Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել 1915ի Տեղահանութեան Մասին Օրէնքին Հետեւանքները


Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին ներկայացուցած 1915ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ բնակչութեան բռնի գաղթեցման ու աքսորի հրամանագիրներու ուսումնասիրութեան վերաբերեալ գրաւոր պահանջք եւ խորհրդարանի նախագահութենէն խնդրած հրապարակել ժամանակի պետական պաշտօնեաներու անունները, որոնք պատասխանատու են անմեղ մարդոց մահուան համար:

«Ժամանակաւոր տեղահանութեան օրէնք»ը ընդունուած էր 1915ի Մայիս 27ին եւ ուժի մէջ մտած էր նոյն թուականի Յունիս 1ին «Takvim-i Vekayi» պաշտօնաթերթին մէջ տպագրուելէն ետք:

Փայլան պահանջած է ուսումնասիրել այդ ժամանակարշրջանի կառավարութեան եւ պետական պաշտօնեաներու պատասխանատւութեան հարցը եւ տեղահանութեան հետեւանքներուն մինչեւ օրս շարունակուող ազդեցութիւնը:

«Թէեւ այդ հրամանագրի ընդունումէն անցած է 102 տարի` ատոր արդիւնքն ու հետեւանքը մինչեւ այսօր չէ ուսումնասիրուած խորհրդարանին կողմէ: Յայտնի է, որ հրամանագրի իրականացման ծիրէն ներս տեղի ունեցած են մեծ թիւով մահեր, մշակութային արժէքներ ու անշարժ գոյք բռնագրաւուած է կամ ալ առգրաւուած է պետութեան կողմէն։

Հայ պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ նաեւ խորհրդարանին ներկայացուցած է Թալէաթ փաշայի յիշողութիւններու արխիւէն կարեւոր հատուածներ, որոնք կը վկայեն, որ 1914էն 1917 մահացած է Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի շուրջ 1 միլիոն 150 հազար հայ, այսինքն` կայսրութեան հայ բնակչութեան շուրջ 77 տոկոսը:

Կարօ Փայլան նաեւ ընդգծած է, որ 102 տարի առաջ նոյն ժամանակաշրջանին տուժած են յոյները, եզիտիները, ասորիներն ու քելտանիները: