Կեսարիոյ Հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի


“Էրմէնիհապեր”․- Այժմեան Թուրքիոյ Կեսարիա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Կեսարիոյ քաղաքապետարանը եկեղեցւոյ վերանորոգման համար պիտի յատկացնէ 3.5 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 915 հազար ԱՄՆ տոլար):

Կեյսարիոյ քաղաքապետարանէն  յայտնած են, որԿեսարիա շրջանի մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան խորհուրդի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, 2018ի տարեսկիզբին պիտի աւարտեն եկեղեցւոյ վերականգման նախագիծը: Այնուհետեւ պիտի սկսին բուն վերանորոգման աշխատանքներուն, որ պիտի տեւէ 4.5 ամիս:

Կը նախատեսուի վերակառուցել նաեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Գիւմուշեան դպրոցի շէնքը, որ 1868 թուականին կառուցած են Դանիէլ եւ Յովհաննէս Գիւմուշեան եղբայրները:

Կեդրոնական Անատոլիոյ ամենահին եկեղեցին, որ կառուցուած է 1191 թուականին, հայերուն համար եղած է կարեւոր ուխտավայր:

Աղբիւրը նաեւ կ՝անդրադառնայ հայերուն համար Կեսարիոյ նշանակութեան` յիշեցնելով, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը ծնած եւ մեծցած է ա՛յդ քաղաքին մէջ: Անոր առաջնորդութեամբ՝ հայոց թագաւոր Տրդատ 3րդը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօն, իսկ Սուրբ Գրիգորը ետ ուղարկած է Կեսարիա, ուր ան օծուած է Հայաստանի առաջին կաթողիկոս: