Հալէպի «Դալար» Այգեստանը Վերագտաւ Իր Երբեմնի Կենսունակութիւնը


«Գանձասար»․- Հալէպի Արամ Մանուկեան ժողովրդային  տան Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան ջանքերով, «Դալար» այգեստանը կրկին վերածուեցաւ ընտանեկան ջերմ միջավայրի։

Յետ պատերազմին, բարեկարգման աշխատանքներու աւարտէն ետք, Յունիս 21ին այգեստանը ընդունեց հալէպահայ ընտանիքներ եւ վերագտաւ իր երբեմնի կենսունակութիւնը։

Յիշենք, որ «Դալար» այգեստանի պաշտօնական առաջին բացումը տեղի ունեցած էր 28 Մայիս 1988ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան պաշտօնական բացման օրը, ձեռամբ՝ օրուան Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, ներկայութեամբ ազգային գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի եւ խուռներամ բազմութեան:

«Դալար» այգեստանը չէ կառուցուած սոսկ որպէս հասութաբեր հաստատութիւն ծառայելու համար, այլ՝ հայ ընտանիքներուն համար ջերմ ու հայաբոյր միջավայր մը դառնալու:

Նախքան Սուրիոյ պատերազմը այգեստանը բարեզարդուեցաւ, սակայն 2 տարի վերջ՝ 2012ին, Հալէպի անապահով կացութեան բերումով, անոր դռները փակուեցան։

Հալէպի ազատագրումէն ետք, քաղաքի ապահովական իրավիճակի կայունացման շնորիւ այգեստանը վերանորոգուեցաւ ու վերստին բացաւ իր դռները։