Հալէպի Բոլոր Ազգային Կառոյցներու Վերականգնումի Աշխատանքներուն Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ


 

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Նոր Տարուան առաջին օրը պատմական օր էր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ ամբողջ հալէպահայութեան համար:

Կիրակի, 1 Յունուար 2017ին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, ճեմարանականներ՝ վերստին ապրելու ճեմարանի նախապատերազմեան շէնութիւնը:

ՀՄԸՄի փողերախումբը հնչեցուց ազգային-յեղափոխական երգեր, թնդացնելով հինգ տարիներէ ի վեր պատերազմական բախումնային գօտիի մէջ յայտնուած ու թնդանօթներու եւ հրթիռներու թիրախ դարձած, սակայն կանգուն մնացած Ճեմարանն ու Նոր Գիւղը:

Այնուհետեւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Պատկան մարմնին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Ազգային վարչութեան, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի տօնածառին լուսաւորումը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր կեանքի շարունակականութեան ու գաղութի վերականգնումին:

Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան նախ շնորհաւորեց ճեմարանականներն ու ողջ հալէպահայութիւնը Ճեմարանի վերաբացման համար ու նոր տարուան առաջին օրը մեկնարկը յայտարարեց Ճեմարանի, Նոր Գիւղի եւ Հալէպի բոլոր ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն:

«Այսօր, Ճեմարանի մէջ կը սկսինք մեր նոր տարին: Պիտի սկսինք ու շարունակենք մեր վերականգնումի աշխատանքները, իսկ Ճեմարանի շրջանաւարտները այս տարուան իրենց վկայականները պիտի ստանան ա՛յս բեմէն», ըսաւ տնօրէնը:

Ապա Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը խնդրեց վառած մոմերը բարձրացնել ու մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն:

Սրբազան հայրը ըսաւ. «Այնպէս ինչպէս Սուրիոյ հողը օծուեցաւ նահատակներու արեամբ, մեր ազգի ընտիր զաւակները Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ եւս իրենց արեան եւ քրտինքի ճանապարհով այս օրը պարգեւեցին մեզի: Փա՜ռք իրենց»: Ապա սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու ըսաւ, թէ գալիք տարիներու մեր յաղթական երթին, լոյսի ճանապարհին առաջին օրն է սա. օրը մեր յաղթանակին եւ արդար դատին, մեր շարունակականութեան, մեր ազգային, հաւաքական իտէալներու եւ իղձերու իրականացման: Այս երկինքին տակ մութ եւ ելեկտրականութենէ զուրկ այս տարածքը ձեր ներկայութեամբ կը լուսաւորուի: Փա՜ռք ու պատիւ քեզ հայութիւն: Թող ապրի հայութիւնը, ապրի Սուրիական հայրենիքը, ապրի Հայաստանը, ապրի Արցախը եւ ապրի Հալէպ:

Սրբազան հայրը աւետեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յառաջիկայ Չորեքշաբթի Հալէպ ժամանումը՝ իբրեւ զօրակցութիւն հալէպահայութեան:

Նոր Տարուան առաջին այս օրը իր աւարտին հասաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: