Կլատիս Պերեճիքլեան Նիու Սաութ Ուէյլզի Վարչապետ


Կլատիս Պերեճիքլեան դարձած է Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի 45-րդ վարչապետը:

Ան միաձայնութեամբ ընտրուած է Ազատական կուսակցութեան ղեկավար: Նշեալ կուսակցութեան կողմէ հրաւիրուած հանդիպումը տեւած է առաւելագոյնը 15 վայրկեան: Պերեճիքլեան կուսակցութեան ղեկավար ընտրուելէ զատ անոր տեղակալ ընտրուած է ելեւմուտքի նախարար Տոմինիք Փերեթեթը:

Նորընտիր վարչապետը յայտնած է, որ իր նախարարաց խորհուրդը որոշելու համար կարիքը ունի շուրջ մէկ շաբթուան ժամանակի:

Աւստրալիոյ վարչապետ, Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Մալքըլմ Թըռնպուլ շնորհաւորեց Պերեճիքլեանը:

Ան  հայ գաղութին մէջ գործունեայ անդամ է եղած է: