Հալէպի Իրավիճակը Այսօր․ Հարցազրոյց՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի Բանբեր Մարիա Գաբրիէլեանի Հետ


Սալբի Սաղտըճեան


Հալէպի մէջ վերջին շրջանին տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմադիր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ, որուն հետեւաքով հրթիռակոծման կ՛ենթարկուին Հալէպի բնակելի թաղամասերը, որոնց մէջ ըլլալով նաեւ հայաշատ շրջանները։ Հայկական դպրոցները մօտ մէկ շաբաթ փակ մնացին։ Այս առիթով համացանցով հարցազրոյց մը ունեցանք Սուրիահայութեան Շտապ Oգնութեան եւ Վերականգնումի մարմնի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեանի հետ։

-Մարիա, Ինչպէս լուրերէն կը հետեւինք Հալէպ մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան ռուսական օդուժի օգնութեամբ՝ Սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ։ Ինչպիսի՞  իրավիճակ կը տիրէ հայաբնակ շրջաններուն մէջ։

-Հայաբնակ շրջանները յար եւ նման Հալէպի բոլոր շրջաններուն ամէնօրեայ, երբեմն ամենժամեայ դրութեամբ ռմբակոծման կ՛ենթարկուին։ Անցնող տասը օրերուն իրավիճակը կրկին մեծապէս վատթարացաւ։ Փառք Աստուծոյ, որ վնասները միայն նիւթական էին։ Տասնեակ մը հալէպահայերու տուներ աւերակ դարձան, ափսոս որ հրթիռակոծման պահուն տնեցիները տան մէջ էին եւ սարսափը մեծ էր, մանաւանդ այդ տուներուն մէջ, ուր անչափահասներ կային։

Միւս կողմէն սուրիական բանակը բաւական յառաջխաղաց կ՛արձանագրէ։ Երէկ 26 Նոյեմբերին, բանակը ազատագրեց 2012էն զինեալ ահաբեկիչներու տիրապետութեան անցած Հալէպի կարեւոր շրջաններէն մէկը՝ Մէսէքէն Հենէնօն։

-Քանի մը օր առաջ լսեցինք, որ զինեալ ահաբեկիչներուն կողմէ արձակուած հրթիռներուն թիրախը եղած է դպրոց մը, եւ որուն հետեւանքով զոհուած է ութ աշակերտ։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս կացութիւնը։ Արդեօք զինեալները թիրախ կ՛ընտրեն դպրոցնե՞րը։

 -Հալէպի հայկական բոլոր դպրոցները կը գործեն։ Դասաւանդութիւնը կը շարունակուի, բացի այն օրերէն, երբ ռմբակոծումները կը սաստկական։ Ապահովական նկատառումներով Հալէպի ազգային վարժարանները միացած են մէկ կառոյցի մէջ (նկատի ունենալով, որ ազգային երեք դպրոցներու կառոյցները Նոր Գիւղի շրջանին մէջ կը գտնուին)։ Այսօրուան դրութեամբ Հալէպի մէջ կը գործեն հայկական 11 վարժարաներ աւելի քան 2000 աշակերտներով։ Բոլոր դպրոցներն ալ նախազգուշական միջոցներ ապահոված են, որպէսզի ռմբակոծման ժամանակ աշակերտներու անվտանգութիւնը ապահովեն։

Թէ զինեալները թիրախ կը դարձեն վարժարանները կտրականապէս չեմ կրնար հաստատել, սակայն երբ երկու ամսուան մէջ տասնեակ մը դպրոցներ կը ռմբակոծուին եւ աշակերտներ կը զոհուին, կրթական մշակներ եւ աշակերտներ կը վիրաւորուին, կ՛անդամահատուին, ապա այնքան ալ բացառուած չի դառնար դպրոցները թիրախ դարձնելու զինեալ ահաբեկիչներու նպատակը։

-Հալէպի մէջ ապահովական խնդիրէն բացի, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ ունիք։

-Ապահովականէն անդին Հալէպի միւս խնդիրները ծառայողական բնագաւառին կը վերաբերին։ Չորս ամիսէ ի վեր ելեկտրական հոսանքը կը շարունակէ անջատուած մնալ։ Ջուրի մատակարարման խնդիրը փառք Աստուծոյ մասամբ լուծուեցաւ։ Ամբողջ տարուան ընթացքին քանի մը շաբաթ միայն ջուրի խնդիր ունեցանք, երբ բանակը յարձակում գործեց զինեալներուն վրայ այն տարածքին մէջ, ուր ջրամատակարման կեդրոնը կը գտնուէր։ Համացանցի ծառայութիւնը շուրջ երկու տարուան մերթ անջատումէ եւ մերթ տկարութենէն ետք այսօր վերականգուած է եւ Հալէպ արագ համացանցի հնարաւորութիւն ունի։

Մեծ խնդիրը կը շարունակէ մնալ սղաճը, սուրիական թղթոսկին ամերիկեան տոլարին դիմաց անկում կրելու պատճառով ապրանքատեսակները արտասովոր սղաճ արձանագրեցին, թէեւ աշխատավարձերու յաւելում կատարուեցաւ, սակայն սաւառնող գնաճին հետ քայլ պահել կամ նոյնիսկ մօտիկ հեռաւորութեան վրայ մնալը կարելի չեղաւ։

-Վերջերս քննարկման առարկայ դարձաւ այն, որ հալէպահայերուն մեծ մասը կ՛ուզէ դուրս գալ քաղաքէն, բայց նիւթական դժուարութիւն ունի։ Ի՞նչ կ՛ըսէք ատոր մասին։

-Խաւ մը կայ որ չ՛ուզեր ելլել Հալէպէն, ոչ թէ իր նիւթական դժուարութեանց պատճառով, այլ՝ կառչած կը մնայ իր տունին, իր գաղութին եւ կը հաւատայ, որ ասիկա անցումային շրջան է եւ ինչքան ալ երկարի պատերազմը օր մը պիտի խաղաղի քաղաքը։ Այս խաւը պատկառելի թիւ մը կը կազմէ։ Կան հալէպահայեր, որոնք կ՛ուզեն դուրս գալ, բայց նիւթական կարողութիւն չունի։ Այսօր սակայն անոնք հնարաւորութիւն ունին դիմելու օժանդակող տարբեր կողմերու, ինչպէս ՀԱԼԷՊ Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան, որ իսկապէս շնորհակալ եւ առաքինի գործ կը ծաւալէ, արդարացնելով ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ անուանուելու իր կոչումը։ Իսկ խաւ մըն ալ կայ, որ սպասողական վիճակի մէջ է, տակաւին տոկալու կարողութիւն ունի, կը սիրէ քաղաքը եւ համայնքը, սակայն կ՛արտայայտուի, որ եթէ վիճակը տարի մը եւս չլաւանայ՝ դուրս պիտի գայ եւ կայք հաստատէ Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ, որպէսզի խաղաղելէ ետք վերադառնայ իր տունն ու տեղը։

Գանատա եւ Աւստրալիա գաղթը տակաւին կը շարունակուի, այսինքն ձուլումի վտանգը կրկին կը յայտնուի։ Մեր հայրենիքը իսկապէս հրաշալի երկիր է, եթէ Հալէպէն հեռացող հալէապահայերը բոլորը հաստատուէին Հայաստան մէջ հրաշալի կ՛ըլլար եւ պատերազմի այս արհաւիրքին մէջ դրական բան արձանագրուած կ՛ըլլար։ Սակայն ափսո՛ս։

-Հալէպ ուղղուած օժանդակութիւնները ինչպէ՞ս կը համակարգուին եւ կը բաժնուին։

-Գումարները կը բաժնուին Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինի ճամբով, որ բաղկացած է Հալէպի մէջ գործող բոլոր կողմերու ներկայացուցիչներէ (երեք համայնքապետներ, երեք կուսակցութիւններ, Հակական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ)։  Այս մարմինը ոչ միայն Հալէպի, այլ ամբողջ Սուրիոյ հայութիւնը կը ներակայացնէ։  Մեր հիմնական նուիրատու կողմը SARFն է, որ տագնապի առաջին օրերէն մեզի նեցուկ եղաւ, անոր կողքին ունինք Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մասնաճիւղերը։ Անշուշտ կան այլ օժանդակող կողմեր եւս։

Օժանդակութեան գումարները հիմնական չորս բնագաւառներու կը տրամադրուին՝ կենցաղային (առօրեայ կարիքներու, սնունդ թէ այլ), առողջապահական (վիրաւորներու բուժման եւ զոհերու յուղարկաւորութեան ծախսեր), բնակարանային (վնասուած բնակարաններու նորոգութեան) եւ կրթական (հայկական վարժարաններու օժանդակութիւն)։

ՍՇՕՎՄի հասած գումարները կը տրամադրուին Հալէպի, Դամասկոսի, Ճեզիրէի եւ Ծովափի շրջաններու կարիքաւոր հայորդիներուն։ Նշեալ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ կը գործէ Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեանը

27 Նոյեմբեր 2016, Երեւան