Կեանքէն Հեռացած է Երուսաղէմի Հայ Դատի Գրասենեակի Ղեկավար Ժորժեթ Աւագեանը


Յունիս 13-ին մահացած է երուսաղէմահայ ազգային-հասարակական գործիչ, Երուսաղէմի Հայ Դատի հերթապահ Ժորժեթ Աւագեանը:

Ժորժեթ Աւագեան ծնած է 1938-ին, Իսրայէլի Ռամի գիւղը:  Մանկավարժ, հոգեբան, ինչպէս նաեւ արաբերէն լեզուի, գրականութիւն, Ընդհանուր եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւն մասնագէտ է: 

1976-1977 թուականներուն վերապատրաստման ծրագիրով մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ ուսանած Հարվըրտի համալսարանի Կրթութիւն եւ կրթութեան կառավարում բաժնին մէջ: 1990-ին ստացած է Եբրայական համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան բաժնի դոկտորի կոչում:

Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է որպէս ուսուցիչ, դասախօսած է Հայֆայի համալսարանին ինչպէս նաեւ  Իսրայէլի տարբեր քոլեճներու մէջ: 

1974-ին Աբրահամ Սուրթուկեանի հետ հիմնադրած է Երուսաղէմի Հայ դատի մասնաճիւղը: 1985-էն կը զբաղեցնէր Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակի ատենապետի պաշտօնը: 1991-էն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան: 1995-էն Երուսաղէմի ՀՅԴ կոմիտէի անդամ էր:

Ժորժեթ Աւագեանի` Իսրայէլի Մերեց կուսակցութեան եւ այլ քաղաքական կուսակցութիւններու համագործակցութեան արդիւնքով, վերջին տարիներուն քանի մը անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընդգրկուած է Իսրայէլի Քնեսեթի օրակարգին մէջ: 

1988-ին Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ուղեկցած է Իսրայէլէն օգնութեան ժամանած մասնագիտական խումբին եւ տեղւոյն վրայ համակարգած իսրայէլեան մարդասիրական օգնութեան աշխատանքները: 1988-1994-ներուն իր նշանակալի օժանդակութիւնը բերած է Արցախեան հերոսամարտին` կազմակերպելով դրամահաւաք եւ նուիրատուութիւններ: