Հալէպաբնակ Հայեր Կ՛արտայայտուին, Թէ Ինչպէս է Կեանքը Այնտեղ Մնացողներուն Համար


Սեւան Շահպազեան


Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայը կայք հաստատելով Սուրիոյ մէջ, վերակազմակերպեց ու ծաղկեցուց իր եկեղեցական եւ համայնքային կեանքը` դառնալով սուրիական խճանկարին անբաժան մէկ մասը: Ան արաբ իր եղբայրներուն հետ երկրի վերելքին նպաստող կարեւոր ներդրում ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ: Հակառակ տիրող իրավիճակին, պատերազմական պայմաններուն ու անոր պատճառած վնասներուն` սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն եւ ազգային արժէքներուն:

Բնականաբար իւրաքանչիւրիս համար կը տարբերի արմատներէն հեռանալու, լքելու, գաղթելու, երախտապարտ ըլլալու, արժանապատուութեամբ ապրելու, գաղութ պահելու եւ անոր տէր ու տիրական դառնալու հասկացողութիւնները, ըմբռնումներն ու գործնական քայլերու դիմելու եղանակները:

Այս իրավիճակին մէջ հասկցողն ու չհասկցողը, գիտունն ու տգէտը, տրամաբանողն ու չտրամաբանողը, վերլուծողն ու վերլուծել չգիտցողը, իր ընտանիքի հարցերը հազիւ լուծելու կարողութիւն ունեցողն ու չունեցողը, մէկը շուկայական ոճով, միւսը քիչ մը աւելի «քաղաքավար», ուրիշ մը աւելի զգօն, շռնդալից յայտարարութիւններով «պատէ պատ» զարկին «իր երիտասարդներուն եւ  անմեղ մանուկներուն արեան գնով» գաղութը պահող տեղւոյն եկեղեցական, կուսակցական, ազգային եւ համայնքային ղեկավարութիւնը, այպանեցին հայրենի պետութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան լոզունգային քաղաքականութիւնը, աւելի ուշ ջուր թափեցին անհատ բարերարներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու սուրիահայութեան տրամադրած տարբեր տեսակի օժանդակութիւններուն վրայ:

Այսօրուան տուեալներով եւ յետ երկա՜ր, ամօթալի եւ խլացուցիչ «ծակ փիլիսոփայութիւններ»ուն, իրողութիւնը կը մնայ այն, որ Սուրիա ընդհանրապէս եւ Հալէպ յատկապէս բնակող ոչ մէկ հայ անհատի պարտադրուած է մնալ երկրին մէջ: Ոչ ոք կը մտածէ խափանել անոր գաղթի ծրագիրը, որովհետեւ առաջնորդարանն ու կուսակցութիւնները, բացի մկրտութեան վկայագիրէն, ուրիշ վաւերաթուղթ չունին տալիք դիւրացնելու համար գաղթել ցանկացողին գաղթի ծրագիրը: Սուրիոյ հարցերու առաջին օրէն իսկ շատ յստակ բանաձեւուած էր յայտարարութիւնը,  թէ` մենք մնացողին թեւ եւ թիկունք ենք, իսկ գացողին` աղօթող եւ յաջողութիւն մաղթող: Մեզմէ պահանջուածը յարգել է մէկս միւսին կարծիքն ու պայմանները` առանց վիրաւորանքի:

Թէ ինչպէ՛ս կը բացատրեն հալէպաբնակ մեր բարեկամները Հալէպ մնալու իրենց ազատ որոշումն ու յոյսով տոգորուած կամքը, հետեւինք.

Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզի տնօրէնուհի Մարգարիտ Շամիլեան (բնիկ հայաստանցի, որ երեսուն տարիէ ի վեր ընտանեկան պարագաներու բերումով հաստատուած է Հալէպ) վճռակամութեամբ կը պնդէր, որ մեր արդար իրաւունքն է եւ մեր պարտաւորութիւնն է պահել մեր կառոյցները: Այնպէս` ինչպէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մարդիկ իրենց ամբողջ ունեցածը յատկացուցին սերունդներուն համար ամէնէն էական եւ կարեւորագոյն կառոյցը` դպրոցը հիմնելով: Մագարիտ Շամիլեան կը հաստատէր.

«Հաւանաբար մենք սուղ վճարենք, բայց մենք պէտք է պայքարինք: Այս պայքարը մեզ ոչ ոք կը պարտադրէ: Մէկ կողմ դնենք հրթիռը, հրասանդը, կազի տակառը, վախը, ասիկա պատերազմի մէկ երեսն է, ամենադաժանը, սակայն վերջին հաշուով բոլորս ալ կ՛ուզենք նուազ վնասով դուրս գալ. մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պայմանները, ուրեմն զգոյշ ըլլանք եւ խնդիրներ չյարուցենք, ձգենք, որ մարդիկ հանգիստ կերպով տան իրենց որոշումները: Մեր բարի կամեցողութեամբ եւ բարի մաղթանքներով փորձենք մեղմացնել անոնց լսած թնդանօթին ձայնը եւ խլացնենք արկերու եւ հրթիռներու ձայները: Իսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք օգնութեան կարիք ունին, կամ անոնց ջղային համակարգը չի տանիր պատերազմին ահաւորութիւնը կամ ունին ինչ-ինչ հարցեր, կան հաստատութիւններ, որոնք օգնութիւն կ՛առաջարկեն. խնդիր չկայ, թող օգտուին, միայն համոզուած ըլլան եւ գիտնան, թէ ո՛ւր կ՛երթան եւ` զգուշ, որ յանկարծ օդանաւային հեռաւորութիւնը արմատախիլ չընէ մեզ: Եթէ որոշած են անպայման երթալ թող ուղղութիւնը ըլլայ հայրենիքը, եթէ նոյնիսկ կանգառ է, թող ըլլայ հայրենիքը, որովհետեւ հոն է, որ իր զաւակը հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանայ եւ հայերէն կը խօսի, իսկ երբ փափաքի վերադառնալ իր ծննդավայրը, այդ ժամանակ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ, սակայն երբ ովկիանոս կը կտրես, վերադառնալը աւելի դժուար է եւ յաճախ անկարելի:

Կը հաւատանք, որ ամէն ինչ վերջ ունի, եւ այդ վեջը կրնայ ցաւալի ըլլալ ինծի համար, բայց անպայման լուսաւոր է ուրիշներու համար:

Ճիշդ է, որ դուրսը եղողին համար պատկերները սարսափելի են, բայց անզգուշ ձեւով վարուիլ մնացողներուն հետ եւ կրակին վրայ իւղ աւելցնելը կը կարծեմ աւելի վատ է, որուն պատճառով յառաջացած հոգեկան ճնշումը կը քայքայէ ընտանեկան ներքին սրբութիւնն ու խաղաղութիւնը: Հոն, ուր ընելիք չունիս եւ երբ օգուտ չես կրնար բերել, աւելի լաւ է լռել եւ չմիջամտել:

Եթէ քաղաքագէտներ կը դժուարանան ապագան ճշդել եւ հաւանականութիւններով կը խօսին, հապա ինչպէ՞ս մենք կրնանք ուրիշներու կեանքին յստակ աւարտ տալ, դրական կամ բացասական տեսակէտներով:

Եթէ կեանքը ամբողջութեամբ վերցնենք` որպէս գորշ գոյներու հաւաքածոյ, մէկ կաթիլ բարութիւնը խառնելով այդ գոյներուն` բոլորովին ուրիշ պատկեր կրնանք ստանալ. հաւատանք բարի մօտեցումին եւ հաւատանք, որ բարին պիտի յաղթէ»:

Շաղիկ Սրուրեան (Հալէպի պետական համալսարանի կենսաբանութեան ճիւղի ուսանողուհի, «Գանձասար»-ի կայքէջի պա-տասխանատու) բացարձակապէս կը մերժէ Հալէպէն հեռանալու գաղափարը: Ան ինքզինք չի պատկերացներ իր ընտանիքէն, ուսումէն, աշխատանքէն, միութենական կեանքէն, ընկերներէն հեռու միջավայրի մէջ: Չի կրնար համոզուիլ այն գաղափարին հետ, որ մոռցնել պիտի տայ իր բոլոր ապրումները, յոյսերը, երազները, նոյնիսկ դառն դժուարութիւնները եւ այս բոլորը ետին ձգելով` հեռանայ:

Վերջին շաբաթներուն արձանագրուող հայազգի մեր նահատակներուն լուրը, ինչպէս բոլորս,  այնպէս ալ Շաղիկը ցնցած էր, ապրած էր խարխափումի վայրկեաններ, սակայն քիչ անց,  երբ իր հոգեկան անդորրութիւնը վերագտած էր, արդէն ձերբազատուած ճնշող գաղափարներէն` համոզած էր ինքզինք, թէ իր որոշումն է իրեն համար ճիշդն ու լաւագոյնը:

Շաղիկ երբեք չ՛այպաներ Հալէպէն հեռացողները, ընդհակառակը, կը մտածէ, որ իւրաքանչիւրը ունի իրեն համար յարգելի պատճառներ եւ պայմաններ: Շաղիկին համար, եւ որպէս ժառանգորդ հարիւրամեայ սերունդի, անընդունելի է լքել մայր գաղութը, ոչնչացնել անոր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը, ոչնչացնել Ցեղասպանութեան վկայարանի պատմական իրողութիւնը. կեանքերը գրողը Աստուած է, իսկ իւրաքանչիւր յաղթանակ գին ունի:

Սոնա Ղազարեան (Հալէպի պետական համալսարանի, լեզուի ուսումնարանի, անգլերէն բաժնի պատասխանատու). Սոնան իր խօսքը սկսաւ` ըսելով, որ մենք պատկանելիութեան պակաս ունինք, մենք այս երկրին մէջ ծնած, մեծցած եւ աշխատանքի ձեռնարկած ենք, սակայն մեզմէ շատեր ապերախտ գտնուեցան: Սուրիոյ լաւ պայմաններուն վայելեցին անոր բարիքները, իսկ երբ երկիրը հիւանդացաւ,  խուճապ ստեղծեցին եւ փախուստ տուին երկրէն: Ան աւելցնելով ըսաւ, որ մարդասէր Արեւմուտքը օգնութեան ձեռք երկարեց դուրս ելլել փափաքողներուն եւ իր մօտ հաստատուողներուն գործի առիթներ հրամցուց, գործեր, որ իր տեղացի բնիկ ժողովուրդը կը դժուարանայ աշխատիլ: Սոնան կը մտածէ, որ օժանդակութեան այդ գումարները, որ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն տրամադրուեցան սուրիահայութեան, աւելի լաւ կ՛ըլլար եթէ տրամադրուէին թէժ շրջաններու մէջ գտնուող սուրիահայերուն, Սուրիոյ ծովափի շրջան փոխադրելու, ուր որ համարեա՛ աւելի ապահով շրջան է, եւ հոն բնակարաններ, գործի առիթներ եւ բարւոք պայմաններ ստեղծէին, քան թէ գաղութը պարպելու մասին մտածէին:

Ան կը մտածէ, որ Հալէպէն հեռացողներէն իւրաքանչիւրը իր հասկնալի պատճառը ունէր, սակայն կը խնդրէ քաոսային վիճակ չստեղծել եւ ահազանգ չհնչեցնել` խուճապի մատնելով ներս եղողը:

Հակառակ Հալէպի վերջին տարիներու ծանր պայմաններուն` Հալէպի համալսարանը քանի մը օրով միայն կասեցուց իր աշխատանքը, Սոնան կը հաւատայ, որ մնալը իրեն համար ճիշդ որոշումն է:

Կարօ Սահակեան (ընտանիքի հայր, Հալէպի հարցերու առաջին օրէն իր պահեստանոցը ամբողջութեամբ կորսնցուցած է) կ՛ըսէ, որ մարդ արարածի գոյատեւման համար հիմնական երկու տուեալները` ապահովութիւնն ու տնտեսական պայմանները չկան: Այսօրուան պայմաններով պատկերը տխուր է եւ ողբերգական, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ երկխօսութեան եւ անկազմակերպութեան պակասը զգալի է: Ան կը հաւատայ, որ մեր երկրին մէջ պատահածը դիմակայելը համայնքային կարողութենէն վեր է, համաշխարհային հարց է, հիմնական նպատակը շրջանը քրիստոնեայ տարրէն պարպելն է, եւ մենք անգիտակցաբար հետեւեցանք այդ հոսանքին: Ապատեղեկատուութիւնը մեծ դեր ունեցաւ մեր այս կացութեան մէջ, ակամայ տարածեցինք իրենց սիսթեմաթիք արտայայտութիւնները, որ կը միտէր գաղութը պարպել: Ան կը հաւատայ, որ տնտեսական պայմանները հիմնական են գաղթը կասեցնելու, հետեւաբար կարեւոր է գործի առիթներ ստեղծել:

Կարոյին համար Քեսապի ժողովուրդին հողին կառչած մնալու գաղափարը եւ պատկանելիութեան զգացումը գերգնահատելի է, իսկ մենք` հալէպահայերս ցնցումի առաջին վայրկեանէն իսկ հաւաքուեցանք եւ քալեցինք: Ան կը մտածէ, որ եթէ կազմակերպուած ըլլար հայութեան փոխադրումը դէպի հայրենիք, աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ մեզ` ժողովուրդիս համար, որովհետեւ սուրիահայը միշտ ալ աշխատասէր, շինարար եւ կառուցող եղած է: Ան վստահելով Տիրոջ կամքին` կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ, սակայն իր խնդրանքն է, որ բոլորս ալ զգուշ ըլլանք մեր արտայայտութիւններուն մէջ եւ առաջնորդուինք համագործակցութեան եւ երկխօսութեան գաղափարներով:

Կը հաւատանք, որ սփիւռքը մտահոգ է սուրիահայութեան իրավիճակով, անոր համար Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը անհրաժեշտութիւն եւ համազգային խնդիր է: Թող որ այս յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքին, փոխանակ կարեկցանքի եւ անպատասխանատու արտայայտութիւններով տոգորուած` վտանգեն մնացողին սիրտն ու հոգին: