Կը Զրուցենք «Ռոսլին Փրէս» (Roslin Press) Հրատարակչական Հիմնադիրներէն` Հայկ Նորեանի Հետ


Հայկ Նորեան

Հայ մանուկներուն համար ընթերցանութիւնը հաճոյքի վերածելու միտող «Ռոսլին Փրէս» հրատարակչական ընկերութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն միջազգային գրականութեան գործերուն հայերէն տարբերակը կը հրապարակէ: Այսպէս՝ արդէն հրատարակուած է «Նարնիայի Քրոնիկները» վիպաշարը, իսկ VLUME APP-ի շնորհիւ թուայնացած (digital) նոր գիրքեր (ձայնագիրք ու ել-գիրք) կը հրապարակուին ամէն շաբաթ: Մայիս 8-էն սկսեալ VLUME-ի վրայ հասանելի պիտի ըլլայ «Գանձերու Կղզին» (Treasure Island) հայերէնի թարգմանուած յայտնի շարժապատկերը:

«Ռոսլին Փրէս»ի աշխատանքներուն ծանօթանալու համար մեր թղթակից Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանը հեռակայ հարցազրոյց մը ունեցաւ հրատարակչատան հիմնադիրներէն Հայկ Նորեանի հետ:

 

                                                                     «Նարնիայի Քրոնիկները» վիպաշարը

Հ- Կը ներ­կա­յաց­նէ՞ք ­ման­կա­պա­տա­նե­կան աշ­խար­հը իր այ­լա­զան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով հարս­տաց­նող «Ռոս­լին Փրէս» (Roslin Press) հրա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, հիմ­նա­դիր­ներն ու աշ­խա­տա­կից­նե­րը։

Պ- «Ռոս­լին Փրէս» հրա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է Մա­յիս 2016-ին գլխա­ւոր նպա­տակ ու­նե­նա­լով մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րու հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւ­նը: Այժմ կեդ­րո­նա­ցած ենք ման­կա­պա­տա­նե­կան հան­րա­ծա­նօթ գիր­քե­րու թարգ­մա­նու­թեան վրայ:

Կը հա­ւա­տանք որ գրա­սի­րու­թիւ­նը պէտք է քա­ջա­լե­րել եւ ա­նոր հա­մար կ’աշ­խա­տինք մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը հա­սա­նե­լի դարձ­նել բո­լո՛ր­ ըն­թեր­ցող­նե­րուն, բո­լո՛ր ­մի­ջոց­նե­րով՝ տպա­գիր, թո­ւա­յին եւ ձայ­նա­յին, այ­սինքն՝ նոր շուն­չով եւ այժ­մէա­կան մի­ջոց­նե­րու ըն­ծա­յած դիւ­րու­թիւն­նե­րով (PC, iOS, Android):

 

Հ- VLUME App-ի շնոր­հիւ թո­ւայ­նա­ցած գիր­քե­րը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ անվ­ճար են ու հա­սա­նե­լի բո­լո­րիս։ Թո­ւայ­նա­ցած քա­նի՞ գիր­քեր կը բո­վան­դա­կէ Vlume App-ը։ Բո­լոր գիր­քե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ե՞ն:

Պ- VLUME-ի ան­նա­խըն­թաց ծրագ­րի մշա­կու­մին մաս­նակ­ցած ենք ա­ռա­ջին օ­րէն, երբ թո­ւա­յին գրա­դա­րա­նի գա­ղա­փա­րը տա­կա­ւին ան­կա­րե­լի կը հնչէր: Այ­սօր ծրա­գի­րը կը հրամց­նէ հա­րիւ­րա­ւոր գոր­ծեր մէկ­տե­ղո­ւած, ու այդ շար­քին հպարտ եմ ը­սե­լու որ մենք, որ­պէս հրա­տա­րակ­չա­կան միու­թիւն ա­ռա­ջին էինք ծրա­գի­րին միա­նա­լու ա­ռու­մով: Որ­պէս VLUME-ի ա­մէ­նօ­րեայ ըն­թեր­ցող կրնամ ը­սել, որ ա­մէն շա­բաթ նոր գիր­քեր կ’ա­ւել­նան հար­թա­կին վրայ նոր ու դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեամբ, Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ու Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն լե­զո­ւա­ճիւ­ղե­րով, ձայ­նա­գիր­քե­րու ու ել-գիր­քե­րու տար­բե­րակ­նե­րով:

 

Հ- «Նար­նիա­յի Քրո­նիկ­նե­րը» վի­պա­շա­րի աշ­խար­հահռ­չակ հա­տոր­նե­րու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տար­բե­րա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը ինչ­պէ՞ս­ ըն­թա­ցան, ո­րո՞նք­ էին թարգ­մա­նիչ­նե­րը։

Պ- Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ լոյս տես­նել բարձր ո­րա­կով, ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից, հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քի ա­մէն մէկ հանգ­րո­ւա­նի ըն­թաց­քին, բա­ցի իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ՝ հոն ա­ւել­ցուց սի­րոյ մեծ բա­ժին մը: Ա­ռա­ջին հա­տո­րը թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ «Հե­րոս­նե­րը Ամ­րան կը Մեռ­նին»ի հե­ղի­նակ Քրիս­տիան Բա­տի­կեա­նի կող­մէ, իսկ յա­ջորդ հա­տոր­նե­րը թարգ­մա­նո­ւե­ցան ման­կա­կան նիւ­թե­րու հե­ղի­նակ ու թարգ­մա­նիչ Նա­նոր Մի­քա­յէ­լեա­նի կող­մէ: Թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը վա­յե­լե­ցին դոկտ․ Վար­դան Մատ­թէո­սեա­նի խմբագ­րու­թիւ­նը: Գիր­քե­րուն վրայ յի­շած ենք ա­նուն­նե­րը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ներդ­րում ու­նե­ցան սրբագ­րե­լու, զար­դա­րե­լու ու տպագ­րե­լու բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ:

 

Հ- «Նար­նիա­յի Քրո­նիկ­նե­րը» վի­պա­շա­րի տպա­գիր օ­րի­նակ­նե­րը ինչ­պէ՞ս կր­նան ձեռք բե­րել սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ ա­շա­կերտ­նե­րը։ Գրա­խա­նութ­նե­րու մէջ կը վա­ճա­ռո­ւի՞ն­ ա­նոնք։

Պ- «Նար­նիա­յի» բո­լոր հա­տոր­նե­րը կրնաք գտնել Լոս Ան­ճե­լըս՝ ԱՊ­ՐԻԼ Գրա­տան մէջ, Պոս­թոն՝ NAASR-ի իսկ Լի­բա­նան՝ Վա­հէ Սէ­թեան գրա­խա­նու­թին մէջ:  Ան­շուշտ կրանք նաեւ ապսպ­րել գիր­քե­րը մեր կայ­քէ­ջէն՝ www©roslin©press։ Յոյս ու­նինք նաեւ շու­տով «Նար­նիա­յի» շար­քը տպել ու հա­սա­նե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով:

 

Հ- Ձեր հրա­տա­րա­կած հե­քիաթ­նե­րուն նոր կեր­պա­րը՝ «Փի­սօ՚ն» ո՞վ­ է։ Ո­րո՞նք­ են «Փի­սօ»ին ար­կած­նե­րուն հե­ղի­նակն ու պատ­կեր­նե­րը գծո­ղը։ Քա­նի՞ գիրք պի­տի ու­նե­նայ այս շար­քը։

Պ- “Փի­սօ»ն ­Վա­նայ կա­տու մըն է եւ ինչ­պէս գի­տէք ա­նոնք մեծ համ­բաւ ու­նին որ­պէս ցե­ղա­տե­սակ: Ա­մէն օր նոր հարց մը կը ծա­գի «Փի­սօ»ին հա­մար, հե­տաքրք­րա­կան դրո­ւագ­ներ ըն­ծա­յե­լով փոք­րիկ ըն­թեր­ցո­ղին: Հե­ղի­նակ ու նկա­րա­զար­դող Ան­նա Ի­սա­պե­կեա­նը՝ գե­ղե­ցիկ պար­զու­թեամբ կը պատ­մէ ու հե­քիա­թա­յին գոյ­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ մա­նու­կի ա­ռօ­րեայ կեան­քը՝ գէշ ե­րազ տես­նե­լը, ակ­ռայ խո­զա­նա­կե­լը, հա­գուստ հա­գո­ւի­լը: Փոք­րիկ ըն­թեր­ցո­ղը կրնայ շատ յստա­կօ­րէն հասկ­նալ «Փի­սօ»ին զգա­ցում­նե­րը, ու ա­հա, քա­ջա­լե­րո­ւիլ, երբ նման խնդիր­նե­րու հան­դի­պի իր ա­ռօ­րեա­յին մէջ:

 

Հ- Ձեր հրա­տա­րա­կած ձայ­նա­գիր­քե­րուն՝ Audio գիր­քե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն կու տա՞ք․­ այս ի­մաս­տով գոր­ծա­կից ու­նի՞ք։

Պ- «Ռոս­լին Փրէս»ը որ­պէս գոր­ծա­կից ու­նի հրա­տա­րակ­չա­կան այլ միա­ւոր մը՝ «Technolinguistics», ո­ր նո­ւի­րո­ւած է ստեղ­ծե­լու հա­յե­րէն ել-գիր­քեր ու ձայ­նա­գիր­քեր: «Technolinguistics»ը Ե­րե­ւա­նի մէջ կեդ­րոն ու­նի եւ հոն զար­գա­ցու­ցած է ար­հես­տա­վարժ­նե­րու ա­մե­նա­մեծ ցան­ցը՝ նե­ռա­րե­լով 20-է ա­ւե­լի հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան­ներ: Այս ար­հես­տա­վարժ­նե­րը եր­կու լե­զո­ւա­ճիւ­ղե­րով ա­ւե­լի քան 1000 ժամ հա­րա­զա­տօ­րէն ձայ­նագ­րած են մեր ունկն­դիր­նե­րուն հա­մար VLUME հար­թա­կի մի­ջո­ցաւ:

Ա­հա­ւա­սիկ, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէ ել­լե­լով՝ «Ռոս­լին Փրէս»ը կը նա­խա­ձեռ­նէ ման­կա­կան հան­րա­ծա­նօթ տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու ծրա­գիր մը:

 

Հ-Կր­նա­յի՞ք ­մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ տալ ձեր ման­կա­կան շար­ժա­պատ­կեր­նե­րուն մա­սին:

Պ- Մեր ա­ռա­ջին շար­ժա­պատ­կե­րը լոյս պի­տի տես­նէ Մա­յիս ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին: Սքոթ­լան­տա­ցի հե­ղի­նակ Րո­պըրթ Լո­ւիս Սթի­ւըն­սը­նի հան­րա­ծա­նօթ «Գան­ձե­րու Կղզի» վէ­պը պի­տի ներ­կա­յաց­նենք 26 հա­տոր­նե­րու ընդ­մէ­ջէն: Շար­ժա­պատ­կե­րը պատ­րաս­տած է Ճա­փո­նա­կան հրա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը եւ մենք զայն հա­յե­րէն թարգ­մա­նած ենք 12 ար­հես­տա­վարժ դե­րա­սան­նե­րու հա­ճե­լի ձայ­նե­րով ու կա­տա­րո­ղու­թեամբ: Հա­մո­զո­ւած ենք որ այս ո­րա­կի պատ­րաս­տու­թիւն մը մեծ հե­տաքր­քու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէ ոչ միայն ե­րե­խա­նե­րու մօտ, այլ նաեւ՝ պա­տա­նի­նե­րու, եւ ին­չո՞ւ ­չէ, նոյ­նիսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ:

 

Հ- Նոր հե­ղի­նակ­նե­րը` յատ­կա­պէս ման­կա­գիր­նե­րը, կրնա՞ն ­դի­մել ձե­զի ի­րենց գոր­ծե­րը հրա­տա­րա­կե­լու նպա­տա­կով։

Պ- Ան­շուշտ: Մենք կ­’ու­զենք որ հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը ծաղ­կի եւ ա­նոր հա­մար է որ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նենք մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ թո­ւա­յին կամ տպա­գիր: Ով որ պատ­մու­թիւն մը ու­նի իր մտքին մէջ, ով որ կ­’ու­զէ մեր լե­զո­ւով ստեղ­ծել, մեր դռնե­րը միշտ բաց են ու մեծ սի­րով կ­’ըն­դա­ռա­ջենք նոր ու չճան­ցո­ւած հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հրա­տա­րակ­ման:

 

Հ- Հայ մա­նուկ­նե­րը բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան ձեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով։ Ձեր նոր ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին ի՞նչ­ ը­սե­լիք ու­նիք։ Ի՞նչ­ ա­նակն­կալ­ներ ու­նիք մեր մա­նուկ­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար։

Պ- Թո­ւայ­նա­ցած աշ­խար­հի մէջ կ­’ապ­րինք եւ շա­տե­րու հա­մար հե­ռա­տե­սիլ դի­տե­լը շատ ա­ւե­լի հա­ճե­լի է, քան գիր­քի մը է­ջե­րը թեր­թա­տե­լը: Ա­հա­ւա­սիկ Osamu Dezaki-ի «Գան­ձե­րու Կղզի» հրա­շա­լի հե­ռուս­տա­շար­քը ու­րա­խու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք ձե­զի եւ բո­լորդ կը հրա­ւի­րենք հե­տե­ւեալ յղու­մով մաս­նակ­ցե­լու Ճիմ Հաու­քին­սի ծո­վա­յին ար­կա­ծախնդ­րու­թին­նե­րուն։ 

Շատ կարեւոր նշում մը եւս՝ «Գան­ձե­րու Կղզի»ի հայերէն տարբերակը իրականացաւ շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։