«Կը Ցանկանք Հայրենիքի ՄԷջ Մե՛րը Ստեղծել» Կ՛ըսէ Հայրենադարձ Էլլատա Ալավերտեան


Էլլատա Ալավերտեան ամուսինին եւ երեք զաւակներուն հետ։

Սեւադա Սաֆարեան

«Հայերն այսօր»ը զրուցած է Էլլատա Ալավերտեանի հետ, որ վերջերս ընտանիքին հետ Պելճիքայէն վերադարձած է Հայաստան:

– Էլլատա, ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղէիք Պելճիքայի մէջ:

– Պելճիքայի մէջ ես եւ ամուսինս աշխատած ենք միջազգային կազմակերպութեան մէջ: Ամուսինս վաճառքի պատասխանատու էր, ես` հաշուապահ: Միաժամանակ ստեղծած էինք հայկական կազմակերպութիւն, որուն հիմնական գործունէութիւնը համայնքային աշխոյժ շփումները պահպանելն էր: Կեսուրս, որ 30 տարուան մանկավարժական փորձ ունի, քաղաքին մէջ ստեղծած էր հայկական դպրոց, ուր մենք եւս աշխոյժ աշխատանքներ կը տանէինք: Վերջերս կազմակերպեցինք նաեւ Յովհաննէս Դաւթեանի «Stand up» ցուցադրութիւնը:

՞ր քաղաքին մէջ  կը բնակէիք։ Այնտեղ կա՞ր աշխոյժ հայկական համայնք:

– Բնակած ենք Պրիւքսելէն 5-10 քմ․ հեռաւորութեան վրայ` Ֆլամանտական գօտիին մէջ գտնուող Ասսէ քաղաքը: Սկիզբը հայկական ընտանիքներ շատ չկային, սակայն յետագային հայերու թիւը շատցաւ: Ներկայիս կը գործէ հայկական կիրակնօրեայ նոր դպրոց` նոր կազմակերպիչներու գլխաւորութեամբ:

–Ի՞նչը ձեզ վերադարձուց հայրենիք:

– Հայրենիք վերադարձը ունէր շարք մը պատճառներ: Ամուսինս ու ես ցանկացանք, որ մեր երեխաներուն մանկութիւնը եւ ապագան ըլլայ միայն Հայաստանի մէջ: Միւս պատճառն այն է, որ երկուքս կը ցանկանք մեր Հայրենիքին մէջ մերը ստեղծել` մէկտեղելով եւրոպական կրթութիւնը, տարիներու փորձը, ինչպէս նաեւ կապերն ու գիտելիքները: Իսկ անցած գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները մեզի համար մեծ շարժառիթ էին. ձգել ամէն ինչ եւ վերադառնալ Հայաստան: Կը գիտակցինք, որ այս քայլը շատ վտանգաւոր  է, բայց եթէ մօտ 100 ընտանիք մեզի պէս մտածէ եւ վերադառնայ, շատ բան կը փոխուի:

-Գիտենք, որ ընդամէնը  քանի մը օր առաջ  հայրենադարձուած էք, ինչէ՞ն սկսաք ձեր առաջին քայլերը:

–  Առաջին օրերուն կը փորձէինք յարմարիլ այն մտքին, որ արդէն Հայաստան եկած ենք, եւ սա է մեր Հայրենիքը: Հանդիպեցանք մեր ընկերներուն, հարազատներուն եւ ծանօթներուն: Ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք տեղի գործարար ոլորտը, քանի որ թէ՛ ամուսինս, թէ՛ ես, կը ծրագրենք մեր անհատական գործերը ստեղծել Հայաստանի մէջ:

-Կա՞ն ուրուագծուած ծրագիրներ, թէ ինչ գործունէութիւն պէտք է ծաւալէք Հայաստանի մէջ:

– Բնականաբար, կան ծրագիրներ, որոնք կապուած են հիմնականին մէջ այն մարզերուն, որոնք մեզի համար մասնագիտական են: Կը կարծեմ` կ’օգտագործենք լեզուի իմացութիւնն ու կապերը` եւրոպական շուկան այստեղ ընդլայնելու նպատակով:

 – Հետաքրքրիր է երեխաներու արձագանքը, ինչպէ՞ս կը զգան անոնք մայր հայրենիքին մէջ:

– Երեխաներս բախտաւոր են, որովհետեւ գրեթէ ամէն ամառ այցելած են Հայաստան: Երբ խօսեցանք վերադառնալու մասին` շատ յուզուած էին, որ պիտի բնակին Հայաստանի մէջ: Անոնց հիմնական խնդիրը հայերէնի ոչ լաւ իմացութիւնն է, բայց հիմա կը լրացնեն այդ բացը: Յուսանք, որ պետութիւնը կ’աջակցի այս հարցով: Առհասարակ, կը կարծեմ, որ հայրենադարձներու համար առաջնային խնդիրը սկզբնական շրջանին առողջ համարկումն է:

– Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հայաստանը` սփիւռքահայու աչքերով…

– Իմ կարծիքովս, բոլոր սփիւռքահայերը կը ձգտին Հայաստան վերադառնալ` անկախ բնակելու վայրէն եւ կարգավիճակէն, թէկուզ երբեմն հակառակը կը պնդեն` կապուած ինչ-ինչ խնդիրներէ: Համեմատելով եւրոպական համակարգին հետ` կրնամ ըսել, որ մասնագիտացած անձնակազմի  եւ կազմակերպչական վերափոխումներու կարիքը կայ: Յոյսով ենք` կարճ ժամանակուան մէջ կը տեսնենք մեր երազանքներու Հայաստանը: