Կարաւանատուն եւ Մէխանա Փիլաւ


մեյխանա փիլաւ

Սոնիա Թաշճեան


ՙՄետաքսի Ճանապարհ՚ ըսելով պիտի պատկերացնել Արեւելք-Արեւմուտք, Հիւսիս-Հարաւ աշխարհները իրար կապող հսկայական տարածք մը, ուրկէ անցած են տարբեր մշակոյթներու անթիւ բանակներ, կարաւաններ․․․․: Այդ ճանապարհը եւ ծովային եւ ցամաքային էր․ սովորաբար աւելի ապահով կը համարուէր  ճանապարհորդել գետերու հովիտներու երթուղիներով: Հայաստանը գտնուելով երբեմնի այդ ճանապարհի խաչմերուկներուն վրայ, պատմական շատ սկզբնաղբիւրներու մէջ բազմիցս կը յիշատակուի իջեւանատուներու կառուցման մասին, ի թիւս կամուրջներու, պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու: Անոնք ծառայած են իբրեւ օթեւան, պանդոկ, հիւրանոց կարաւաններու համար, դարերու ընթացքին ձեւաւորելով հիւրընկալութեան եւ մարդասիրութեան բնաւորութիւն մեր ժողովուրդին մէջ. ան առիթ հանդիսացած է զարգացնել վաճառականութեան ջիղը․ ինչպէս նաեւ տարբեր աշխարհներու մասին պատմութիւնները առաջ են բերած պանդխտութեան երեւոյթները: Հեքիաթներու մէջ հանդիպող ՙկարաւան կտրելու գիշեր՚ թեւաւոր խօսքը կը նշանակէ պարզ, լուսնկայ գիշեր, բայց այն կը յիշեցնէ մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցած կարաւանատուներու հինաւուրց մշակոյթին մասին:

Երբեմնի հզօր ու շքեղ մայրաքաղաք Անին եղած է միջնադարեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, նաեւ որպէս առեւտրական քաղաք․ Անիի միջնաբերդի 40 դարպասները կը վկայեն անոր երբեմնի աշխուժ կեանքի մասին: Քաղաքաշինութեան մէջ կարեւոր տեղ են գրաւած օթեւանատուները, որոնց ՙխանապար՚ անունն է տրուած: Դժբախտաբար այսօր աւերակ են դարձած, սակայն Դուին մայրաքաղաքէն դէպի Անի տանող ճամբուն վրայ դեռեւս 13-րդ դարէն կանգուն է Արուճի օթեւանատունը․ նոյն ճամբուն վրայ Շիրակի մարզի Ջրարփի գիւղին մէջ գտնուող կարաւանատունը գեղեցիկ, կամարակապ դահլիճի մը մնացուկն է:

Հայաստանի պատմական յուշարձաններու շարքին մէջ իր առանձին ուրոյն տեղն ունի Սելիմի կարաւանատունը կամ քարւանսարան, որպէս վկայ այն բազմաթիւ օթեւաններէն, որոնք եղած են ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Ան կը գտնուի համանուն լեռնանցքի վրայ․ շինութեան մուտքին պահպանուած է հետաքրքրական արձանագրութիւն մը․ ՙՅանուն ամենազօր եւ զօրեղ Աստուծոյ, 1332 թուականին, աշխարհի տիրակալ Պուսայիտ խանի օրոք, ես` Չեսար, իշխանաց իշխան Լիպարիտի որդին, եւ մայրս` Աննան, Իւանէի թոռը, եւ իմ եղբայրները` առիւծներու պէս գեղեցկատես իշխաններ Պուրթելը, Սմբատը, Էլիկումը Օրբելեաններու ազգէն, եւ իմ կինը` Խորիշան, Սերիկարիմաններու Վարդանի դուստրը, կառուցեցինք այս հոգեւոր տունը մեր եղբայրներու հոգիներու փրկութեան համար, նաեւ իմ կենդանի եղբայրներ ու որդիներ` Սարգիսի, Յովհաննէս քահանայի, Քուրդի եւ Վարդանի համար: Աղաչում ենք ձեզ, անցորդներ, մեզի յիշել Քրիստոսի մէջ: Կառուցումը սկսած է Եսայու քահանայութեամբ եւ աւարտուած անոր աղօթքներու շնորհիւ, 1332-րդ տարում՚:

Հին Երեւան քաղաքին մէջ եղած են 8 մեծ կարաւանատուներ, որոնցմէ ամենամեծը` Գիւրճին է, որ կը նշանակէ վրացական (գյուրճի = Georgia)․ այդպէս է կոչուած, որովհետեւ Թիֆլիսէն եկող կարաւանները այնտեղ են հանգրուանած: Այն կառուցուած է 17-րդ դարուն, Ղանթարի անունով հրապարակի մօտ, որ շուկային կից էր․ օթեւանատունը ունէր հիւրասենեակներ, ախոռ, պահեստ, մեծ ու փոքր խանութներ ու կրպակներ:

Բնականաբար օթեւանատուներու յատուկ խոհանոց պիտի ձեւաւորուէր․ պազիրկան բառը պարսկերէնէն անցած է մեր լեզուի մէջ եւ կը նշանակէ վաճառական: Մուսալերան խոհանոցին մէջ կան պազրկանի անունով քանի մը աղցանատիպ ճաշեր, որոնք համարուած են հովիւի ճաշ, գուցէ առաջ եղած են ճանապարհորդային թեթեւ ճաշե՞ր: Պարսկահայերու խոհանոցին մէջ եղած է բեզիրկան անունով կիսաջրիկ ճաշ մը, որուն մէջ հացը բրդելով կը ճաշակեն: Արիշտայով պազըրկան աշի ապուրը սորված եմ ապարանեան արմատներով եղվարդցի Հայաստան տատիկէն: Շատ հաւանաբար ճանապարհներու վրայ երկար թափառելէն յետոյ, երբ հասած են կարաւանատուն, նախընտրած են սնուիլ իւղալի, հիւթեղ, տաք ապուրով, ինչպիսին են վերոյիշեալ ապուրները: Եւ վերջապէս, Ուրֆայի աւանդական խոհանոցին մէջ կայ մէյխանա փիլաւ անունով մսային փիլաւը: Մէյխանա կամ մէխանա, պարսկերէն բառ է, որ կը նշանակէ պանդոկ, գինետուն, օթեւանատուն, իջեւանատուն: Այս ճաշը սովորաբար կը պատրաստուէր Ուրֆայի նմանատիպ ճաշարաններու մէջ, անկէ ալ եկած է անուանումը:

Բաղադրութիւնը

300 կրամ աղցած իւղոտ միս
2 սոխ
1 կանաչ պղպեղ
1.5 գաւաթ խոշոր կորկոտ
2 ճաշի դգալ լոլիկ – պղպեղի մածուկ
3 գաւաթ ջուր
կարմիր եւ սեւ պղպեղ
աղ

Պատրաստութիւնը

Միսը տապկել ինքն իր իւղով, աւելցընել մանրուած սոխն ու պղպեղը, թմրեցնել. խառնել մածուկն ու համեմունքը, ջուրն ու կորկոտը եւ եփել մարմանդ կրակով, մինչեւ որ ջուրն ամբողջութեամբ ներծծուի:

պազրկան աշի

 

ձիթապտուղով պազրկանի

 

պանրով պազրկանի

 

Գյուրճի քարվանսարա

 

Սելիմի կարավանատուն

 

Ջրարփիի կարավանատուն