ԿՆՈՒՆՔԻ ԾԻՍԱԿԱՐԳԸ


Հայ­կա­կան հին սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, նո­րա­ծի­նի ծնո­ւե­լէն մէկ շա­բաթ կամ քա­ռա­սուն օր անց մա­նու­կը կը տա­րո­ւի ե­կե­ղե­ցի մկրտո­ւե­լու կամ կնքո­ւե­լու, այս­պի­սով ան կը դառ­նայ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցու զա­ւակ: Հի­նէն ի վեր, նոյ­նիսկ հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նէն, մեր ըն­տա­նի­քի կա­րե­ւոր ան­դամն է կնքա­հայ­րը, զորս կʼընտ­րո­ւի բո­լո­րի հա­ւա­նու­թեամբ. այ­նու­հե­տեւ ան կը դառ­նայ ոչ -­ ա­րիւ­նակ­ցա­կան ազ­գա­կան, իր վրայ վեր­ցը­նե­լով ըն­տա­նի­քի բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րե­լու դժո­ւա­րին պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը: Կնքա­հայ­րը մեծ հե­ղի­նա­կու­թեան  եւ յար­գան­քի կʼար­ժա­նա­նայ ամ­բողջ գեր­դաս­տա­նի կող­մէ, մին­չեւ իսկ ծնող­նե­րու հա­ւա­սար ի­րա­ւունք կʼու­նե­նայ, կա­րե­ւոր ո­րու­շում­ներ կա­յաց­նե­լու:

Մեր ժո­ղովր­դա­կան բա­ռա­պա­շա­րին մէջ ՙկնքա­հայր՚ բա­ռը քա­նի մը ձե­ւով կʼար­տա­յայ­տո­ւի.- կնքա­հայր, կնքա­պապ, կնքտէր կամ կնքա­ւոր, այս վեր­ջի­նէն ա­ռա­ջա­ցած է ՙքա­ւոր՚ շատ տա­րա­ծո­ւած կո­չա­կա­նը: Կնքա­կին՝ կնքա­հօր կինն է, իսկ կնքա­մայր, կնքա­մամ, կնքա­մար կո­չո­ւած է կնքա­հօր մայ­րը, զորս մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է ա­տե­նօք: Հե­տաքրք­րա­կան է ի­մա­նալ, որ այլ բա­ռեր ալ ու­նինք կնուն­քի հետ կա­պո­ւած, ո­րոնք այժմ գոր­ծա­ծու­թե­նէ դադ­րած են. այս­պէս օ­րի­նակ՝  կնքա­հախ կը կո­չո­ւի մկրտող քա­հա­նա­յին տրո­ւող դրա­մա­կան նո­ւէ­րը, իսկ կնուն­քա­հաց կամ կնուն­քա­ճաշ՝ այդ ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ճաշ­կե­րոյ­թը, եւ կննքա­տուն՝ ճաշ­կե­րոյ­թի տե­ղը:

Սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, կնուն­քի բո­լոր ծախ­սե­րը կնքա­հայ­րը իր վրայ կը վեր­ցը­նէ. ին­քը իր սա­նի­կին գրկած պի­տի ե­կե­ղե­ցի տա­նի եւ մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն յե­տոյ բե­րէ տուն, յանձ­նե­լու մօ­րը. այս վեր­ջինս կը համ­բու­րէ կնքա­հօր ձեռ­քը, որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան նշան. իսկ ըն­տա­նի­քի ե­րեց կի­նը պաս­տե­ղով ձո­ւա­ծեղ կը մա­տու­ցէ կնքա­հօ­րը:

Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, կնուն­քէն ե­րեք օր յե­տոյ կա­նայք կը հա­ւա­քո­ւին ման­կա­նը ՙմիւ­ռո­նէն հա­նե­լու՚ լո­գան­քի հա­մար: Տաշ­տին մէջ, ուր կը լոգ­ցը­նեն ե­րե­խան, ման­րադ­րամ­ներ կը նե­տեն, որ­պէս նո­ւէր: Պատ­մա­կան Ակ­նի մէջ շատ իւ­րա­յա­տուկ եւ գե­ղե­ցիկ ծի­սա­կարգ է ե­ղած այդ օ­րը: Կնքա­մայ­րը (կամ դա­յեա­կը) ե­րե­խան լոգ­ցը­նե­լով, կʼօրհ­ներ­գէ.- ՙԼայն ճա­կատ ըլ­լաս. կա­մար ըն­քո­ւի (ունք, յօնք) ըլ­լաս.խո­շոր ա­չո­ւի, եր­կայն թար­թի­չով ըլ­լաս. բաց բե­րան չըլ­լաս, քիչ խօ­սիս, շատ լսող ու­նե­նաս. ամ­րա­կուռ կուրծք և ճար­պիկ ըլ­լաս….՚: Ա­պա երբ դուրս պի­տի հա­նէ ջու­րէն, բռնե­լով ոտ­քե­րէն գլխի­վայր թափ կու տայ, ը­սե­լով.- ՙԳլուխդ վար՝ այս վեր­ջինն ըլ­լայ, հա­զար գլուխ խո­նար­հի քու առ­ջեւ՚: Յե­տոյ նո­րա­ծի­նը խան­ձա­րու­րի մէջ փաթ­թե­լով, գետ­նի կար­պե­տին վրայ կը գլո­րեն, նա­խա­պէս այն­տեղ դնե­լով հե­տե­ւեալ­նե­րը. ե­թէ տղայ է՝ հաց, գիրք եւ  թա­նա­քա­ման, ը­սե­լով.- ՙ Խո­րունկ կար­դա­ցող ըլ­լաս, գրչէդ կրակ ցատ­կէ, Աս­տու­ծոյ եր­կիւղն ու­նե­նաս եւ հացդ դիւ­րու­թեամբ վաս­տա­կես՚. իսկ ե­թէ աղ­ջիկ է՝ հաց, բամ­բա­կի կտոր, ոս­կեդ­րամ եւ մար­գա­րիտ, ը­սե­լով. ՙՈս­կի­նե­րու եւ մար­գա­րիտ­նե­րու մէջ լո­ղաս, բամ­պա­կի պէս սպի­տակ ու մա­քուր մնաս, հացդ մա­տա­կա­րա­րել գիտ­նաս՚: Իսկ շնոր­հա­ւո­րե­լուց մե­ծա­հա­սակ­նե­րուն կը բա­րե­մաղ­թեն. ՙՏու­ներ­նիդ շէն ու ծաղ­կած մնայ, թոռ­նե­րով լե­ցո­ւի, ծեր օ­րե­րուն հա­զար գա­ւա­զան ու­նե­նաք՚. կնքա­մօ­րը կը մաղ­թեն. ՙԼու­սով մնաս կնքա­մայր, ոտքդ այս տու­նէն չկտրի՚: Իսկ ծննդկա­նին կʼօրհ­նեն ը­սե­լով.  ՙԱն­կո­ղինդ գո­լով (տա­քուկ) ըլ­լայ, հար­սիկ, ծնունդդ պայ­ծառ արև դառ­նայ՚:

Տար­բեր տա­րա­ծաշր­ջան­ներ ու­նին ի­րենց ա­ւան­դա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը այդ օ­րո­ւայ ա­ռի­թով: Տա­րա­ծո­ւած է մա­տա­ղի սո­վո­րու­թիւ­նը,  կոր­կո­տով – մ­սով փլաւ, լահ­մա­ճիւն, ան­գա­ճա­պուր, զա­նա­զան կար­կան­դակ­ներ, յատ­կա­պէս հա­լո­ւա­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ, օ­րի­նակ՝ մեղ­րով կամ ռու­պով պատ­րաս­տո­ւած մա­լէզ, չա­միչ, պաս­տեղ, շա­րոց, լեպ­լե­պու, ըն­կու­զե­ղէն, ե­ւայլն…:

Տիգ­րա­նա­կերտ­ցիք կնուն­քին սո­վո­րու­թիւն ու­նին ՀԱ­ՍԱ պատ­րաս­տել եւ  մինչ այ­սօր դեռ կը պահ­պա­նեն այն: Ո­րոշ գա­ւառ­նե­րու մէջ հաս կը կո­չո­ւի գա­թա­յի խո­րի­զը՝ ա­լիւ­րով, իւ­ղով եւ շա­քա­րով պատ­րաս­տո­ւած մի­ջու­կը. այլ տե­ղեր նաեւ հուն­ցած խմո­րին կʼը­սեն:  Բայց թէ Տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­նե­րը ին­չու՞ են այդ­պէս ա­նո­ւա­նել այս քաղց­րե­ղէ­նը, յայտ­նի չէ: Այն կը պատ­րաս­տո­ւի քա­նի մը մթերք­նե­րու փո­շի­նե­րու խառ­նուր­դով. ճա­շա­կե­լուց պետք է ու­շա­դիր ըլ­լալ, որ­պէս­զի շնչա­փո­ղին չʼեր­թայ:

ՀԱ­ՍԱ

Բա­ղադ­րու­թիւ­նը

2 գա­ւաթ լեբ­լե­բիի փո­շի

0.5 գա­ւաթ փո­շի շա­քար

1 թէ­յի դգալ փո­շի կա­սիա

1 թէ­յի դգալ փո­շի կո­ճապղ­պեղ

0.5 թէ­յի դգալ փո­շի ա­նի­սոն

0.5 թէ­յի դգալ փո­շի մահ­լէպ

0.5 թէ­յի դգալ փո­շի գինձ (nutmeg)

 պտղունձ մը մե­խակ եւ մազ­տա­քի

չա­միչ եւ ըն­կու­զե­ղէն՝ զար­դա­րան­քի հա­մար

Պատ­րաս­տու­թիւ­նը

Բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րը խառ­նել ի­րա­րու, լեց­նել ա­մա­նին մէջ, հար­թեց­նել, ա­պա զար­դա­րել ման­րո­ւած ըն­կու­զե­ղէ­նով ու չա­մի­չով: