Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մահացած է Ցեղասպանութիւնը Վերապրած 104ամեայ Հայկ Արթին


Միացեալ Նահանգներու մէջ, 104 տարեկանին մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած յայտնի լուսանկարիչ Հայկ Արթինը։

Հայկ Արթին Գոճապապեան ծնած է 1914-ին`  Համաշխարային Առաջին պատերազմի սկսելէն մէկ շաբաթ ետք։ 4-5 տարեկանին որբացած է։ Տեսած է ինչպէս թուրք զինուորները կը տանին իր մայրը, իսկ հայրը, որ ուսողութեան փրոֆեսոր էր, անհետացած է։ Անոր ընտանիքը հարուստ էր, կը պատկանէր Հաճընի իշխող դասակարգին։

Կ․Պոլսոյ մէջ որոշ ժամանակ մը մնացած է հօրեղբօր մօտ, ապա գաղթած է Մարսէյլ, անկէ Պուէնոս Այրես, իսկ 10 տարեկանին` Նիւ Եորք։

Հայկը տեղափոխուած է Ուաշինկթըն եւ աշխատած է Underwood & Underwood  յայտնի լուսանկարչական ընկերութեան մէջ։ Յետագային բացած է B.Haig Artin լուսանկարչական արուեստանոցները Միլուաքիի շրջանին մէջ։

Ան կը լուսանկարէր ինչպէս հարսնցուներ, այնպէս ալ Սպիտակ տան քաղաքական գործիչներ, նոյնիսկ լուսանկարած է Ֆրանքլին Ռուզվելտը:

Ունի չորս դուստր,  9 թոռնիկ, 17 ծոռնիկ եւ մէկ մեծ ծոռնիկ: