Հալէպի Մէջ Այսօր Մօտ 20 Հազար Հայ Կ´ապրի


ԵՐԵՒԱՆ․- Բերիոյ Հայոց թեմի տուեալներուն համաձայն` Հալէպի մէջ այս պահի դրութեամբ շուրջ 20 հազար հայ կ´ապրի:

Այս մասին Փետրուար 13ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան:

Անոր խօսքով`  Դամասկոսի մէջ կը բնակի 3000, Լաթաքիա, Քեսապի ծովափնեայ շրջաններուն մէջ` 3000-3500, Գամիշլիի`  3000, մնացած բնակավայրերուն մէջ` 3000-4000 սուրիահայ: «Այս թիւերը կայուն չեն եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ շարք մը գործօններէն մեկնած», ըսաւ Պապիկեան:

Ան  նշած է, որ Սուրիոյ բնակչութիւնը մինչ պատերազմը կը կազմէր 24.5 միլիոն, այժմ` 17-18 միլիոն: «7 միլիոնը կը համարուի ներքին տեղահանուած, 13.5 միլիոնը ունի մարդասիրական օգնութեան կարիք, որմէ 4.5 միլիոնը կը բնակի դժուար հասնելի վայրերուն կամ շրջափակման մէջ», աւելցուցած է ան:

Ան նշած է, որ կը շարունակուի սուրիահայութեան արտագաղթը դէպի Գանատա, Աւստրալիա, Հայաստան:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը շարունակեն աջակցութիւն ցուցաբերել այն սուրիահայերուն, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն գալ Հայաստան: Հալէպի մէջ կը շարունակէ գործել միակ հիւպատոսութիւնը, որ կը շարունակէ ամէնօրեայ կարգով տեղեկատուութիւն տրամադրել Հալէպի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: