Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Վերաօծումը Պիտի Կատարուի Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռամբ


 «Գանձասար»,- Մարտ 30ին Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր տաճարը՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին,  պիտի  վերաօծուի՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ի եւ հնադարեան սրբավայրը իր դռները լայնօրէն պիտի վերաբանայ հաւատացեալներուն առաջ։

Եկեղեցին, յատկապէս 2014էն սկսեալ` թիրախ դարձած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու սաստիկ հռթիռակոծումներուն:

Թէեւ եկեղեցւոյ ներքնամասը մեծ վնասներու չենթարկուեցաւ, սակայն տարածքը` գլխաւոր մուտքը, զանգակատունը, Առաջնորդարանը, «Զարեհեան» գանձատունը, Ազգ. կեդրոնական գրադարան, «Ն. Աղբալեան» սրահ, ՀԵԿԴ պրոցներու բաժինը, շրջափակը, մեծապէս վնասուեցան:

2016ի Դեկտեմբերին Հալէպի ազատագրութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի՝ Թեմի Ազգ. վարչութիւնը նախաձեռնեց եկեղեցւոյ տարածքի վերաշինութեան գործը, երբ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպի կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին յայտատարեց Սուրիոյ հայ համայնքի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի հարամայականը՝ վերընդգծելով Հալէպի եւ տեղւոյն հայ համայնքի գրաւած անփոխարինելի տեղն ու դերը հայութեան համայնական կեանքէն ներս:

Եկեղեցւոյ վերաշինութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հիմնական չորս բաժիններ: Ա ռաջին փուլով սկսան գլխաւոր մուտքի, զանգակատան եւ եկեղեցւոյ ներքնամասի վերաշինութեան ու նորոգութեան աշխատանքները: Սրբազան հօր անմիջական հսկողութեամբ ու ցուցմունքներով, Ազգ. վարչութեան եւ Շինարարական յանձնախումբին հետեւողական հետապնդումով, տարբեր կողմերու նուիրատուութիւններով ու հաւատացեալ ժողովուրդին սրտաբուխ մասնակցութեամբ, արդէն աւարտին հասած է առաջին փուլի ծրագիրը։