Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Նոր Ժողովները Կ՛ընտրուին


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ազգային Ընդհանուր ժողովը Դեկտեմբեր 2017ին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային Ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին կաթողիկոսութեան հիմնախնդիրներէն՝ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, պահանջատիրութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում:

Իր օրակարգերու աւարտին, ժողովը ընթերցեց անկէ բխած բանաձեւերը, կատարեց անոնց քննարկումը եւ ստացաւ առաջնորդարաններէն եւ ժողովէն եկած առաջարկներ: Ապա տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն:

Եզրափակելով ժողովը՝ իր հայրապետական խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատեց ժողովին ընթացքը եւ վստահեցուց, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ջանք պիտի չխնայեն ծառայելու ազգին: Ան նշեց, որ ժողովը քննարկումներու ճամբով լուրջ մտահոգութիւններ արծարծած է, ինչ որ նոր ծրագիրներու մշակման մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ: Վեհափառը յիշեցուց նորընտիր ժողովներուն, թէ կաթողիկոսութեան աշխատանքները համայն հայութեան համար են եւ անոր համար հարկ է թափ տալ թեմերու վերակազմաւորման ու նոր որակով պարուրել աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջացնել կաթողիկոսութիւն-թեմեր գործակցութեան նորարար միջոցներ: Հայրապետը առաջնահերթութիւն նկատեց Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը կատարել ծրագիրներու ճամբով ու աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ «հայ ժողովուրդը կաթողիկոսութեան կիզակէտն է եւ ոչ՝ լուսանցքային. մեկնելով հայ ազգի գերագոյն շահերէն՝ համահայկական մօտեցումով ըսելիք ու ընելիք ունի Ս. Աթոռը»:

«Մեր առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով պիտի շարունակենք: Այդ տեսիլքը մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու միութեան հզօրացմուն է, մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան առաւել աշխուժացումն է: Այս բոլորը մենք միասնաբար պիտի կատարենք. ձեր մասնակցութիւնը մեր հաւաքական աշխատանքին շատ կարեւոր է», եզրափակեց հայրապետը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը (Դեկտեմբեր 8, 2017).

 

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Կոմիտաս արք. Օհանեան, Օշական արք. Չօլոյեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Խորէն արք. Տողրամաճեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Բաբգէն արք. Չարեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան, Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։

 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան (Պէյրութ), Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան (Պէյրութ), Տիգրան Ճինպաշեան (Պէյրութ), Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Պէյրութ), Վրէժ Սապունճեան (Պէյրութ), Յակոբ Եափուճեան (Պէյրութ), Արթիւր Նազարեան (Պէյրութ), Աւետիս Կիտանեան (Պէյրութ), Յակոբ Գըլպաշեան (Պէյրութ), Վահէ Ղազարեան (Հալէպ), տոքթ. Արմէն Տէրեան (Աթէնք), Թովմաս Թովմասեան (Թեհրան), Վահէ Եագուպեան (Լոս Անճելըս), Կայծակ Զէյթլեան (Լոս Անճելըս), տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան (Ուաշինկթըն), տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան (Մոնթրէալ, Գանատա) եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան (Ապու Տապի)։