Մարդասիրական ճեմարանը:

Ընդունելութեան համար կը պահանջուին հետեւեալ փաստաթուղթերը.

  • Անձնագիր (առնուազն 3 տարուան վաւերականութեամբ),
  • Ծնողներու / խնամակալի կողմէ լիազօրագիր հայոց մարդասիրական ճեմարան յաճախելու համար (նօտարի կողմէ հաստատուած),
  • Մկրտութեան վկայական,
  • Առաջադիմութեան թերթիկ եւ տեղեկանք նախորդ դպրոցէն,
  • Բժշկական տեղեկանք առողջութեան վերաբերեալ
  • Լուսանկար 4 հատ, (անձնագրային չափի), նաեւ ելեկտրոնային տարբերակով (սկաւառակի վրայ),
  • Միջնորդագիր հոգեւոր հովիւի կողմէ,
  • Ընկերային տեղեկատուութեան մասին զեկոյց ծնողներուն կողմէ:

Դիմումները ներկայացնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն 2019-ի Փետրուար 10-էն, ամէն օր, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն, ժամը` 10:00-16:00, հասցէ`  Էջմիածին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածք:
Տեղեկութիւններու համար
1. զանգահարել` (010) 517 199 հեռախօսահամարով,
2. գրել` mayratorqdk@gmail.com էլ.հասցէին:

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել http://www.armeniancollege.edu.in կայքէջը եւ https://www.facebook.com/ArmenianCollegeAndPhilanthripicAcademy  ֆէյսպուքեան էջը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգ