Կաղանդի Հրաշքը Մեր Հոգիին Մէջն է


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հաստ պարանի մը գունաւոր օղակները իրենց պզտիկ մատներով բռնած տասնհինգ աշակերտներ եւ մենք՝ երեք ուսուցչուհիներ, պտոյտի ելանք դպրոցին կից մայթին վրայ։ Նպատակը մաքուր օդ շնչելը, ձմրան ցուրտին ընտելանալը, միեւնոյն ժամանակ շրջակայ վայրերուն մասին գաղափար մը կազմելով հաճելի վայրկեաններ անցընելն էր։

Բնականաբար շատ դանդաղ քայլերով կը յառաջանային տակաւին հինգ տարեկանը չամբողջացնող պզտիկները։ Ձիւնառատ մայթերուն վրայ քալելը դիւրին չէր։ Երբեմն կ’իյնային անոնք, երբեմն ալ անոնց գլխարկները կամ ձեռնոցները անհնազանդ քամիին զոհը կը դառնային ու անոր սուլոցին տարուելով գետին կ’իյնային։

Պզտիկներուն համար համբերանքի, յարգանքի եւ միասնութեան դասեր քաղելու առիթ հանդիսացող այդ երեւոյթները իրարու կը յաջորդէին։ Պահը ապրելով սորվելու ու սորվեցնելու գաղափարը յաճախ մագնիսած է զիս։ Հիմա, պզտիկները պիտի համբերէին մինչեւ որ իրենց գետին ինկած ընկերը ոտքի կանգնէր եւ ուրիշ մը վերստանար քամիէն թռած գլխարկը կամ ձեռնոցը, զիրար յարգելով պիտի սպասէին մինչեւ որ ամէն ինչ իր տեղը դրուէր եւ յետոյ շարունակէին իրենց պտոյտը, իսկ միասնութեան օղակը հանդիսացող պարանին գունաւոր օղակներէն բռնած տարբեր անձնաւորութեան տէր պզտիկներ միասի՛ն պիտի շարունակէին երգելով սկսած իրենց ճամբան։

Պզտիկներուն համար անակնկալներով լի ճանապարհ մըն էր այդ պտոյտը, ուր ամէն քայլափոխին հարցում մը, զարմանալու առիթ մը եւ կամ նորութիւն մը նշմարելու իրարայաջորդ ֆիլմաշար մը կար հոն։ Ես այդպէս կը կարծէի, մինչեւ որ իսկապէս հասկցայ, թէ այդ ճանապարհին վրայ ամէն օր քալող ու Աստուծոյ պարգեւած բոլոր գեղեցկութիւնները չտեսնողը ես եմ։ Ե՛ս եմ, որ շատերուն նման մարդկութեան յատկացուած պարգեւ զգայարանքներուս դէմ պատ մը քաշած, առօրեայ հեւքիս մէջ, կորսնցուցած եմ այդ հրաշալի պահերու համն ու հոտը վայելելու, ապրած անվերադարձ պահին հրապոյրը զգալու եւ տեսարան մը դիտելով զայն ամբողջութեամբ ըմբոշխնելու պատեհ հաճոյքը։

Դպրոցէն քանի մը քայլ անդին զոյգ մը թուփ, որոնց մէջէն թռչուններուն ճլվըլոցը երաժշտանոցի պատուհանէն լսուած ուրախ երաժշտութիւնը կը յիշեցնէ։ Ձմրան բուքէն պաշտպանուելու համար իրենց բոյները այդ կանչապատ թուփերուն մէջ հիւսած տասնեակ զոյգեր նոր կեանքի աւետիսը կը փոխանցեն մեզի։ Կին մը, նախորդ օրերուն պէս, իր սեւուկ շնիկով կ’անցնի պզտիկներուն քովէն, շնիկը կը նստի ճերմակ գորգին վրայ ու թաթը բարձրացնելով բարեւ կու տայ անոնց։ «Չի՛ խածնէր, պզտիկները շատ կը սիրէ», կ’ըսէ կինը ու մեր փոքրիկները երջանկութեամբ կը բարեւեն անցորդ շնիկին ու երբեմն ալ ուրախութեան ճչոցներ կ’արձակեն անոր պոչիկին արագ շարժումներով տարածուած ձիւնին պաղութիւնը իրենց դէմքին վրայ զգալով։ Դէմի մայթին վրայի բնական եղեւնիին ճիւղերուն վրայ օրօրուող գոյնզգոյն խաղալիքները ցոյց կու տանք պզտիկներուն ու անոնք կը սկսին կաղանդի երգեր արտաբերել։ Թաղը կը դառնանք ու խանութներուն ցուցափեղկերը մէկ-մէկ կը զննենք։ Ո՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ իրեր տեղադրուած են ապակիին միւս կողմին վրայ տարածուող լուսաւոր սենեակներուն մէջ։ Հսկայ տօնածառերը ու մեծ արձաններով մսուրները պզտիկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն. իւրաքանչիւր մսուրին մէջ քնացող Յիսուս մանուկին նայելով՝ «Look! Baby Jesus», հիացմունքով կը բացագանչեն աչքերնին խոշոր բանալով ու միաբերան՝ «Silent Night» երգը կ’երգեն։ Խանութներուն ներսն ու դուրսը, առանձնատուներուն պարտէզները, շէնքերը ու ամէն կողմ տեղադրուած իւրաքանչիւր առարկայ եւ տեսարան նկատելով՝ «Wow», բացականչութիւնը կը լսենք մանուկներուն բերանէն։

Երկու ամիս շարունակ, օրական չորս անգամ անցած եմ այս ճամբայէն, աւելի ճիշդը շտապած ու չուշանալու համար վազած եմ այս ճամբայէն ու միայն հիմա է, որ կը նշմարեմ հոն եղող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որ պզտիկներուն բացականչութեան ընդմէջէն կու գայ բանալու հոգիիս աչքերը։ Ամիսներ շարունակ ինչպէ՞ս չեմ նկատած այս գեղեցիկ առանձնատուները, որոնք իրենց ճերմակապատ կտուրներով ու փոքրիկ պատուհաններով, մանկութեանս օրերուն, ընկերուհիներէս ստացած տօնական քարտերու վրայի տուները կը յիշեցնեն ինծի։ Ինչո՞ւ անոնց ծխնելոյզին նայելով Կաղանդ Պապուկին հոնկէ գալը մոռցած եմ, եւ մշտատալար եղեւնիներու կանաչով չեմ ջերմացուցած պաղ ձեռքերս։ Ինչո՞ւ ցուցափեղկերուն ետեւի գեղեցիկ կահոյքին արուեստի կտոր մը ըլլալը չեմ ընկալած արուեստագէտի հոգիովս կամ դէմի մայթին վրայ գտնուող վերանորոգ շարժապատկերի սրահին մէջ ֆիլմ մը դիտելու մտածումն անգամ մոռցած եմ։ Ինչո՞ւ ամէն օր հոնկէ անցնող շնիկին քովէն աննշմար անցած ու չեմ բարեւած զինք կամ ձիւնին վրայ քալելու հաճոյքը զգալու փոխարէն դժկամելով անցած եմ այդ անարատ սպիտակագորգ ուղիէն։ Անձրեւոտ օրերուն մոյկեր հագած փոքրիկին՝ ցեխերուն մէջ ցատկելով ստացած գերագոյն հաճոյքը դիտելով ինչպէ՞ս չեմ ծիծաղած, ու հիմա նոյն փոսին մէջի հաւաքուած ձիւնով ձիւնէ մարդ շինող պզտիկին օգնութեան նպատակով ինչպէ՞ս ձեռք չեմ երկարած։ Ի վերջոյ ինչո՞ւ թռչուններուն երգն անգամ աղմուկի վերածուած է ինծի համար ու թուփերն անգամ անյետացաց են տեսողութեանս դաշտէն։

Կեանքի հե՞ւք, աշխատա՞նք, ապրուստդ հոգալու խնդի՞ր, առօրեայ մանր-մունր կամ մեծ հարցե՞ր, անհանգստութի՞ւն, մտահոգութի՞ւն…Ասոնցմէ որմէ՞կը իրաւունք ունի խլելու Աստուծոյ կողմէն մեզի շնորհուած պարգեւները։ Որո՞ւն ափին մէջ սեղմուած ու կռնակին ետեւ պահուած է մեր շուրջը գտնուող ու միշտ հոն եղող գեղեցկութիւնները նշմարելու եւ կամ ապրելու համար անհրաժեշտ թթուածինը լիաթոք շնչելու հնարաւորութիւնը տուող կախարդական փայտիկը։ Որո՞ւն…

Մանուկներու աշխարհը ներթափանցելով հասկցայ, որ ո՛չ թէ մէկ անգամ պիտի ապրինք ու մէկ անգամ մահանանք, այլ ամէն երկվայրկեան պիտի ապրինք ու մահուան մասին պիտի մոռնանք։ Նոր Տարուան ու Ս.Ծնունդի տօնական օրերու շեմին մանուկի անմեղ աչքեով պէտք է դիտենք մեր շուրջը գտնուող աշխարհը, Կաղանդի ծառէն կախուած իւրաքանչիւր խաղալիքին գոյներով զարդարենք մեր կեանքը ու տօնածառին լոյսերով ողողուած, մանուկի լաւատեսութեամբ, ուրախանանք ու երջանկացնենք մեր շուրջինները։ Ո՛չ միայն տօնական օրերուն, այլ ամէ՛ն օր մեր զգայարանքներուն դռները բանանք Աստուծոյ տուած բոլոր պարգեւներուն առջեւ։ Ծնունդի Աւետիսին հետ մեր հարազատներուն ու բարեկամներուն աւետենք, որ հրաշքները միշտ պատահած են ու կը պատահին այնքան ատեն, որ մենք կը նաւարկենք համբերութեան ու խոհեմութեան նաւուն ղեկին ետին, հաւատքով հասնելու ապահով ափ։

Ես իմ հոգիիս խուլ անկիւնը թաղուած գտայ կախարդական փայտիկս ու Կաղանդի օրով զայն վերակենդանացուցի լիաթոք շնչելու նպատակով, իսկ դո՞ւք…Դուք ո՞ւր պահած էք այդ կախարդական փայտիկը…