Հալէպի Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբը Տարեկան Իր Համերգով Առինքնեց Հանդիսատեսը


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը մասնակցութիւն բերելէ ետք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ երգչախումբերու փառատօնին, Մարտ 28ին, Հալէպի մէջ հանդէս եկաւ իր տարեկան համերգով:

Հալէպի «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս կը թեւածէր հայ մեծանուն երաժիշտներու ոգին:

«Զուարթնոց»ի համերգը կ՛ընդգրկէր Կոմիտասի եւ անոր աշակերտ՝ Բարսեղ Կանաչեանի գոհարները, Թաթուլ Ալթունեանի հայկական ժողովրդային երգերը, որոնց կողքին արաբական եւ ռուսական երգեր։

Աւելի քան չորս տասնամեակներու վաստակը ետին ձգած «Զուարթնոց»ը հանդէս կու գար փառաշուք համերգով, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Համերգի երկրորդ բաժինով երգչախումբին կը միանար նուագախումբը՝ ելոյթին տալով իւրայատուկ հնչեղութիւն եւ որակ:

Երգչախումբի շարքերուն մէջ քով-քովի կ՛երգէին ե՛ւ տասնամեակներու վաստակ ունեցող «Զուարթնոց»ականներ, ե՛ւ նորեկներ:

Հանդիսատեսը «Գութաներգ», «Մշոյ Գորանի», «Նանոր», «Եաման Եար», «Մոկաց Հարսներ» եւ հայկական հոգեպարար այլ երգեր ըմբոշխնելէ ետք ծափողջոյններով թնդացուց սրահը։