Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արցախի Հալէպահայ Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթողին


Յուշակոթողին բացման արարողութենէն պատկերներ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հալէպահայ նահատակները լաւագոյն խորհրդանիշները դարձան Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան»

Կիրակի՝ 7 Նոյեմբեր 2021-ին, հալէպահայ երիտասարդներ ուխտի եկած էին Արցախի մէջ նահատակուած իրենց ընկերներուն՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նահատակութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։

Յուշակոթողին բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայ երեք համայնքապետները, կրօնական, ազգային միութենական եւ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն։

Ներկաները ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն ընկերակցութեամբ խմբուեցան յուշակոթողին դիմաց։ Բացման խօսքով Աննա Պարսամեան ներկայացուց հալէպահայ նահատակներուն սխրանքն ու անոր խորհուրդը։

Յուշակոթողի բացման արարողութիւնը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Ապա տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերներու մասունքներու օրհնութիւնը։ Մասունքները ամփոփուեցան յուշակոթողին մէջ։

Այս առիթով ՍԵՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ խոստում տուին՝ շարունակելու նահատակ իրենց ընկերներուն պայքարի ուղին։

Այնուհետեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին դիմաց՝ ՀՅԴ Բիւրոյի, հալէպահայ համայնքեպետներու, նահատակներու պարագաներէն, ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի, ՀՀ Մարդասիրական խումբի, հալէպահայ միութիւններու անունով։

Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ․

«Մէկ շաբաթ առաջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ընկերակցութեամբ այցելեցինք Երեւանի Եռաբլուրի Պանթէոնին մէջ հալէպահայ երեք նահատակներու շիրիմները եւ կասկած չկար մեր սրտին մէջ, որ կապ պիտի հաստատուէր իրենց շիրիմներուն եւ Հալէպի մէջ այսօրուան ձեր կանգնեցուցած յուշակոթողին միջեւ՝ այստեղ բերուած իրենց մասունքներուն միջոցով։

Երեք երիտասարդ հերոսները լաւագոյն խորհրդանիշները դարձան հայրենիքի եւ Սփիւռքի միասնութեան․․․ Հերոսներ, որոնք նախապէս ալ մասնակցած էին հայրենիքի փրկութեան սուրբ գործին, իրենցմէ ոմանք պարգեւատրուած էին նաեւ մարտական շքանշաններուվ․․․ եւ ահա՛, արցախեան վերջին պատերազմի վերջին օրերուն, անոնք նուիրեցին իրենց այն գերագոյնը, որ կարելի էր ակնկալել դաշնակցական երիտասարդներէ։ Անոնք, իրենց երդումին հաւատարիմ, ուղղուեցան գերագոյն զոհողութեան, որպէսզի ապրի հայրենիքը, փրկուի բանակը, շնչէ Արցախը․․․ Պատի՛ւ Յարութներուն, Մոսիկներուն, Յակոբներուն եւ բազմահազար իրենց ընկերներուն, որոնք իրենց արեան գնով փրկեցին Արցախի այն մասը, որ կը գոյատեւէ այսօր։

․․․Փառք իրենց յիշատակին, որովհետեւ իրենցմով պիտի ներշնչուին սերունդներ․․․ Փառք Յարութին, Մոսիկին եւ Յակոբին, սուրիահայութեան լաւագոյն խորհրդանիշներուն, որոնք կը պայքարին ի յաւերժացումն հայրենիքի, ի սէր ժողովուրդի եւ ի պաշտպանութիւն համահայկական մեր իտէալներուն»։