Կեանքէն Հեռացաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Ատենապետուհի Վանուհի Իսաջանեան


Նոյեմբեր 25-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի Վանուհի Իսաջանեան

Ընկերուհի Վանուհին, աւելի քան 65 տարի անձնուրաց նուիրումով ծառայած է ՀՕՄին, սկսելով Հալէպէն մինչեւ Մոնթրէալ, հասնելով հայրենիք եւ մինչեւ հայրենի հեռաւոր գիւղեր ու քաղաքներ։ Իբրեւ ՀՕՄի ատենապետուհի, ընկհ. Իսաջանեանի աւանդը մեծ եղած է 90-ական թուականներուն ՀՕՄի կողմէ Հայաստանին եւ յատկապէս Արցախեան Ազատամարտին նպատակաուղղուած օժանդակութիւններուն գծով։

Ծննդավայր Հալէպի մէջ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք ան կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ecole Superieure des Լettres-ի մէջ կը հետեւի մանկավարժութեան դասընթացքներուն։ Մոնթրէալ կը հաստատուի 1968-ին եւ անմիջապէս կ՚անդամակցի ՀՕՄի Մոնթրէալի մասնաճիւղին։ Շնորհիւ իր կազմակերպչական կարողութիւններուն, ան կը գրաւէ ուշադրութիւնը տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ արդէն տարի մը ետք կ՚ընտրուի վարչական։ Երկար տարիներ, որպէս Մոնթրէալի ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, շուրջը հաւաքելով նուիրեալ ընկերուհիներ, կը տանի օգտաշատ եւ բեղուն գործունէութիւն։

1990-ին ընկերուհին կը դառնայ ՀՕՄի Գանատայի նորաստեղծ Շրջանի առաջին ատենապետուհին եւ ապա 1992ին Հայաստանի մէջ գումարած համահայկական պատգամաւորական ժողովի կ՚ընտրուի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ատենապետուհի։ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 6 տարիներ։

«Հորիզոն»ի մէջ հրապարակուած իր մէկ վկայութեան մէջ ընկհ. Վանուհին կը յիշէ ՀՕՄի գործունէութեան այդ ժամանակահատուածը, նշելով. «ՀՕՄի օժանդակութիւնը երկրաշարժի եւ Հայաստանի անկախութեան օրերուն, եղաւ արագ եւ արդիւնաւէտ։ Գործի առիւծի բաժինը ինկաւ ՀՕՄի ուսերուն։ Հայրենիքի ընկերային պայմանները մղեցին մեզ մշակելու ծրագիրներ՝ օգնելու հայ որբին, հայ զինուորին, հայ կնոջ, հայ աշակերտին եւ ուսուցչին։ Զանազան նախարարութեանց հետ ունեցած իմ տեսակցութիւններս եւ անոնց ցուցաբերած հասկացողութիւնը եւ գործակցութիւնը մեծապէս օժանդակեցին մեր ծրագիրներուն իրագործման։ Ունեցանք դժուար օրեր, բայց ՀՕՄը մնաց Հայաստանի մէջ միշտ պատնէշի վրայ եւ այդ օրերուն էր, որ նաեւ կը տանէինք ՀՕՄի գործիչային եւ դաստիարակչական աշխատանք Երեւանի եւ մինչեւ հեռաւոր գիւղերուն մէջ»։

1974-1980 վարած է Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Անուրանալի է իր ներդրումն ու նպատակասլաց աշխատանքը Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրման գծով։ Եղած է անդամ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց » շքանշանով, իսկ Գանատայի կառավարութիւնը Confédération Canadienne 125-աﬔակի առիթով պատուած է զինք իր տարած բարեսիրական եւ կրթական երակարամեայ աշխատանքին համար:

2016-ին, 17 Սեպտեմբեր թուակիր հրամանագրով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանը։

Իր պաշտած կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան մասին ընկերուհի Վանուհիի վկայակոչումն էր. «ՀՕՄին պատկանիլը մեծ հպարտութիւն մը պէտք է ըլլայ բոլոր ընկերուհիներուն համար եւ մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ անանձնական»։

«Հորիզոն»