Կեանքէն Հեռացած է Աշխարահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւորը․ AFP


Ռատիօ Ֆրանս Ինթէրնասիոնալը կը հաղորդէ, որ աշխարահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւոր կնքած է իր մահկանացուն 94 տարեկան հասակին։

Նշենք, որ Ազնաւուր օրեր ետք պէտք է ժամանէր Հայաստան` ներկայ գտնուելու Ֆրանսախօս երկիրներու  Երեւանի գագաթաժողովին: Աւելին` Հոկտեմբեր 11ին նախատեսուած էր անոր ելոյթը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Ազնաւուր վերջին անգամ Հայաստան եկած էր 2017ի գարնանը` ներկայ գտնուելու Մայիսին 28ին կայանալիք «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան արարողութեան: Իսկ Մայիս 29ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ան ներկայ եղած էր իրեն նուիրուած  «Լա Պոհեմ» մէկ գործողութեամբ պալեթային ներկայացման առաջնախաղին: Յունիս 1ին նոյնպէս Ազնաւուրին նուիրուած համերգ էր` «Քեզ համար, Ազնաւո′ւր» խորագիրով, որուն ներկայ էր երգիչը:

Շարլ Ազնաւուր (իսկական անունը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) ծնած է 1924ի Մայիս 22ին Փարիզ՝ հայ գաղթականներ Միքայէլ եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ: 

Շարլի հայրը` Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքը: Անոր ընտանիքը ամուր կապուած էր ազգային սովորոյթներուն, մայրենի լեզուին, եկեղեցիին: Ծնողները կը մասնակցէին հայերու կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Վաղինակը: Մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շարլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր  եկեղեցւոյ մէջ: 

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի յայտնի երգիչներու համար: 1946ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Պիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959ին` Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներու մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա, «Իզապել», «Երկու կիթառ», «Սիրուց յետոյ», «Ջահելութիւն» եւայլն: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն է: Երգած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինգոյի, Լայիզա Մինելիի, Միրէյ Մաթէոյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերեթային երաժշտութիւն:

Ազնաւուր նկարահանուած է 60էն աւելի ֆիլմերու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակի: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալտեսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը` Մոսկուայի մէջ): 

1995էն ՀՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009ին նշանակուած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թեքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով: 2009ին ճանչցուած է 20 դարու լաւագոյն երգիչ:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004 ) յուշագրութիւնները: 

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000ին Գիւմրիի մէջ` անոր անուան հրապարակին մէջ, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը: