Կենսունակ Հալէպը


«Գանձասար»ի խմբագրական


Հա­լէ­պի ազա­տագր­ման  յա­ջոր­դող օրե­րուն, քա­ղա­քը արագ կշ­ռոյ­թով իր կեն­սու­նա­կու­թիւնը վե­րագտ­նելու սկ­սաւ:

Պե­տա­կան մար­մին­ներ քա­ղա­քի հրա­պա­րակ­նե­րը մաք­րե­լու, եր­թե­ւե­կու­թիւնը կա­նո­նա­ւո­րե­լու, ծա­ռա­յո­ղա­կան ոլոր­տը բա­րե­լա­ւե­լու աշ­խա­տան­քին ձեռ­նար­կե­ցին ու կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ Հա­լէ­պէն ներս կեան­քը աշ­խոյժ հու­նի մէջ մտաւ:

Հայ­կա­կան առու­մով եւս վե­րա­կանգ­նու­մի առա­ջին քայ­լե­րը տեսանելի դառ­նալ սկ­սան: Դեկ­տեմ­բե­րի աւար­տին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նէն ներս, Նոր Գիւ­ղի վե­րա­կանգ­նու­մի մեկ­նար­կը յայ­տա­րար­ուե­ցաւ: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կի­ոյ կա­թո­ղի­կո­սին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ  Պէյ­րու­թի մէջ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին  նուիր­ուած ժո­ղով մը գու­մար­ուե­ցաւ, որուն ըն­թաց­քին սահ­ման­ուե­ցան վե­րա­կանգ­նու­մի առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը: Հա­լէ­պի Շտապ Օգ­նու­թեան Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նը վեր­ջերս հան­դէս եկաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով` պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին քանդ­ուած գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու ու տն­տե­սա­կան փոք­րա­ծա­ւալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն օժան­դա­կե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նե­լով հա­լէ­պա­հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Նա­խորդ շա­բաթ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը եր­կու մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կեան­քի կո­չեց: Առա­ջի­նը Նոր Գիւ­ղի ըն­տա­նե­կան պար­տէ­զին վե­րա­բա­ցումն էր: Այն պար­տէ­զին, որ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն հայ­կա­կան թա­ղե­րու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նուիր­ուած հայ տղոց կեդ­րո­նը դար­ձած էր: Երկ­րոր­դը Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կին մէջ հա­զա­րա­ւոր հան­դի­սա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան տե­ղի ու­նե­ցած Մա­յիս 28ի փա­ռա­տօնն էր, որուն ըն­թաց­քին Նոր Գիւ­ղը, գէթ քա­նի մը ժամ, վե­րագ­տաւ իր նախ­կին կեն­սու­նա­կու­թիւնը:

Ամիս­ներ առաջ շա­տե­րուն կող­մէ  լք­ուած ու ամա­յա­ցած հա­մա­րուող Հա­լէ­պի վե­րաշ­խու­ժաց­ման այս թա­փը ըմբռ­նե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է անդ­րա­դառ­նալ քա­նի մը երե­ւոյթ­նե­րու:

Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան նկա­տա­ռե­լի մէկ մա­սը երկ­րէն մեկ­նե­ցաւ, մնա­ցող­նե­րը, սա­կայն, ջանք չխնայեցին կենսու­նակ պա­հե­լու քա­ղաքն ու իրենց կեան­քը:

Անոնք, որոնք կորսն­ցու­ցին իրենց գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը, հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի ապա­հով թա­ղա­մա­սե­րու մէջ այլ գոր­ծա­տե­ղի­ներ վար­ձե­լով, շա­րու­նա­կե­ցին իրենց աշ­խա­տան­քը: Ոմանք նոյ­նիսկ փո­խե­ցին իրենց ար­հես­տը, սա­կայն աշ­խա­տե­ցան` ապա­հո­վե­լու իրենց օրա­պա­հի­կը: Այս­պի­սով  քա­ղա­քը ամ­լու­թեան չմատն­ուե­ցաւ:

Հա­լէ­պի կեն­սու­նա­կու­թեան պահ­պան­ման մէջ մեծ դեր ու­նե­ցաւ նա­եւ կր­թա­կան եւ միու­թե­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ան­խա­փան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

Սուր­իոյ պե­տու­թիւնը ամէն ջանք գոր­ծադ­րեց բաց պա­հե­լու վար­ժա­րան­ներն ու հա­մալ­սա­րան­նե­րը` հա­կա­ռակ տն­տե­սա­կան, ապա­հո­վա­կան եւ մար­դու­ժի տագ­նա­պին: Ասի­կա պատ­ճառ դար­ձաւ, որ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի նման պա­տե­րազ­մա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ յայտն­ուած քա­ղաք­ներ, պահ­պա­նեն իրենց ներ­քին կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու կր­թամ­շա­կու­թա­յին կեան­քը` հասց­նելով նոր սե­րունդ­ներ, կր­թա­կան նոր մշակ­ներ:

Հայ­կա­կան առու­մով, վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տու­թեան  թիւը թէ­եւ նօս­րա­ցաւ, սա­կայն կր­թա­կան ծրա­գիր­նե­րը կի­րարկո­ւե­ցան մի­եւ­նոյն խս­տա­պա­հան­ջու­թեամբ: Միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւս մեծ դեր ու­նե­ցաւ նօս­րա­ցած գա­ղու­թի կեն­սու­նա­կու­թեան պահ­պան­ման մէջ:

Հա­լէ­պի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը սկզբ­նա­կան փու­լի մէջ են: Եր­կի­րը տա­կա­ւին կը տուայ­տի պա­տե­րազ­մի յոր­ձա­նու­տին մէջ: Տն­տե­սա­կան, ապա­հո­վա­կան, ծա­ռա­յո­ղա­կան ոլորտ­նե­րուն մէջ առ­կայ են լուրջ խն­դիր­ներ: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ, Հա­լէ­պի վե­րաշ­խու­ժաց­ման թա­փը յոյս ու կո­րով կը ներշն­չէ:

Ուս­տի անհ­րա­ժեշտ է կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին կող­քին, կա­րե­ւո­րու­թեան ար­ժա­նաց­նել նա­եւ մարդ­կա­յին պա­շա­րի վե­րա­պատ­րաստ­ման, կր­թա­կան թէ միու­թե­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս գոր­ծե­լա­ձե­ւե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման, պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած հո­գե­բա­նա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման խն­դիր­նե­րը, որ­պէս­զի սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը ընդ­հան­րա­պէս եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը մաս­նա­ւո­րա­պէս հնա­րաւո­րինս արագ թօ­թա­փեն պա­տե­րազ­մի յա­ռա­ջա­ցուցած բազ­մաբ­նոյթ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը: