«Կը Դատապարտենք Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին Որոշումը». Մուրատ Փափազեան


ԵՐԵՒԱՆ․ «Նիուզ»․- Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը  կը դատապարտէ ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունած որոշումը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ անվաւեր համարելը: Այս մասին ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։ «Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը կը դատապարտենք, անիկա անհիմն է, համաձայն չենք այդ որոշումին: Գիտէինք, որ վտանգ կայ, հնարաւոր է, որ մերժէ, ինչպէս 2012ին եղաւ,  բայց լաւատես էինք», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով, Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը չի կրնար պատճառ դառնալ, որպէսզի Ֆրանսայի հայ դատի յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծաւալած պայքարը դադրեցնէ:

«Սահմանադրական խորհուրդը խնդիր տեսաւ եւ անվաւեր համարեց օրէնքը, բայց ատիկա մեզի չի կրնար ստիպել, որպէսզի չպայքարինք, որ Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ: Մենք մեր պայքարը տարբեր ձեւերով պիտի շարունակենք, բայց նախ պէտք է հասկնանք` ինչպէս պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումները ազդած կրնան ըլլալ Սահմանադրական դատարանին վրայ», ըսած է Փափազեան:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը նշած է, որ Ֆրանսայի հայ դատի յանձնախումբը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը ճանչնալու ուղղութեամբ ահռելի աշխատանք կատարած է եւ չի կարծեր, որ Յունուար 26ին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ նման որոշում կայացնելը իրենց թերի աշխատանքին պատճառը կրնար ըլլալ:

«Ֆրանսայի հայ համայնքը արդէն 10 տարիէն աւելի կ՛աշխատի այս օրինագիծի ընդունման համար, իսկ վերջին տարիներուն ահռելի աշխատանք կատարուած է, որովհետեւ նախագահ Օլանտ իր խոստումը կ՛ուզէր կատարել: Ֆրանսացի եւ մեր իրաւաբաններու հետ այս օրէնքի վրայ լրջօրէն աշխատած ենք, որպէսզի այս օրէնքը անցնէր, սակայն, Սահմանադրական դատարանը նման որոշում կայացուց», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Յունուար 26ին անվաւեր համարեց ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունած որոշումը:

Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջած է օրէնքի այն կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ այլ յանցագործութիւններու ուրացման համար տուգանքին: