Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը Ջահերթով Յիշատակեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ Տարելիցը


Քայլերթէն պատկեր մը

«Գանձասար»,- Ապրիլ 22-ին, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը Ջահերու երթով յիշատակեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ տարելիցը։

Կազմակերպութեան Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան (ՍԵՄ)՝ մասնակիցները ջահերթով քալեցին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունէն դէպի Ազգ. գերեզմանատուն։

Քայլեթին մասնակցեցան Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Մա­սիս Եպս. Զօպ­ու­եան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, Աւետարանական համայնքի համայնքապետը, քահանայ հայրեր, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, միութենական, բարեսիրական, մարզական եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ ու հա­րիւ­րա­ւոր երի­տա­սարդ­ներ։

Եր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը։ Յա­ջոր­դա­բար տո­ղան­ցե­ցին սկաու­տները, ՍԵՄ-ի, ՔՈՄ-ի եր­տա­սարդ­նե­րը, Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ու Հա­մազ­գա­յի­նի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օր­ուան կար­գա­խօ­սը պար­զող եւ Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ու ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով:

Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կան­չե­րով թն­դա­ցին։ Շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րը իրենց պատշ­գամ­նե­րէն մո­մեր բռ­նած կը զօ­րակ­ցէ­ին տո­ղան­ցող­նե­րուն։

Գերզմանատան սեմին տեղադրուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերները։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րին առ­ջեւ զե­տեղ­ուե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ, ապա հայ հո­գե­ւոր պե­տերը մի­աց­նե­լով իրենց ջա­հե­րը վա­ռե­ցին յու­շա­քա­րին մօտ գտ­նուող ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջա­հը։

Ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը Սուր­իոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն:

Ապա ըն­թացք առաւ գե­ղար­ուես­տա­կան տպա­ւո­րիչ յա­յտա­գիր մը․ մեներգ, ասմունք եւ խմբերգ։

ՍԵՄ-ի Կենդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան խօսքը արտասանեց Թինա Գասպարեան՝ շեշտելով, որ «Մեր սուգը յաւերժ չի կրնար ըլլալ, որովհետև կայ անդուլ պայքար»։

Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդը իր պատ­գա­մին մէջ ըսաւ. «Այս ջահերթը կը վկայէ, որ հալէպահայութիւնը հաստատակամ է իր պայքարին մէջ։ Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրեցաւ պատերազմ նոյն թշնամիին կողմէ հրահրուած, սակայն կանգուն մնաց․․․ Մեր փափաքն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միասնութեամբ այս ջահին նման մնան լուսաւոր ու վառ։ Այս օրերը ուխտի օրեր են մեզի համար։ Ուխտենք հաւաքական մեր աշխատանքով, պայքարով կեանքի կոչել մեր սրբադասուած նահատակներուն պատգամը»։

Յայտագիրը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ջահերթէն պատկերներ