Կեանքէն Հեռացած է Գէմպրիճի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Երկար Տարիներու Հովիւ Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան


Յունիս 3-ին, Գէյպրիճի մէջ,  յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեան։

Վեր. Սարմազեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի մէջ։ Շրջանաւարտութենէն անմիջապէս ետք, ան նշանակուած է հովիւ` Անճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Տնօրէն՝ Անճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի։ 22 տարիներու ծառայութենէ ետք, Վերապատուելին ընտանեօք փոխադրուած է Գանատա եւ ծառայած է որպէս Հովիւ Գէյմպրիճի (Օնթարիօ) Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ 50 տարիներու եկեղեցական  ծառայութենէ ետք, ան պաշտօնապէս հանգստեան կոչուած է Յունուար 2018-ին, սակայն շարունակած է ծառայել հոն ուր կանչուած է քարոզելու։

Մահուան առիթով Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ հոգաբարձութիւնութիւնը հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

“Սրտի խոր ցաւով իմացանք Վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի մահը: Երկրէն երկինք մեկնող Աստուծոյ զաւակ մը, զինուոր մը, մեղքին դէմ պայքարող մը, ծառայող մը ընտանիքին, Եկեղեցիին, և ազգին: Ընտիր անօթ մը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան երկար տարիներ Ենովքի նման Աստուծոյ հետ քալեց, Քեսապէն սկսեալ անցնելով Այնճարէն և ապա Գէմպրիճ (Օնթարիօ):

Գէմպրիճի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին մէջ Վերապատուելին 28 երկար տարիներ ծառայեց իբր Հովիւ, սիրեց ու սիրուեցաւ ոչ միայն Հայ Աւետ. Համայնքէն ներս այլ նաև տարբեր համայնքներէն ներս: Ան նուիրուած ծառայեց բոլորին. անոր հեզութիւնը և Աստուածային առաքինութիւնները ցայտուն էին իր կեանքին մէջ, այսպէս մեծ Օրհնութիւն դարձած էր եկեղեցիին ու ազգին:

Վերապատուելին Աստուծոյ խօսքին խորունկ գիտութիւնով իր հօտը սնուցանեց և հաւատքի մէջ հաստատեց որու համար Աստուծոյ փառք կուտանք: Վերջերս իր հիւանդութեան պատճառաւ ֆիզիքապէս չէր կրնար ներկայ ըլլալ Եկեղեցւոյ Պաշտամունքներուն սակայն ան իր տան մէջ Աղօթքով կը մասնակցէր մեզի հետ: Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան ժամանակաւորապէս մեզմէ բաժնուեցաւ իր սիրած Փրկչին միանալու և իր շատ սիրած առաքինի կողակիցին:

Վերապատուելին յաւիտենական կեանքի յոյսով ապրեցաւ ու այդ յոյսով իր աչքերը փակեց այս Աշխարին: Թող Սուրբ Հոգին, մխիթարէ զաւակները՝ Զելան, Վարանդը, Պարէթը, եւ Սարմազեան, Գագուսեան, Ճանպազեան, Հասըրճեան ընտանիքները:
Օրհնեալ ըլլայ Վերապատուելիին յիշատակը”: